Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Բաց Նամակ` Միջդպրոցական Մրցանքներ Եւ Ձեռնարկներ Կազմակերպող Միութիւններու Եւ…

$
0
0

ԱՆԻ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ-ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Յարգելի՛ բարեկամներ,

Նախ` կը գիտակցինք եւ կը գնահատենք  այն  աշխատանքը, որ կամաւոր կերպով  կը  կատարէք` ի խնդիր հայկական մշակոյթի  տարածման ու քաջալերանքին: Նոյնպէս  շնորհակալութիւն կը յայտնենք ազնիւ  բարերարներուն, որոնք  նոյն  գիտակցութեամբ հաստատած են ֆոնտեր` նիւթապէս  գնահատելու համար մասնակից աշակերտը, հաւատալով, որ  ան աւելի քաջալերուած եւ նիւթական շահ  ապահովելու նկատառումով  աւելի լաւ կը  պատրաստուի մրցանքին (ներեցէք,  որ անվարան  ըսեմ, որ այդ մէկը երբեք ալ չիրականացաւ եւ, ինչպէս միշտ, լոկ ուսուցիչին  քաջալերանքը եւ մղումը իր արդիւնքը տուաւ):

Ամենամեծ շնորհակալութիւնը` հայոց լեզու, գրականութիւն, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ եւ հայերէն երգ սորվեցնող, մրցանքներու մասնակցող աշակերտները պատրաստելու  համար կամաւոր կերպով եւ ամիսներ շարունակ  իր զբօսանքները տրամադրող  գլխագիր  ՀԱՅ  ուսուցիչին, որ յաճախ շնորհակալական  խօսքի  մը իսկ չ՛արժանանար:

Սկսիմ ձեռնարկներէն: Այս  տարի, կարելի  է  ըսել,  ձեռնարկներ  կազմակերպելու մրցում մը կար: Եթէ ոչ երկշաբաթեայ դրութեամբ, գոնէ` երեք  շաբաթը անգամ մը: Կարգ մը միութիւններու  համար  ձեռնարկ կազմակերպել` կը նշանակէ` «Ես որոշեմ` թո՛ղ դպրոցները  իրագործեն, իսկ  ես  ալ տարեվերջին տեղեկագրիս էջերը կը լեցնեմ դպրոցներու  հաշուոյն իրագործուած ձեռնարկներով»: Երանի՜ միայն այդքանով բաւարարուին անոնք. յաճախ իրենց ձեռնարկը յաջողցնող  կամ քաջալերող  դպրոցները եւ  աշակերտները  իրենց ո՛չ ճշգրիտ եւ  ո՛չ  մանկավարժական  քննադատութիւններուն  թիրախ կը դարձնեն:

