ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Վերջին տարիներուն եւ ամիսներուն արաբական երկիրները կ՛ազատագրուին թրքական կառավարութեան քաղաքական լկտի ազդեցութենէն եւ կը սկսին ազնիւ դիրքորոշում ցուցաբերել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ:
Արաբական կառավարութիւնները, հակառակ իրենց երբեմնի համակրանքին եւ աջակցութեան` Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու նկատմամբ, որոնք ապաստան փնտռած էին Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ, դժկամութեամբ կ՛ընդունէին Հայոց ցեղասպանութիւնը` Թուրքիոյ հետ իսլամական միեւնոյն հաւատքը բաժնեկցելու պատճառով:
Արաբական առաջին երկիրը, որ կոտրեց Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ճանաչման գծով թրքական շրջափակման կապանքները, Լիբանանն էր: 3 ապրիլ 1997-ին, Լիբանանի խորհրդարանը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ: Լիբանանի խորհրդարանը երկրորդ բանաձեւ մը ընդունեց 11 մայիս 2000-ին` յայտարարելով, որ` «Կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը եւ իր լիակատար համերաշխութիւնը կը յայտնէ իր քաղաքացիներու պահանջներուն»:
Այդ ժամանակէն ի վեր Սուրիոյ նախագահը եւ խորհրդարանի տարբեր անդամներ քանի մը անգամ խօսած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, սակայն տակաւին խորհրդարանական պաշտօնական բանաձեւ մը չեն ընդունած` եղելութիւնը ճանչնալով իբրեւ ցեղասպանութիւն:
Համանման քայլեր նետուած են Եգիպտոսի մէջ, ուր դատական հայց ներկայացուած է Թուրքիոյ դէմ` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Սակայն Եգիպտոսի խորհրդարանը պաշտօնական բանաձեւ չէ ընդունած:
Մարտ ամսուան ընթացքին Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը, որ կը փորձէ տապալել Լիպիոյ կեդրոնական վարչակարգը, յայտարարութիւն տարածած է` ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սա լրիւ անակնկալ քայլ էր, քանի որ Լիպիոյ մէջ հայկական համայնք գոյութիւն չունի:
Լուրեր կան, որ արաբական ուրիշ երկիր մը կը փափաքի ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն ես կը նախընտրեմ չհրապարակել այդ երկրին անունը` թրքական կառավարութեան չտեղեկացնելու եւ անոր կողմէ լոպիինկի իրականացում թոյլ չտալու համար:
Վերջերս, 25 ապրիլ 2019-ին, անսպասելի ճանաչում մը կատարուեցաւ, երբ Արաբաեւամերիկեան խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը (ADC) իր պաշտօնական առաջին յայտարարութիւնը ըրաւ` ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ըստ իր կայքէջին, «ADC-ն իրաւապաշտպան քաղաքացիական կազմակերպութիւն է, որ կոչուած է պաշտպանելու արաբական ծագում ունեցող մարդոց իրաւունքները եւ խրախուսելու անոնց մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը: ADC-ն հիմնուած է 1980-ին, Միացեալ Նահանգներու նախկին ծերակուտական Ճէյմզ Ապուրեզքի կողմէ: Ներկայիս, ADC-ն արաբաեւամերիկեան հասարակական ամէնէն մեծ կազմակերպութիւնն է Միացեալ Նահանգներու մէջ: ADC կը պաշտպանէ բոլոր մարդոց մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները եւ հանդէս կու գայ ցեղապաշտութեան եւ մոլեռանդութեան որեւէ տեսակի դէմ»:
Ահա` ADC-ի համակրական յայտարարութեան ամբողջական գրութիւնը. «Աւելի քան 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը համակարգուած ձեւով կոտորած է1,5 միլիոն հայեր եւ հայ ժողովուրդը բռնի տեղահանած իր պատմական հայրենիքէն: Այսօր մենք կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կ՛ոգեկոչենք բոլոր անոնք, որոնք կորսնցուցին իրենց կեանքն ու տուները: ADC իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին: 1915-1918 տեղի ունեցած համակարգուած կոտորածներէն ետք, բազմաթիւ հայ փրկուածներ փախան մօտակայ արաբական երկիրներ` ապաստան փնտռելու, իսկ յետոյ նոր տուներ կառուցելու համար: Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը արաբական երկիրներու մէջ ստեղծած է ծաղկուն համայնքներ, յատկապէս` Արգասաբեր մահիկին Բարեբեր Մահիկի մէջ: Հայկական համայնքը եղած է արաբական հասարակութեան անբաժանելի մասնիկը` դարեր շարունակ գոյութիւն ունենալով Պաղեստինի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: Նշելով մեր բարոյական արատը մեր համաշխարհային հասարակութեան մէջ` ADC ուս-ուսի կանգնած է մեր հայ քոյրերու եւ եղբայրներու կողքին: Մեր համայնքները շատ լաւ գիտեն համակարգուած թալանի եւ ճնշումներու գինը, եւ մենք միասին պիտի շարունակենք պաշտպանել անարդարութեան եւ հալածանքներու դիմաց կանգնածները»:
Համոզուած եմ, որ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը շնորհակալ է ADC-ի` իր կարեկցական դիրքորոշման համար: Ի պատասխան ADC-ի ուղարկած իմ նամակին` ADC-ի իրաւական եւ քաղաքական հարցերով տնօրէն Ապըտ Այուպ գրեց, որ առաջին անգամ է, որ ADC պաշտօնական յայտարարութիւն տարածած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Իմ հարցումին, թէ ի՞նչ բան դրդեց ADC-ն` այս տարի հանդէս գալու նման յայտարարութեամբ, Այուպ պատասխանեց. «Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին մենք երիտասարդ հայ-ամերիկացիներու հետ աշխատելու պատիւը ունեցանք այն հարցերու մասին, որոնք կ՛ազդեն մեր բոլորին վրայ, եւ այդ յարաբերութիւններուն իբրեւ արդիւնք` մենք սկսանք ուսումնասիրել յայտարարութեամբ հանդէս գալու գաղափարը` ի նշան զօրակցութեան: Աւելի՛ն. մեր անդամներէն շատեր արմատներով կապուած են համայնքին: Վերջապէս, ամբողջ աշխարհի մէջ ատելութեան եւ մոլեռանդութեան աճին զուգընթաց, կը զգանք, որ ներկայիս կարեւոր է յայտարարութեամբ մը հանդէս գալը»:
Իմ հարցումիս, թէ ADC արդեօք կը նախատեսէ՞ այսպիսի յայտարարութեամբ մը հանդէս գալ յառաջիկայ ապրիլ 24-ին, Այուպ դրական պատասխան տուաւ:
Ես նաեւ հարցուցի Այուպի, թէ ADC որեւէ քննադատութիւն ստացա՞ծ է արդեօք թրքական կառավարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու թրքական կամ իսլամական խումբերու կողմէ իր յայտարարութեան համար, ան պատասխանեց, որ ADC որեւէ այդպիսի քննադատութիւն չէ ստացած: Սակայն` «Մեր անդամները լիովին աջակցած են այս յայտարարութեան»:
Ի վերջոյ, երբ ես հարցուցի, թէ ADC ի՞նչ կը մտածէ Թրամփի` Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելէ հրաժարելուն մասին, Այուպ պատասխանեց. «Նախագահ Թրամփի ըրածներուն մեծ մասը մտահոգութեան տեղիք կու տայ, սակայն «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործման մերժումը համահունչ է նախորդ վարչակազմերուն: Այս եզրը օգտագործելու անկարողութիւնը` անկարողութիւն է ճանչնալու միլիոնաւոր անմեղ մարդոց հասցուած ցաւն ու տառապանքը»:
Բնականաբար ես կ՛ողջունեմ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ADC-ի յայտարարութիւնը եւ Այուպի պատասխանները իմ հարցումներուն: Կ՛առաջարկեմ հայկական կազմակերպութիւններուն` ADC-ի յայտարարութիւնը յղել Ուաշինկթընի մէջ արաբական բոլոր երկիրներու դեսպանատուները` խնդրելով անոնցմէ կոչ ընել իրենց կառավարութիւններուն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