Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Յարգանք Ու Սէր Բոլորին…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

«Ազդակ»-ի 9 մայիսի թիւին մէջ ունէի յօդուած մը` ապրիլ 24-ին Պուրճ Համուտէն դէպի Անթիլիաս ուղղուող քսան հազար լիբանանահայերու մասին, երբ ամէն հայ գործատէր, փակելով իր գործատեղին, պարտաւորութիւնը զգացած էր բարձրաձայն արտայայտելու 1,5 միլիոն զոհ խլած  Եղեռնի իր ցաւը եւ պահանջատիրութիւնը: Այո՛, հոն յիշած էի, որ այդ քայլարշաւի ճամբուն վրայ կար հայկական մէկ հաստատութիւն, որ իր եկամուտի դռները բաց պահած էր: «Ազդակ»-ի 17 մայիսի համարին մէջ կարդացի Յ. Պալեանի յօդուածը, որ կ՛ըսէր, թէ 24 ապրիլին, երբ Հայաստանի հայերը իրենց կարգին յարգելով նահատակներուն յիշատակը եւ օրուան խորհուրդը` ամբողջ հայութիւնը գործադուլի մէջ` կ՛ուղղուի դէպի Ծիծեռնակաբերդ, ու ան նոյնիսկ իր վերնագիրին մէջ կը յիշէ, թէ այդ օր «Յասմիկին կրպակը բաց էր, կը վաճառէր ջերմուկ, կոլա եւ հաց»… հոս տարօրինակ զգացում մը կարծես կը խոցէր զիս…  Յակոբ Պալեան Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանի 7-րդ դասարանի հայերէնի ուսուցիչս էր ու կարծես ան իմ 9 մայիսի յօդուածը կարդալէ ետք ինծի կը թելադրէր «… այդ հայուն բաց գործատեղին ի՞նչ կը կոչուէր, ի՞նչ կը ծախէր, ի՞նչ գործով կը զբաղէր…»: Ուսուցիչը աշակերտին թելադրութիւններ կ՛ընէ՞ր…

Այս դէպքը զիս կը տանէր քանի մը տասնեակ տարի ետ` մանրամասնօրէն յիշելու եւ վերապրելու «Երազային Հալէպը»…

Քարէն Եփփէ ճեմարանի այդ տարին, ես ու ընկերներս` թեւակոխած պատանեկութեան փուլը, ունինք անմոռանալի մեր յիշատակները: Մեր սիրելի դասընկերներէն Րաֆֆին` «քնացած Րաֆֆին» միշտ գլուխը կախ ու աչքերը գրեթէ փակ` սակայն, ուղեղը միշտ արթուն եւ ուսուցիչներուն հարցումներուն միշտ ճշգրիտ պատասխանը պատրաստ, հայերէնի պահու մը պրն. Պալեանին հարց տուաւ. «Պարո՛ն, կ՛ըսէք հայերէնը ճոխ եւ հարուստ լեզու է, «քա…» բառին քանի՞ հոմանիշ կրնանք տալ»… հոս պրն. Պալեանը պահ մը տատամսեցաւ, բայց տուաւ խուսափողական իր պատասխանը` «Այդ հարցումին Պետիկը կը պատասխանէ…», ու ես, որ այդ տարիներուն հայերէն բառարանը ըրած էի իմ ազատ ժամերու գլխաւոր զբաղումը,  անմիջապէս ոտքի ելայ ու ինքնավստահ ժպիտով տուի եօթը հոմանիշ:

Անմոռանալի են  դպրոցական տարիները, մանաւանդ երբ ունինք ուսուցիչներ, որոնք եղած են իսկական մշակներ: Նախակրթարանի այդ մշակներէն անմոռանալի է Գէորգ Գանտահարեանը, որ իր յաւիտենական ժպիտով մեզ դաստիարակած է` առանց երբեք օր մը մեզմէ մէկը սաստելու… Մեզի հետ իր յարաբերութիւնը մեզ կը պահէր հնազանդ աշակերտի սահմաններուն մէջ:

Դարձեալ Հայկազեան նախակրթարանի մեր ազնիւ ու հոգեբան մշակներէն էր Եդուարդ Բատոյեանը, որուն հետ իմ յարաբերութիւնս շարունակուեցաւ մինչեւ Ճեմարանի տարիներ:

Այս շարքին չորրորդ դասարանի հայերէնի մեր ուսուցիչը` Մկրտիչ Մկրտիչեան կրնամ ըսել, որ ուսուցման իր ոճով մեզ աւելի կապեց հայոց  լեզուին ու դարձաւ իսկական ուղեցոյց մը: Պարոն Մկրտիչեանը ընդհանրապէս մեզ ազատ կը ձգէր` ընտրելու շարադրութեան նիւթերը, սակայն օր մը, երբ տղոցմէ մէկը գանգատեցաւ, պարոն Մկրտիչեանը ուղիղ կեցած դասարանին մէջտեղ` ըսաւ. «Այսօրուան շարադրութեան նիւթը` իմ բաճկոնիս կոճակն է»… Բոլորս շշմած էինք, ու գանգատող տղան զղջացած իր առարկութենէն`  խնդրեց վերադառնալ ազատ նիւթին, սակայն պարոնը մնաց անդրդուելի: Այդ գիշեր աչքերուս դիմաց տեսանելի էր միայն պարոնին բաճկոնին սրճագոյն երանգաւոր կոճակը, եւ նկարագրութիւնս գրաւեց աւելի քան երկու էջ:

Յաջորդ օր պարոն Մկրտիչը յայտարարեց, որ այդ պարզ կոճակին մէջ այնքան  մանրամասնութիւններ տեսած էի, որ նոյնիսկ ինք հիացած էր իր կոճակին գեղեցկութեան վրայ…:

Փիլիպոս Դերձակեանը իր խիստ ու նոյնիսկ խոժոռ դէմքով մեզի համար գործնականին մէջ դպրոց էր, տնօրէն էր, մինչ այնքան ազնիւ ու միշտ ժպտուն, հաճելի արտայայտութեամբ Արմէն Անուշը ի պաշտօնէ թէ՛ մեր տնօրէնն էր եւ թէ՛ հայոց պատմութեան ուսուցիչը, որ կը դասաւանդէր իր իսկ պատրաստած դասագիրքով. իր թելադրութիւնն էր` հայը միշտ ունենալ նախապատիւ, ու կ՛ըսէր. «Ցնցոտիներով հայ տղան շատ աւելի սիրելի է մեզի համար, քան` մաքուր ու կոկիկ հագուած օտար տղեկը». եւ մեզ ուղղեց ու դաստիարակեց այդ հիման վրայ:

Այդ օրերը կան ու կը մնան անմոռանալի ու միշտ թարմ` իմ յիշատակարանիս մէջ շնորհիւ մեր այնքան ազնիւ, հայ աշակերտին վրայ այնքան գուրգուրացող ու իր առաքելութեան ամբողջ սրտով նուիրուած ուսուցիչով:

Յարգա՛նք ու պատիւ` բոլոր հայ ուսուցիչներուն:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>