Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ակնարկ. Հրամայական Են Արտախորհրդարանական Հակակշռումի Գործողութիւնները

$
0
0

Երէկուան հանրահաւաքը, ըստ էութեան, զուտ պետական դիտանկիւնէ ` անհրաժեշտ գործողութիւն էր երկրին մէջ կառուցողական ընդդիմութեան բանաձեւ ձեւաւորելու ուղղութեամբ:

Կայուն մեծամասնութեամբ գոյացած խորհրդարանով, միակուսակցականութեամբ ընդգծուած կառավարութեամբ եւ այժմ զտման գործընթացէ անցնելու նախաշեմին գտնուող դատական համակարգով ղեկավարուող երկրին մէջ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի:

Գործող սահմանադրութիւնը ընդդիմութեան չափաբաժինները, իրաւասութիւններն ու լիազօրութիւնները ընդլայնելով խորքին մէջ կը միտէր  հակակշիռ գործիքակազմը հաստատութենական հիմունքի վրայ տեղադրել: Հակակշիռ թէ՛ ներխորհրդարանական քննարկումներու ու որոշումներու եւ թէ՛ գործադիր-օրէնսդիր իրողական-իրաւական  հաշուետուութեան յարաբերակցութիւն յառաջացնելով:

Ժողովրդային շարժման անմիջականութեան մէջ ձեւաւորուած խորհրդարանն ու կառավարութիւնը հեռու են սահմանադրական առաջադրանքը իրականացնելու կարելիութենէն: Յամենայնդէպս, միշտ չէ, որ ժողովրդային շարժման ազդեցութեան ներքեւ պիտի ձեւաւորուին հետագայ Ազգային ժողովներն ու անոնց հիման վրայ կազմուելիք կառավարութիւնները:

Բացառիկ այս իրավիճակին մէջ աւելի քան անհրաժեշտ է ուրեմն ձեւաւորել այնպիսի միջավայրեր, ուր հնչէ քննադատութիւնը, ուր սխալները ուղղելու բարձրաձայնումները ժողովրդային հնչեղութիւն ստանան կամ աւելի քաղաքագիտական բանաձեւումով` աշխատի կառուցողական ընդդիմութիւնը:

Հանրահաւաքային նոր մշակոյթի ներկայացման առիթներու ստեղծումը ուրեմն այս պարագային կը բխի պետական շահերէ եւ ըստ էութեան կը սատարեն սահմանադրական հակակշռումի գործառոյթներուն. թէկուզ արտախորհրդարանական հարթակներու վրայ:

Մշակոյթի մասին է խօսքը, ուր տիրապետող չէր ժողովրդահաճոյութիւնը եւ ատոր ապահովման համար ի գործ դրուող կիրքը, սպառնալիքի կոպիտ ոճը: Ոլորտային մասնագիտական աշխատանքի հանրայնացման եղանակն էր, որ կը կիրարկուէր Ազատութեան հրապարակին վրայ: Կ՛աշխատէր քննադատել, նոր ուղի մատնացոյց ընել, այլընտրանք ներկայացնել մեթոտաբանութիւնը, որ համոզիչ էր իբրեւ կառուցողական ընդդիմութիւն:

Հաւանաբար աննկատ չէր անցած որդեգրուած քաղաքակիրթ այս եղանակը. Ազգային ժողովի փոխնախագահը արձագանգելով Դաշնակցութեան կազմակերպած հանրահաւաքին, զայն կ՛ողջունէր եւ կը գնահատէր իբրեւ քաղաքական բնականոն գործընթաց:

Երբ քննադատութեան կ՛ընկերակցի այլընտրանքի տրամադրումը, ապա քննադատուողը կամ այս պարագային գործող մեծամասնութիւնը պարտի անպայման հաշուի նստիլ իրեն ներկայացուող առաջարկներուն հետ:

Քաղաքակիրթ աշխատելաոճի, կառուցողական քննադատութեան կամ հակակշիռ ու այլընտրանք ստեղծող արտախորհրդարանական այս աշխատակարգը առանցքային դեր ու նշանակութիւն պէտք է ունենայ ընկերային ցանցերու վրայ հանրային քննարկումներու ձեռնարկող վիրթուալ հասարակութեան համար: Օգտագործուող այս ոճին հակոտնեայ ըսելաձեւերով, մեղադրանքներով եւ անհիմն զրպարտութիւններով նիւթերու արտադրանքը ո՛չ միայն չեն նպաստեր ժողովրդավարացման միջոցներու խիստ կարիքը ունեցող գործող մեծամասնութեան, այլ ընդհանրապէս ամբողջ պետութեան եւ քաղաքացիական հասարակարգի կայացման:

Ազգային ժողով-Ազատութեան հրապարակ անուղղակի երկխօսութիւնը կը յաջողի՞ լրացնել ստեղծուած սահմանադրական բացը` հակակշիռ հաստատութիւններու աշխուժ աշխատելու առումով: Ներկայ պայմաններուն մէջ  այդ բացը լրացնելը կախեալ է գործող մեծամասնութեան կամքէն:

Բացառապէս պետական դիտանկիւնէ` հրամայական են արտախորհրդարանական հակակշռումի գործողութիւնները:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>