Օրինակ մը: «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի աշակերտական ելոյթին, երբ  յարգելի խմբավար պրն. Զաքար Քէշիշեան Կոմիտասի մասին  հարցում մը կը հարցնէ, 450 ներկայ աշակերտներէն  քանի  մը հոգի ձեռք  կը  բարձրացնէ, եւ երբ առաջին հարցումին մէկը կը  պատասխանէ, մէկ երկու հոգի ձեռքը վար  կ՛առնէ: Այս դէպքէն մեկնած` յարգելի խմբավարը «Կարկաչ»-ի ժողովրդային ելոյթի օրը   արտայայտած է իր մտահոգութիւնը`  դպրոցներու հայ երգի ուսուցման հանդէպ, աւելի՛ն, յայտարարելով, որ antivirus կայ մեր դպրոցներուն  մէջ Կոմիտասի հանդէպ: Անշուշտ երբ յարգուած  անձնաւորութիւն մը այսպիսի  յայտարարութիւն մը  կ՛ընէ (ի դէպ, «Վանայ  ձայն»-էն ալ նոյնպիսի յայտարարութիւն մը կատարած է պրն. Զաքարը), բնականաբար մտահոգութիւն կը յառաջացնէ  ունկնդիրներուն մէջ, որոնցմէ շատ յարգելի  պատուելի մը անցեալ շաբաթ յօդուած  մը  գրած  էր «Ազդակ» օրաթերթին մէջ: Նախ` կը  զարմանամ, քանի որ եթէ «Ազդակ»-ի ընթերցող  է,  ինչպէ՞ս Ազգային Եղիշէ  Մանուկեան քոլեճի ապրիլեան ձեռնարկներուն թղթակցութեան  մէջ  չէ  անդրադարձած, որ «Սիրան Մանուկեան» մանկապարտէզի ձեռնարկին թեման ամբողջութեամբ նուիրուած էր Կոմիտասի… հոս  նաեւ կը  զարմանամ, որ «Ազդակ» օրաթերթը վերապահութիւն չէր յայտնած  այդ յօդուածին  մէջ տեղ գտած մտահոգութիւններուն  հանդէպ,  երբ  ինք միշտ տեղ տուած է մեր  ձեռնարկներու  թղթակցութեան: Երկրորդ` հարցին կ՛ուզեմ  անդրադառնալ մանկավարժական մօտեցումով. բարեբախտաբար 450 աշակերտի թիւը  ճշդած  է  պրն. Զաքարը, բայց իսկապէ՞ս հաւատացած  է, որ  միայն քանի մը  հոգի գիտեն Կոմիտասի  մասին… միամտութիւն պիտի ըլլայ իմ կողմէս հաւատալ, որ  պրն. Զաքարը հաւատացած է: Բայց  ինչո՞ւ չմտածել, որ ո՞վ կամ  քանի՞ հոգի  համարձակութիւնը  պիտի ունենար 450 հոգիի  մէջ (որոնք իրենց դասընկերներն ալ չէին) խօսելու: Կեցցե՛ն այն աշակերտները, որոնք խօսեր են:

Յարգելի՛  պրն. Զաքար,

Դուն շա՜տ լաւ կը ճանչնաս մեր  վարժարաններուն երգի սքանչելի դասատուները,  վիրաւորելու փոխարէն` գնահատէ՛ զանոնք, որոնք ամէնօրեայ պայքարի մէջ են քեզի պէս  հայ  երգը սորվեցնելու եւ տարածելու մէջ, եւ բոլորին ալ  երգացանկին վրայ գլխագիր ներկայութիւն  է մեր մեծասքանչ Կոմիտասը: Մեր դպրոցները եթէ  երգի  կարեւորութիւնը  չգիտնային,  իրենց  աշակերտները այդ ձեռնարկին չէին ղրկեր, մեր  պարագային 4 դասապահ կորսնցուցին  մեր  աշակերտները, արդեօ՞ք աւելի լաւ կ՛ըլլար դպրոց  մնային եւ երգի ուսուցիչին  հետ անցընէին  այդ  պահերը` աւելիով ծանօթանալու Կոմիտասին, Կանաչեանին, Խաչատուրեանին…

Գանք մրցանքներուն: Վերջերս «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքի արդիւնքներու  յայտարարութիւնը եւ մրցանակաբաշխութիւնը, ինչպէս  նաեւ «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքի հայ լեզուի, գրականութեան, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ ասմունքի արդիւնքներն ու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցան: Երեւոյթը ուրախալի է եւ քաջալերելի: Աշակերտներուն  մասնակցութիւնը` նոյնպէս: Վստահ եմ` բոլոր դպրոցներու ուսուցիչները եւ  պատասխանատուները կը թելադրեն  իրենց աշակերտներուն, որ իրենց առաւելագոյնը  տան,  միշտ շեշտելով սակայն, որ մասնակցիլը ինքնին քաջութիւն եւ յաղթանակ  է:

Տարիներէ ի վեր կը դիմուի այս մրցանքներու  պատասխանատուներուն` խնդրելով իրենցմէ այն  չափանիշները, որոնցմով կը սրբագրուին այս  մրցանքները, երկրորդի պարագային աղաչած  ենք, որ նախքան հարցարաններուն  պատրաստութիւնը` դասատու ուսուցիչներու հետ հանդիպում մը կազմակերպել, որպէսզի  հասարակաց կէտերը գտնենք եւ ստեղծենք համահաւասար հարթակ մը, որուն հիման վրայ պատրաստուին աշակերտները:

Միշտ ալ  մերժուած  ենք: Հոս կարեւոր  է  նշել հետեւեալները.

Ա.- Բոլոր դպրոցները նոյն պահերու թիւը  եւ դասագիրքերը չունին:

Բ.- Բոլոր դպրոցներուն հայոց պատմութեան  եւ գրականութեան նիւթերը կ՛ամբողջանան աւարտական  դասարանին մէջ, իսկ լեզուի  տիրապետումը ենթադրաբար` 9-րդ դասարանի  մէջ: Որքա՞ն արդար է պետական քննութեան  պատրաստուող  աշակերտին ստիպել, որ այս  մրցանքներուն մասնակցի. անշուշտ  արդար չէ: Ճիշդ այս պատճառով ալ մեր աշակերտները 8-րդ  եւ 11-րդ դասարաններէն պիտի մասնակցին:

Գ.- Մրցանքի կարեւորագոյն պայմանը տարիքի,  ընդհանուր գիտութեան եւ զարգացման

նոյնութիւնն պէտք է ըլլայ:

Շա՜տ լաւ հասկնալով  հանդերձ կազմակերպողներուն կողմէ յաջորդ  տարուան  մրցանքներուն մասնակից դպրոցներ ապահովելու  մտահոգութիւնը եւ ըստ այնմ մրցանակները բազմաթիւ դպրոցներու վրայ տարածելու իրականութիւնը, գնահատելով դատական  կազմերու արդարադատութիւնը (որոնք մեզի հետ կ՛իմանան արդիւնքները)` կարեւորութեամբ կը շեշտեմ, որ յառաջիկային այս մրցանքներուն դպրեվանքներու յատուկ մրցանքներ կազմակերպել, որովհետեւ նախ դպրեվանքը  կաշկանդուած չէ պետական քննութիւններով: Երկրորդ` դպրեվանքի միջնակարգը չորս տարիներու վրայ կ՛երկարի, ինչ որ արդար չէ 8-րդ  դասարանի աշակերտներուն համար` մրցիլ 10-րդ դասարանի աշակերտներուն դէմ: Երրորդ` դպրեվանքի երկրորդականը դարձեալ չորս տարի է, ինչ որ համազօր է համալսարանի երկրորդ դասարանի (սովորական դպրոցները` 3 տարի միջնակարգ եւ 3 տարի երկրորդական` հաւասար է 6 տարուան, իսկ դպրեվանքի պարագային` 4 տարի միջնակարգ եւ 4 տարի երկրորդական` հաւասար է 8 տարուան), որ դարձեալ ցոյց  կու տայ, թէ անհաւասար մրցում է եւ ընդունելի  չէ: Տակաւին չեմ ըսեր, որ բնականաբար դպրեվանքի  մէջ  հայերէնը, հայոց պատմութիւնը, գրաբարը, մշակոյթը շատ աւելի իշխող ներկայութիւն են,  քան` մեր դպրոցներուն  մէջ, որոնք  պարտաւորութիւնը ունին պետական  ծրագիր  փոխանցելու` ի խնդիր աշակերտին  ապագային:

Արդար էր պրն. Դանիէլեանին ընդվզումը, երբ կ՛ըսէր, որ գրականութեան մրցանքին  մասնակիցներու թիւը նուազած է, ճիշդ  է. բայց  հիմնական պատճառը, բացի վերոյիշեալներէն, որոնք յաճախ յուսահատութեան կը տանին  մեր  աշակերտները, յարգելի՛ պարոն Դանիէլեան, դուք, որ չյուսահատեցաք պայքարելէ, հոսանքն ի վեր թիավարելէ, պատճառներէն գլխաւորն է` մեր կրթական պատասխանատուներու հիացումը  օտար վարժարաններու եւ անոնց նմանելու ցանկութիւնը վերածուելով յանձնուողական տրամաբանութեան եւ տրամադրութեան` ի վնաս հայագիտական նիւթերու, հակառակ  հրապարակային իրենց ելոյթներուն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles