Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Առանձնացած Յոբելեարը

$
0
0

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

29 մայիսին Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Մ. Աբեղեան»-ի անուան գրականութեան հիմնարկին մէջ կայացած Լեւոն Շանթին նուիրուած գիտաժողովի բացման Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանին խօսքը` ստորեւ:

Այս տարի, Աստուծոյ կամքով, Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակն է: Լեւոն Շանթի մասին խօսելով` Աստուծոյ խօսք ընել արդէն ինքնին սրբապղծութիւն է. ան անսրբագրելի անաստուած մըն էր. անոր հաւատքը վերապահուած էր բացառաբար մարդ էակին. անոր կամքին, անոր աշխատանքին, անոր տեւական վերելքին: Այսպէս, Լեւոն Շանթ իր կամքով ու որոշումով իր ծնունդը պաշտօնապէս տեղափոխած էր մէկ տարի ետք` 1870-ին. այդ թուականը, կ՛երեւի, աւելի հաճելի կը թուէր իրեն:

Այս տարուան յոբելեաններուն մէջ անոր արժանի տեղը, անտարակոյս, Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի կողքին էր: Պաշտօնապէս այդպէս չէ սակայն: Հետեւաբար շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէնութեան, որ ահաւասիկ Լեւոն Շանթի անունին արժանավայել նկատուող միջոցով կը պատուէ անոր յիշատակը: Յամենայն դէպս Լեւոն Շանթ յոբելեարը իր միւս հռչակաւոր գործընկերներէն առանձնացնողները մեծ անիրաւութիւն չեն գործած անոր հանդէպ: Իր ողջութեան Լեւոն Շանթ կտրուկ կերպով մերժած է իր անունին կապուող որեւէ յոբելենական հանդիսութիւն.

«Յոբելեա՞ն,- ըսած է ան,- ի՞նչ ընելու համար. հանդէս ու ճառ. յաւուր պատշաճի գովք ու ծափ® Օ՜, ո՛չ, ինծի համար չեն այդ բոլորը. զուր ժամավաճառութիւն: Ա՜յ, եթէ կ՛ուզէք իսկապէս գրչի մարդը պատուել եւ օգտակար գործ մը կատարած ըլլալ, որոշ գումար մը գոյացուցէք ամբողջական երկերս տպագրելու համար. լաւագոյն յոբելեանը ատիկա կ՛ըլլայ»:

Այս տեսանկիւնէն մենք այսօր Լեւոն Շանթ գովերգելու չենք հաւաքուած, այլ` կրկին աւելի հանգամանօրէն քննելու իր գործը կամ` աւելի խորքային կերպով ծանօթանալու անոր: Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկը պատրաստած եւ հրատարակած է Լեւոն Շանթի ամբողջական գործերը. ան ներկայիս տենդագին աշխատանքով կը պատրաստուի հրատարակելու Լեւոն Շանթի անզուգական ընկերոջ` Նիկոլ Աղբալեանի ամբողջական գործերը: Շանթի ոգին իր տարերքին մէջն է:

Տարագրութեան մէջ Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան շուրջ երկու տասնամեակ վարեցին Պէյրութի մէջ իրենց հիմնած Հայ ճեմարանը, որ կարեւոր դեր խաղաց սփիւռքահայ սերունդներու հայեցի կազմաւորման գործին մէջ: Իր ատենին զարմանալի կը թուէր այս երկու անհատականութիւններու գոյակցութիւնը նոյն երդիքին տակ: Այդ զարմանքը մեզի կը յայտնէ Սիմոն Վրացեան, որ երկուքը մօտէն ճանչցած է: Ան կը վկայէ.

