Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Գիրքերու Աշխարհէն. Հայուն Եւ Քրիստոնեային Միաձուլումը` «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Որ Տեսայ» Հատորին Մէջ (Հեղինակ Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեան)

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քանի մը ամիսէ ի վեր սեղանիս նստած է ստուար հատոր մը` տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գիրքը (լոյս տեսած` 2018-ին, Համազգայինի հրատարակչատունէն, Պէյրութ, խմբագրութեամբ տոքթ. Արտա Ճէպէճեանի եւ հայրենի ծանօթ մտաւորական Սուրէն Դանիէլեանի ներածականով), որ հրատարակութեան օրերուն եւ յաջորդող շաբաթներուն արժանի արձագանգը գտաւ մեր մամուլին մէջ, տեղի ունեցան շնորհահանդէսներ եւ ներկայացման հաւաքներ: Հատորը կը համախմբէր 2011-2018 տարիներուն հեղինակին կողմէ թուղթին յանձնուած յօդուածներու, տպաւորութիւններու, այժմէական հարցերէ ու տագնապներէ բխող խորհրդածութիւններու եւ հայկական գաղութներէ հաւաքագրուած քաղուածքներու շարք մը` իբրեւ ուղղակի շարունակութիւն անոր առաջին հատորին, որ լոյս տեսած էր 2010-ին եւ ամփոփած` շուրջ 30 տարիներու վրայ կերտուած արձանագրութեանց արգասիքը:

Հոգ չէ թէ որոշ ուշացումով այստեղ կ՛ուզենք անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնել այս հատորը` մանաւանդ աչքի առջեւ ունենալով այն փաստը, որ տոքթ. Հ. Ճէպէճեան երթը կը շարունակէ մեր մամուլի էջերուն մէջ, եւ կը յուսանք, որ յաջորդ հատորը լոյս աշխարհ գալու համար նոյնքան չի սպասեր…

Հատորին արձագանգները ընդհանրապէս եղան դրական եւ ողջունող. պիտի փորձենք խուսափիլ կրկնութիւններէ եւ կանգ առնել կարգ մը յատկանիշներու վրայ, որոնք գրաւած են մեր ուշադրութիւնը եւ, կը կարծենք, կրնան տարբեր անկիւններէ լոյս սփռել հատորին ու հեղինակին վրայ:

Աւելի քան 130 խորագիր ընդգրկող հատորը ամէն բանէ առաջ ինքնակենսագրութիւն մըն է` հայկական տարբեր օճախներու եւ այժմէական սուր հարցերու մասին տեղեկութիւններ ու տպաւորութիւններ հաղորդելու կողքին: Հեղինակը ինքնակենսագրութիւն արձանագրելու մտադրութեամբ ճամբայ չէ ելած, սակայն կարդալով ամբողջութիւնը` կը տեսնենք, որ իր ամբողջութեանը մէջ անիկա անուղղակիօրէն կը պարզէ գրողին կեանքի պատմութիւնը: Ընթերցողը կը ծանօթանայ հեղինակի մը, որ մէջ ընդ մէջ կը պատմէ, թէ աշխատանքի բերումով ճամբորդող «թափառական» մը ըլլալէ առաջ, մանկութիւնը, պատանութիւնն ու երիտասարդութեան առաջին տարիները կերտած է Պէյրութի, Հալէպի, Քեսապի մէջ, եղած է Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտ ու աստուածաբանութեան ուսանող. ընթերցողը կը ծանօթանայ` հեղինակին ծնողներուն, հարազատներուն, դաստիարակներուն եւ պաշտօնակից-գործընկերներուն, յատկապէս` Ցեղասպանութենէն վերապրողներու փոխանցած պատգամին եւ ազդեցութեանց, տարրեր, որոնք հիմնական բաժին ունին ո՛չ միայն անոր իբրեւ մարդ արարածի, այլ նաեւ իբրեւ հայ քրիստոնեայի կերտումին մէջ. ան ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն երախտագիտութիւն կ՛արտայայտէ զինք ուղղորդողներուն` յաճախ անոնց վաստակէն պատառիկներ բաժնեկցելով ընթերցողին հետ. ու ընթերցողը իւրաքանչիւր խորագիրի տակ զարգացող գրութեան մէջ կը զգայ, որ այս հեղինակը կը քալէ երկու յենարան-ոտքերով, որոնցմէ մէկը կը կոչուի Հայ, երկրորդը` Քրիստոնեայ: Այս երկու արժէքներուն շուրջ է, որ կը ծաւալին այս հեղինակին եւ մտածող մարդուն միւս արժանիքները: Այս երկու յենարանները պիտի չդիտուին «նեղ» սահմաններու մէջ, այլ` լայն տարամագիծերով, հեռու` ազգայնամոլութեան կամ կրօնամոլութեան գործօններէ:

Աշխատանքին բերումով տոքթ. Հ. Ճէպէճեան «աշխարհը ոտքի տակ» առած է, Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ միջինարեւելեան երկիրներ, Հայաստան, Եւրոպա, Ափրիկէ ու Ամերիկաներ: Ան հետեւողականօրէն հետը պտտցուցած է աչքը, ականջն ու միտքը համադրող ոսպնեակը, որ նկարած ու արձանագրած է հայութեան կեանքը, սակայն նաեւ տարածուած է այլոց կեանքերուն վրայ եւս, անոնք ըլլան ափրիկեցի, ասիացի թէ այլ: Ան ունի մեծարենցեան անձնականութեան զգացում, տեսածն ու լսածը կը բաժնեկցի յաճախակի յօդուածներով եւ ահաւասիկ նաեւ` մնայուն հատորով մը: Եթէ ճամբորդող մը իր ուղին չկորսնցնելու համար կ՛ունենայ կողմնացոյց, որուն սլաքը միշտ հիւսիսը ցոյց կու տայ, այս հեղինակին կողմնացոյցն ալ ունի հայ քրիստոնեայի մը սլաքը, որ զինք ու ընթերցողը կ՛ուղղէ դէպի` արդարութիւն, ազգային ու մարդկային արժէքներ ու սկզբունքներ, գլխագիր բարոյականութիւն, իրաւունք եւ նման վեհ ապրումներ ու մտածումներ:

Բազմաթիւ խորագիրներու կ՛ընկերանան սուրբգրային կամ նշանաւոր մարդոցմէ մէջբերումներ` իբրեւ բնաբան կամ առաջնորդող մտածում` տուեալ նիւթին-հարցին արծարծման, քննարկման, վերլուծման: Սա արդիւնք է հաւատացեալ քրիստոնեայի իր կազմաւորումին. սակայն կայ նաեւ այլ գիծ մը, որ կ՛արժէ լուսարձակի տակ բերել: Այս յենարանը զինք դարձուցած է լաւատես եւ ապագան մի՛շտ յոյսով դիտող անձ. հայկական օճախներու տագնապներուն բաժնեկից է, այլ ժողովուրդներու զաւակներուն դիմագրաւած դժուարութեանց` կարեկից ու հաղորդակից, սակայն տրամադիր չէ կանգ առնելու եւ ընկրկելու դժուարութեանց ու խոչընդոտներու առջեւ, այլ ապագային կը նայի դրական տրամադրութիւններով, կը հաւատայ, որ Ցեղասպանութեան զոհ գացած եւ աշխարհացրիւ դարձած հայը, որքան ալ որ մեկուսացնող ու այլասերող ըլլան պայմանները, կառչած է ու պիտի մնայ իր ազգային աւանդներուն, իր սեփական ու հաւաքական կեանքին մէջ պիտի վերականգնէ զանոնք, ձեռքը պիտի միացնէ հայապահպանումի ու մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան, հետապնդման եւ իրականացման պայքարին, հայութենէ հեռացողը պիտի վերադառնայ եւ պիտի վերահաստատէ իր ինքնութիւնը, ինքնուրոյն դիմագիծը: Ան մինչեւ իսկ կէս, քառորդ հայուն մէջ կը տեսնէ, կ՛ուզէ տեսնել իր այս լաւատեսութիւնը իրականացնող փաստեր` բաժակին մէջի մինչեւ իսկ կաթիլ մը ջուրը արգասաբեր անձրեւի վերածուած տեսնելու անձկութեամբ:

Կը պատկանի սերունդի մը, որ Ցեղասպանութիւնը անմիջականօրէն չէ կրած իր մորթին վրայ, սակայն ընտանիքէն ու հարազատներէ ժառանգած է անոր դառնութիւններն ու բազմերես հետեւանքները, գիտէ, թէ ինք ու սերնդակիցները, նաեւ յաջորդ սերունդները կրողներն են այդ հետեւանքներուն ու նահատակներու կտակով մարմնաւորուած պատգամներուն:

Այս հատորը ունի նաեւ վաւերագրական արժէք: Եթէ աշխարհով մէկ տարածուած հայկական մեծ օճախներու կեանքն ու տագնապները որոշ չափով տեղ կը գտնեն հայութեան կեանքին մէջ` մամուլի եւ որոշ հրատարակութիւններու ճամբով, տոքթ. Հ. Ճէպէճեան լուսարձակի տակ կը բերէ մանր, ձեւով մը մեկուսացած եւ տեղեկատուական միջոցներէ զուրկ, հեռու ինկած գաղութներ, որոնք նոյն լաւատեսութեան տրամադրութիւններով կը ներկայանան հեղինակին գրիչին տակ: Տասնամեակներ առաջ Կարօ Գէորգեանի «Ամենուն տարեգիրքը» շարքի իւրաքանչիւր համարին մէջ լայն տեղ յատկացուած էր հայկական այս կամ այն գաղութին: Այստեղ նման յղացք ու տարածք չկայ գաղութներու ներկայացման մէջ, սակայն անպայման կայ անոնց մասին գրաւոր արձանագրութիւն մը, վաւերագրում մը կատարելու միտումը, որ կրնայ անպայման ծրագրուած չըլլալ, սակայն տիրական ներկայութիւն է: Եւ երբ կը խօսինք վաւերագրումի գործօնին մասին, պէտք է արձանագրել նաեւ, որ որոշ նիւթեր կ՛արձագանգեն իր ապրած ժամանակի քաղաքական ու համամարդկային հարցերու, մասնաւորաբար Հայաստանի ու Միջին Արեւելքի դէպքերուն, դառն զարգացումներուն: Ապրած է Լիբանանի տագնապին դառնութիւնները, հաղորդակից է Սուրիոյ եւ անոր հայկական օճախին ժամանակակից տառապանքներուն, կը տագնապի Հայաստանէն արտագաղթի հոսանքով, իրազեկ է իսլամներու դէմ ձեւաւորուած կարծրատիպերուն եւ, քրիստոնեայ մը ըլլալով հանդերձ, արդար եւ ուղղամիտ մօտեցումով հաղորդակից է, ընթերցողն ալ հաղորդակից կը դարձնէ միջկրօնական հանդուրժողականութեան, ժողովուրդներու եւ կրօններու միջեւ գործակցութեան դրական հորիզոններուն: Այս բոլորով հատորը ըստ բաւականին հում ատաղձ կը տրամադրէ հայութեան ու այլ այժմէական հարցեր եւ իրականութիւններ ուսումնասիրողին, կ՛ուրուագծէ այն բարդ համայնապատկերը, որ կը կոչուի հայկական աշխարհ` իր հայրենի եւ արտերկրի տարածքներով:

Այս հատորին թէ ընդհանրապէս իր լոյս ընծայած գրութիւններուն մէջ տոքթ. Հ. Ճէպէճեան ճամբայ չէ ելած գեղարուեստական գրականութիւն մշակելու նպատակով: Երբեմն գրիչը կը թաթխէ հռետորութեան կաղամարին մէջ` շեշտելու համար դրական ապագայի մը եւ բարեփոխուած աշխարհի մը մասին իր հաւատքն ու համոզումը, սակայն հատորին էջերը բոլորովին զուրկ չեն գեղարուեստի հրապոյրէն: Օրինակի համար, երբ կը յուշագրէ մանկութեան ու պատանութեան օրերէն հատուածներ, պատկերներ կը փոխանցէ Հալէպի հանրային պարտէզին մէջ բանտարկուած կապիկներէն, կամ` Քեսապի մէջ անցուցած օրերէն, ընթերցողը հաղորդակից կը դառնայ դառնանուշ զգացումներու, կը շնչէ գիւղին օդը, բոյրը եւ այդ ընելու համար պէտք չունի անպայման աչքէ անցընելու հատորին մէջ ընդգրկուած գեղանկարներու լուսանկարները, որոնք արդիւնք են իր հօրեղբօր` նշանաւոր ակնաբուժ Տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեանի վրձինին: Իսկ հօրեղբայրը միայն մէկն է այն սերունդէն, որ անջնջելի հետք թողած է այս գրողին կեանքին ու նկարագիրին վրայ:

Կարելի է շարունակել այս հատորին ու անոր հեղինակին այլ առանձնայատկութիւններուն նկարագրութիւնը, սակայն պէտք է ընթերցողին ալ բաժին ձգել` անձամբ հաղորդակից դառնալու հատորին բովանդակութեան: Կ՛ուզենք աւարտել հպանցիկ նկատողութեամբ մը. հակառակ բաւական խնամուած  ներկայացման, այս հատորն ալ դժբախտաբար զերծ չէ լեզուական ու նախատպագրական հոգածութեան թերութենէ (ի դէպ, այս ախտով վարակուած են մասնաւորաբար սփիւռքեան մեր գրեթէ բոլոր հրատարակիչները, հրատարակչատուները, մինչեւ իսկ անոնք, որոնք կոչուած են ըլլալու ախտազերծող ամրոցներ): Այս նկատողութիւնը կ՛արձանագրենք երկու հիմնական նկատառումով. նախ` գոհունակութեամբ կը հետեւինք այս հեղինակին գրիչին շարժումներուն, որոնք արտայայտութիւն կը գտնեն մեր մամուլին մէջ` նոյն մօտեցումով եւ նոյն ոսպնեակին գործածութեամբ, կը յուսանք, որ անոնք վաղը կը հաւաքագրուին նոր հատորի մը մէջ, յետոյ, ի խորոց սրտի կը մաղթենք, որ յառաջիկայի էջերը այս իմաստով արժանանան այն հոգածու եւ բծախնդիր խնամքին, որ ակներեւ է այս հատորին շարք մը  խորագիրներուն տակ, որոնք հեղինակին հաղորդական եւ անսեթեւեթ լեզուին հետ արժանիք մը կը յաւելուն հատորին:

Ապրիլ 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>