Ծննդեան 95-ամեակ
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին գրասենեակը Դիմատետրի էջին վրայ տեղադրած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի խօսքը՝ Ազնաւուրի 95-ամեակին առիթով.-
Դուն միշտ մեզի հետ ես, սիրելի Շարլ, քու ժողովուրդիդ, քու Հայաստան եւ Ֆրանսա՝ երկու հայրենիքներուդ հետ…»։
Շարլ Ազնաւուրի Մանկութեան Տան Պատին Յուշաքար Տեղադրուած Է Փարիզի Մէջ
20 մայիս 2019-ին Փարիզի 6-րդ շրջանի Մըսիէօ լը փրենս 36 հասցէին վրայ գտնուող Շարլ Ազնաւուրի մանկութեան տան պատին յուշաքար տեղադրուած է: Փարիզ ժամանելէ ետք այդ տան մէջ բնակութիւն հաստատած են Ազնաւուրեանները, ու հոն հասակ առած է Շարլ Ազնաւուր: Ազնաւուրի հարազատ ընտանիքին կողքին, յուշաքարի բացման արարողութեան ներկայ էին Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, բազմաթիւ աստղեր ու այլ հիւրեր:
Նախքան յուշաքարին բացումը` «Ազնաւուր հիմնադրամ»-ը յայտարարած է. «Այսօր, Շարլ Ազնաւուրի 95-րդ տարեդարձի նախօրէին, Փարիզի մէջ ամէնուրեք կը հնչեն ազնաւուրեան երգեր, ամէնուրեք կը յիշուի մեծ արուեստագետը»:
Այս առիթով «Ազնաւուր հիմնադրամ»-ը Դիմատետրի իր էջով յայտարարած է.«Ազնաւուրի ծննդեան 95-ամեակին առիթով, Փարիզի քաղաքապետարանի եւ «Ազնաւուր հիմնադրամ»-ի համագործակցութեամբ, յուշաքար տեղադրուած է այն տան պատին, ուր առաջին անգամ հաստատուած էին Ազնաւուրեանները, ուր Շարլ Ազնաւուր անցուցած է իր մանկութիւնը»:
Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, որ ներկայ էր յուշաքարի բացման արարողութեան, Դիմատետրի իր էջով յայտնած է, որ յուշաքարի բացման արարողութիւնը ֆրանսացիներու յարգանքի տուրքն է հանճարեղ բանաստեղծի յիշատակին:
Ա. Իտալկօ գրած է. «Փարիզը, որ ականատես եղած է Շարլ Ազնաւուրի մեծ տաղանդին, այսօր իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ անոր: Ան մեր քաղաքի փոքրիկ երեխան էր, որ կը սիրէր բոլորը. ան կը ժամանէր օտար երկիրներէ եւ իրեն հետ կը բերէր իր հարստութիւնները, առատաձեռնութիւնն ու պարզութիւնը` մեզի հետ փոխանակելու համար: Սա յարգանքի տուրք է, որ մենք սկսանք այս յուշաքարի բացումով եւ այսօր երեկոյեան կը շարունակենք քաղաքապետարանի բակին մէջ տեղի ունենալիք համերգով, որ Փարիզի երկինքը պիտի դղրդացնէ այս հանճարեղ բանաստեղծին անմոռանալի երգերով»:
Փարիզի քաղաքապետարանին յարող հրապարակին վրայ, տեղւոյն ժամանակով ժամը 17:00-ին, սկիզբ առած է Ազնաւուրի տարեդարձին նուիրուած համերգը: Հանդէս եկած են` Փարիզի քաղաքային երգչախումբը, Անտրէ Մանուկեանը, Ժոանա Մենթիլը, Եսայի Ալթունեանը, Ազնաւուրին նուագակցած դաշնակահար Էրիկ Փերշոն եւ այլ երաժիշտներ, որոնք Ազնաւուրի երկրպագուներուն ներկայացուցած են ազնաւուրեան փունջ մը երգեր:
Մեծանուն արուեստագէտի ծննդեան տարեդարձին ընդառաջ եւ ամբողջ տարուան ընթացքին աշխարհի տարբեր կողմերը կը կազմակերպուին անոր արուեստը պատուող ձեռնարկներ` ցուցահանդէսներ, համերգներ, յուշարձաններու բացում, ինչպէս նաեւ` հանրային վայրերու ու հաստատութիւնների անուանակոչութիւն:
«Ռաշա Թուտէյ»-Ի Անդրադարձը Ազնաւուրի 95-ամեակին` «Ազնաւուր Երբեք Մոռցած Չէ Իր Հայկական Ծագումը»
Ռաշա Թուտէյ անդրադառնալով Ազնաւուրի ծննդեան 95-ամեակին` գրած է. «1924 մայիս 22-ին Փարիզի մէջ լոյս աշխարհ եկած է աշխարհի ամենայայտնի երաժիշտներէն մէկը` ֆրանսահայ երաժիշտ Շարլ Ազնաւուրը, որ աւելի ուշ ճանչցուեցաւ որպէս 20-րդ դարու լաւագոյն էսդրատային երգիչ :
Այսօր Ազնաւուրը կը դառնար 95 տարեկան:
Իր արուեստի կեանքի ընթացքին Ազնաւուրը գրած է աւելի քան 1300 երգ, նկարահանուած է 60-է աւելի ժապաւէնի մէջ եւ վաճառած` 200 միլիոնէ աւելի ձայնասկավառակներ:
Ազնաւուրը երբեք մոռցած չէ իր հայկական ծագումը. Հայոց ցեղասպանութեան 60-րդ տարելիցին, ան Ժորժ Կառվարենցի հետ գրած է «Անոնք ինկան» երգը»:
26 Մայիսին Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբը Կը Նշէ Ազնաւուրին 95-ամեակը
26 մայիս 2019-ին Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը պիտի նշէ Ազնաւուրին 95-ամեակը: Համերգին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ֆրանսահայ հռչակաւոր երգիչներ` Փաթրիք Ֆիորի ու Հելեն Սեկարա, ինպէս նաեւ` Սլիման, Լէա Քաստել, Քէյթ Ռայան եւ Րաֆֆի Արդօ:
«BFM TV» Ֆրանսական Հեռատեսիլի Կայանը Անդրադարձած Է Ազնաւուրի 95-ամեակին
20 մայիս 2019-ին «BFM TV» ֆրանսական հեռատեսիլի կայանը անդրադարձած է Ազնաւուրի 95-ամեակին նուիրուած կատարուելիք ձեռնարկներու մանրամասնութեանց` յուշաքարի բացումին եւ երեկոյեան սկիզբ առնելիք երգահանդէսին:
Ազնաւուրի անձին անդրադառնալով` «BFM TV» յայտարարած է. «Ծնած Ֆրանսա եւ Մոնմարթի խորհրդանիշ` Ազնաւուր երգած է Փարիզ մայրաքաղաքին հանդէպ իր սէրը. մայրաքաղաքը ականատես եղաւ Ազնաւուրի «կազմաւորման»`
«La Bohème»-էն մինչեւ «J’aime Paris au mois de mai»:»
Լոյս Տեսած Է «Մեծ Երգիչ»-ի Վերջին Գիրքը
Ըստ «Նուվել կ՛Արմենի մակազին»-ին (21 մայիս 2019), «մեծ երգիչ» Շարլ Ազնաւուրի վերջին գիրքին «Retains la vie »-ի արեւելահայերէն տարբերակին` «Կեանքից կառչած», շնորհահանդէսը կատարուած է Երեւանի մէջ, «Արարատ» գինիի եւ քոնեաքի գործարանի թանգարանին մէջ:
Շնորհահանդէսին ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ, որ ըսած է. «Ազնաւուրին բոլոր գրածները թարգմանելը մեծ պարտականութիւն է. այս մէկը կը մնայ մեր երկու երկիրներու բարեկամութեան խորհրդանիշ»:
«Շարլ Ազնաւուր` Ֆրանսական Երաժշտութեան Ձայնը»
Տարեցներու ձայնը հանդիսացող սպանական 65ymas.com առցանց թերթը անդրադարձած է Ազնաւուրի կենսագրութեան, արուեստին ու յաջողութեան:
Թերթը նշած է, որ Ազնաւուր հայկական ծագումով «փարիզցի» երաժիշտ մըն է, որ դարձած է ժողովուրդին կողմէ շատ սիրուած` շնորհիւ կեանքի ամէնօրեայ զգացումներու մասին գրած ու երգած իր երգերուն ու բեմին վրայ իր շարժուձեւերուն: Ազնաւուրի ստացած բազմաթիւ շքանշաններուն անդրադառնալէ բացի` թերթը լուսարձակի տակ առած է այն փաստը, որ Ազնաւուր հանգստեան չկոչուեցաւ մինչեւ իր մահը` 94 տարեկանին:
«Յուշաքար Եւ Համերգ… Մայրաքաղաքը Կը Նշէ Շարլ Ազնաւուրի Յիշատակը»
Ֆրանսական «20 minutes» թերթը եւս կ’անդրադառնայ Ազնաւուրի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած իրագործուելիք ձեռնարկներուն:
«20 minutes» կը գրէ. «Շարլ Ազնաւուր` Ֆրանսայի վերջին հսկաներէն մէկը, մահացաւ 2018-ի հոկտեմբերին, Ալպիյի իր տան մէջ, 94 տարեկանին: Երեքշաբթի Փարիզը փառաւոր կերպով պիտի նշէ անոր 95-րդ տարեդարձը»:
Ազնաւուրի Խօսքերէն
Մայրենի լեզուի մասին
«Ես ինծի վստահաբար հայ կը զգամ, քանի որ հայկական ընտանիքի մէջ հասակ առած եմ, բայց իմ առաջին բառերս ֆրանսերէն հնչած են: Հետագային արդէն ես, քոյրս եւ աղջիկս հայերէն սորվեցանք: Ես լաւ կը խօսէի, բայց հայերէն գրել կամ կարդալ չեմ գիտեր: Հոգ չէ: Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ լեզուն գոյութիւն ունի միայն գիրքերու մէջ»:
Փարիզի մասին
«Փարիզը այն քաղաքն է, ուր ես ծնած եմ, մեծցած եւ հանրայայտ դարձած: Սակայն, տարիքի մը կը հասնիս, երբ քաղաքի ու ամբոխներու փոխարէն` կ’ուզես բնութիւն տեսնել: Փարիզեան յուշարձանները հրաշալի են, բայց բնութիւնը նուազ ուշագրաւ է: Փոխարէնը` իմ պատուհանէս կ’երեւին գեղեցիկ ձիթենիներ: Մոխրագոյնը ես փոխեցի կանաչով»:
Նախագահներու մասին
«Իմ օրով եղած Ֆրանսայի բոլոր նախագահները զիս հարազատի պէս կ՛ընդունէին, եւ միշտ հաճելի էր անոնց հետ տեսնուիլը: Բոլորն ալ լուրջ, գիտակ մարդիկ էին. մէկը` Փոմփիտուն, հանրագիտարանի պէս էր, ես անոր կողքին ինքզինքս անգրագէտ կը զգայի: Երբեք չեմ շահագործած նախագահներու հետ իմ մտերմութիւնս, այդ պատճառով ալ հպարտ եմ»:
Հանրայայտութեան մասին
«Եթէ դուն կ՛ընտրես դերասանի, երգիչի, կատակերգակի մասնագիտութիւնը, ապա թող բոլորը քեզ ճանչնան: Թող քննարկեն քու հագուստներդ կամ ընկերուհիներդ: Ան, որ բեմ կը բարձրանայ, պէտք է պատրաստ ըլլայ այն բանին, որ իր մասին ամէն ինչ յայտնի պիտի դառնայ: Չէ՞ որ ան այդ ամէնը միայն հաց վաստակելու համար չէ որ կ՛ընէ. ան կ՛ուզէ, որ բոլորը զինք ճանչնան, սիրեն կամ ատեն, որ իր փոքրիկ կեանքը բոլորին համար ալ հետաքրքրական դառնայ»:
Հպատակութեան մասին
Ես հարիւր տոկոս հայ ու հարիւր տոկոս ֆրանսացի եմ: Այս մէկը կը նմանի սուրճի եւ կաթի, երբ զանոնք միասին լուծես, կարելի չէ այդ խառնուրդը բաժնել: