Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Վրիժառու Թեհլիրեանը Ժընեւի Իրաւաբանական Համալսարանի Դասանիւթ

$
0
0

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Ցեղասպանութեան թեման` որպէս դասանիւթ, իր ծրագրին մէջ ներարած է Ժընեւի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը, որուն դասախօսներէն է դոկտ. Սեւան Կարիպեանը:

Զարտուղի Դատավարութիւններ Des  procès peu ordinaires  ծրագրի շարքին երրորդը հինգշաբթի,  2 մայիսի երեկոյեան LA VENGEANCE DES ARMENIÉNS – LE PROCÈS TEHLIRIAN, ՀԱՅՈՑ  ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ – ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ժապաւէնի ցուցադրութիւնն էր Իրաւաբանական համալսարանի ուսանողութեան եւ հրաւիրուած հանրութեան շուրջ 250 հոգի, դասասրահի աթոռները բաւարար չէին. ոմանք ոտքի, ուրիշներ աստիճաններուն նստած` հետեւեցան 55 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական ժապաւէնին, որ կարելի է դիտել նաեւ համացանցի միջոցով: Ֆրանսեւգերմանական Arte կայանին, որ ծանօթ է իր պատմական նիւթերու ուսումնասիրութեամբ, 2015-ին` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով պատրաստած այս ծրագիրը կ՛անդրադառնայ Հայկական «ՆԵՄԵՍԻՍ»-ին, հոն կը յիշատակուի, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 9-րդ ընդհանուր ժողովին որոշումն էր, գումարուած` 1919 թուականին, անկախ Հայաստանի մէջ: Թեհլիրեանի ահաբեկչական գործողութեան ընթացքին եւ դատավարութեան զուգահեռ, հանդէս կու գան իրենց տեսակետները եւ լուսաբանութիւնները ներկայացնողներ` աշխարհաքաղաքագէտ Ժերար Չալիանտը, ընկերաբան Թեսա Հոֆմանը, պատմաբաններ Քլեր Մուրատեանը, Ռէյմոն Գէորգեանը եւ  Թաներ Աքչամը որուն ուշագրաւ արտայայտութիւններէն էր, որ Ցեղասպանութիւնը Փինոքիոյին քիթին կը նմանի, որ Թուրքիան կ՛ուզէ պահել, արարք մը, որ իր մեղսակցութեամբ  գործադրուեցաւ նաեւ այլ ժողովուրդներու քիւրտերու եւ չեչեններուն ձեռամբ:

Ձեռնարկի երկրորդ բաժինով առիթ տրուեցաւ ներկաներուն` հարցումներ ուղղելու եւ տեսակետներ ներկայացնելու, որոնց պատասխանները եւ մեկնաբանութիւնները կատարեցին Ժընեւի համալսարանի  իրաւաբանական բաժանմունքի դասախօս Սեւան Կարիպեանը եւ հայագիտական ամպիոնի վարիչ դասախօս Վալենթինա Գալզոլարի Պուվիերը, որ քաջածանօթ է Հայ գրականութեան, ան յիշատակեց  Ցեղասպանութեան մասին մշակուած Հայ գրականութիւնը: Այս առիթով տեղեկացուց նաեւ, որ հայագիտական ամպիոնի աշնանային լսարանի ծրագիրի նիւթը Ցեղասպանութիւնն թեման է հայ գրականութեան մէջ:

Ձեռնարկը հասած էր մեզի համար կարեւորագոյն յաղթանակին. կողքիս նստած օտարազգի մանկամարդ ուսանողուհիին աչքերը խոնաւցած էին: Ապագայ իրաւագէտները արդէն ծանօթացան  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին:

Ժընեւ        


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>