«Ես չգիտեմ` մտերիմ, սրտակից ընկերներ ունէ՞ր Շանթը Հայաստանում: Նրա հոգու խորքը, առհասարակ, դժուար էր թափանցել: Մէկը կար, սակայն, որից անբաժան էր նա. Նիկոլ Աղբալեանը: Զարմանալի էր այս զոյգի մտերմութիւնը: Բնաւորութեամբ եւ խառնուածքով բոլորովին հակոտնեայ մարդիկ էին նրանք, երկու տարբեր բեւեռներ, բայց ի՜նչ ջերմութիւն կար նրանց յարաբերութիւնների մէջ: Ի՜նչ անկեղծ ընկերականութիւն: Երկուսի հետ էլ ես մօտիկ էի եւ չեմ յիշում մի դէպք` անհամաձայնութեան կամ վէճի: Ճիշդ է` տեղի տուողը միշտ Աղբալեանն էր լինում, բայց Շանթի բերանից էլ երբեք չեմ լսել դառն խօսք` Նիկոլին ուղղուած: Անբացատրելի մի կերպով բնութիւնը միացրել էր այդ երկու տարամերժ անհատականութիւնները` իբրեւ հոգեբանական տարօրինակ մի առեղծուած»:

Գրականութեան հիմնարկի աշխատանքներով երկուքը կրկին զիրար կը գտնեն: Անոնք տարագրութեան առաջին վայրկեանէն արդէն զգացին սփիւռքեան պայմաններու մէջ հայկական վարժարանի կարեւորութիւնը: Բաւական ատեն Համազգայինը հոմանիշ էր Ճեմարանի. չկար Համազգայինի կապուած այլ կառոյց: Ժամանակի ընթացքին մարմին ստացան կրթութեան ամրապնդման նպաստող օժանդակ այլ կառոյցներ` տպարան ու հրատարակչական, ինչպէս նաեւ` մշակութային գործունէութիւն ծաւալող միաւորներ. թատերախումբեր, պարախումբեր, երգչախումբեր: Համազգայինը ունեցաւ համահայկական կառոյց:

Սակայն միայն կառոյցը չէր, որ համահայկական էր: Համահայկական էր մանաւանդ աշխարհահայեացքը` շնորհիւ յատկապէս Լեւոն Շանթին: Իր անձը արդէն համահայկական տիպարի խորհրդանիշներէն էր. իր ծնունդով եւ նախնական պատրաստութեամբ արեւմտահայ, Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանէն ներս հետագայ իր կազմաւորումով, իր մտերիմներէն` Յովհաննէս Թումանեանի Վերնատան հանդիպումներուն իր գործօն մասնակցութեամբ արեւելահայ ընկերական լայն շրջանակի մը մէջ մուտք գործած Լեւոն Շանթ սփիւռքի մէջ իր անձի օրինակով եւ իր աշակերտներուն միջոցով սփռած ճառագայթումով որոշ չափով նպաստեց հայկական միասնական նկարագրի կերտումին: Այս ուղղութեամբ կրկին Ս. Վրացեանէն մէջբերելով`

«Նա (այսինքն` Լեւոն Շանթը, ՄՄ) վճռական կերպով մերժում էր «արեւմտահայ – արեւելահայ» հարցի գոյութեան իրաւունքը եւ գտնում էր վնասակար` նման հարցի արծարծումը: Ինչ որ մեր թշնամիները ստեղծել են մեր մէջ` առաջ բերելով բախումներ, պէտք չէ, որ մեր կողմից էլ օրինականացուի եւ խորացուի»:

Այս խօսքերը արտասանուած են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն: Այսօր հայութեան ներազգային աշխարհագրական բաժանումները տարածուած են երկրագունդով մէկ: Քաղաքակրթական-մշակութային տարբերութիւնները թէ՛ իրենց թիւով, թէ՛ իրենց այլազանութեամբ բնականաբար աւելի եւս կը դժուարացնեն համահայկական քիչ թէ շատ միատեսակ կերպարի մը ստեղծումը: Այս պարագան, գիտենք, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ոլորտէն ներս թափուող ճիգերու անհրաժեշտութիւնը աւելի եւս կը շեշտէ: Ասիկա՛ կը պահանջէ Լեւոն Շանթի պատգամը:

Կրկին ողջունելով ժողովականները` յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր աշխատանքներուն»:

Երեւան, 29 մայիս 2019

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>