Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական եւ Միջին Արեւելքի բաժանմունքի պատասխանատու Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի երկու շաբթուան ընթացքին Պէյրութ կատարած երրորդ այցելութիւնը պարզ կը դարձնէ, որ Ուաշինկթընը Իսրայէլ-Լիբանան ծովային սահմանագծման գործընթացին համար լծուած է մագոգային դիւանագիտութեան:
Վիճելի ջրային տարածքը 860 քառ. քմ տարածութիւն է, որուն սահմանագծումը նախապայման է օգտագործման գործընթացը մեկնարկելու եւ ատոր իբրեւ նախապատրաստութիւն բանակցութիւններ վարելու ձեւաչափերն ու գործիքակազմերը ճշդելու:
Պէտք չէ մոռնանք, որ հիմնական բարդութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու չգոյութիւնն է. առաւել եւս պատերազմական նախադէպերը նկատի ունենալով` թշնամական յարաբերութիւններու ընդհանուր դրուածքը:
Առաջին հայեացքով, նման պարագաներու գործի կը լծուի միջնորդական առաքելութիւն: Իրաւականօրէն, նաեւ համոզիչ հիմնաւորումով, ՄԱԿ-ը, որ Կապոյտ գիծին վերահսկումով կ՛իրականացնէ խաղաղապահ առաքելութիւն, իրաւասու կը դառնայ նախաձեռնելու սահմանագծման նման աշխատանքներ:
Ուաշինկթընի ուղղակի ներգրաւուածութիւնը այս ծրագիրին եւ յատկապէս մագոգային դիւանագիտութեան նախաձեռնելով օրակարգին հրատապութիւն հաղորդելը կ՛ենթադրէ շահագրգռուածութեան որոշակի աստիճանաչափ մը:
Տրուած ըլլալով, որ մէկ կողմը նաեւ ամերիկեան հովանոցի պաշտպանուածութիւնը կրող Իսրայէլն է, առաւել եւս քաղաքականօրէն կ՛ըմբռնուի օրակարգի հրատապութիւնն ու անոր առաջին գիծ գալուն ամերիկեան վճռորոշումի երեւոյթը:
Ամերիկեան ուղերձները` ուղղուած Պէյրութին, միշտ նկատի ունեցած են Թել Աւիւի գործօնը: Օժանդակութիւններու նախապայմանային բնոյթէն մինչեւ քաղաքական պաշտօնական յայտարարութիւններ ենթաթեքսթերը հետեւողականօրէն իսրայէլեան ձեռագիրներու յուշումներ կատարած են:
Հիմա պարզ է կիրարկուածը. ցամաքային Կապոյտ գիծը կը վերահսկէ ՄԱԿ-ը: Թել Աւիւի դրսեւորած նախնական անհամաձայնութիւնը` միջնորդական իրաւարարութեան դերը վստահելու դարձեալ ՄԱԿ-ին, կը թուի, որ բանակցային խաղաթուղթ է: Այդ վերապահութիւնը մասամբ վերացուած է եւ լիբանանեան կողմին փոխանցուած, որ իսրայէլեան կողմը համաձայն է ՄԱԿ-ին նման դերակատարութիւն վստահելու. աւելի ճիշդ` ՄԱԿ-ը եւս ներգրաւելու: Սակայն այս եղանակով պարզ կը դառնայ, որ ծովային սահմանագծումի քաղաքական համաձայնութիւնը կը գոյանայ ամերիկեան միջնորդութեամբ, մնացեալ թեքնիք աշխատանքի իրականացումը կը վստահուի ՄԱԿ-ին:
Իրանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներու քաղաքականութեան հետեւանքային ալիքը կը հարուածէ նաեւ Լիբանանի ֆինանսատնտեսական դաշտը: Մինչ, ծովային պեղումներու մեկնարկը կրնայ նախանշել տնտեսական իրավիճակի բարելաւումի ընթացք մը: Մէկ կողմէ սեղմել, միւս կողմէ հեռանկար ցոյց տալ ամերիկեան հերթական մօտեցումը կը վերադրսեւորուի այս առիթին եւս:
Բանակցութիւններու մեկնարկը յարաբերութիւններու բնականոնացում ենթադրող քայլ է. անկախ Իսրայէլին ուժանիւթային նոր պաշարներու հայթայթման առաջադրանքէն, քաղաքական իմաստով նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման միտումով կրնայ բացատրուիլ Ուաշինկթընի դրսեւորած մագոգայնութիւնը:
Պաշտօնական Պէյրութի դիւանագիտական արձագանգումը այս հրատապութեան, կը բխի համալիբանանեան քաղաքական շահերէն: Պէյրութը սահմանագծումը կ՛ընկալէ համընդգրկուն հասկացողութեամբ. այսինքն` ոչ միայն ծովային, այլ նաեւ ցամաքային սահմանագծումի հրամայականով: Ահա այստեղ կը դրուին Մազարեհ Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի տարածքային խնդիրները:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականը կը յայտարարէր, թէ Թել Աւիւը կ՛ընդառաջէ Պէյրութի երկու պահանջներուն: Բանակցութիւններուն ՄԱԿ-ի ներգրաւուածութեան եւ ծովային սահմանագծումին մէջ ներառելու նաեւ ցամաքայինը:
Կը թուի, որ բանակցային գործընթացի նոր փուլ կը թեւակոխէ Պէյրութ-Թել Աւիւ հակամարտութիւնը: Առ այս պահը ամերիկացի նախագահը, ի տարբերութիւն Կոլանի, չէ յայտարարած լիբանանեան տարածքներուն վրայ իսրայէլեան գերիշխանութիւնը:
«Ա.»