ՎԵՐ. ՆՇԱՆ ՊԱԳԱԼԵԱՆ
Մեր հայ վարժարաններուն մէջ, եթէ տակաւին «մերը» կը սեպենք զանոնք, հիմնական պայքար մը կը մղուի հայ մշակոյթի պահպանումին եւ հայ մարդու կերտումին համար: Հայ սփիւռքի տարածքին վրայ ա՛յս է գլխաւոր հրամայականը, եւ իւրաքանչիւր հայ վարժարան այս գոյամարտին մէջ իր իւրայատուկ դերն ու պատասխանատուութիւնը ունի: Հայ գոյատեւումի այս դաժանացող պայքարին մէջ բոլորս զիտակից ենք, ոչ թէ մրցակից` մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու փոխանցումի առաքելութեան մէջ:
Այսօր այդ ժառանգութեան մէջ թաքնուած կը մնայ… Կոմիտասը: Ինչո՞ւ…
Վերջերս առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու Համազգայինի «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբի ելոյթին` խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ նուագակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի: Այն օրը Միացեալ վարժարանի սրահը կը յորդէր 450 աշակերտներով` զանազան հայ վարժարաններէ եկած` «Կարկաչ»-ի այս միակ աշակերտական համերգին: Իմ խանդավառութիւնս աւելի բարձրացաւ, երբ մտածեցի, որ այս հայ աշակերտներուն ականջները պիտի լեցուին Կոմիտասով եւ Թումանեանով, այսինքն` իրենց սեփական մշակութային հարստութիւնով:
«Պարոն Զաքար»-ը ներկայացուց համերգին ծրագիրը եւ հրաւիրեց աշակերտները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել այս համերգի նպատակին վրայ, այսինքն չորս մեծանուն հայերու` Կոմիտասի, Յովհաննէս Թումանեանի, Լեւոն Շանթի եւ Երուանդ Օտեանի ծննդեան 150-ամեակին: Մատչելի ձեւով անոնց բացատրեց Կոմիտասի տեղն ու կարեւորութիւնը հայ մշակոյթին եւ առանձնապէս երաժշտութեան մէջ: Ինծի համար Կոմիտասին կեանքը բազում յուզիչ կողմեր ունի, մանաւանդ` իր ոչ հայախօս մեծնալը (Իրը` պարտադիր էր, իր բնակած թրքական միջավայրի ճնշումներուն պատճառով, իսկ իմս յիսունական թուականներու ամերիկեան ընկերային ճնշումներու պատճառով էր):
Ընկերս` Զաքարը, համերգէն առաջ մօտեցաւ եւ իմացուց, որ պատանեկան երգչախումբին անդամները թէեւ լսած էին Կոմիտաս անունը, բայց կոմիտասեան ոչ մէկ երգ գիտէին` համերգի փորձերուն չսկսած: «Ես չեմ ըսեր, որ Կոմիտասի երգ մը երգել չէին գիտեր երգին անունն անգամ չէին լսած», շարունակեց ան: Այժմ այդ երեսունի մօտ պատանի երգիչները տասէ աւելի Կոմիտասի երգեր գիտեն, անունով եւ եղանակով, ու իրենց կեանքերը, ե՛ւ մեր կեանքերը հարստացած են` շնորհիւ «Կարկաչ»-ի աշխատանքին:
Աշակերտական համերգի բեմէն «Պարոն Զաքար»-ը, իր սովորական մանկավարժական հմտութեամբ, նախապէս «Կարկաչ»-ի տուած հարցումը ուղղեց սրահի փոքրիկ ունկնդիրներուն. «Այստեղ ո՞վ կրնայ ըսել Կոմիտասի մէ՛կ երգի անուն»: Եւ սպասեց, որ բազում ձեռքեր բարձրանան: Նայեցաւ, եւ մենք մեծերս ալ մեր հայեացքները սրահ դարձուցինք: Եւ տեսանք չորս, հինգ, կամ վեց ձեռք: Երբ պզտիկ մը Կոմիտասի մէկ երգի անունը տուաւ, այլ երկու ձեռքեր վար առնուեցան: Հոգ չէ, մտածեցի, հիմա պիտի լսեն երկու կոմիտասեան երգափունջ:
Հանդիսատեսները ուշագրաւ լռութեամբ հետեւեցան մէկ ժամ տեւողութեամբ յայտագրին, հակառակ որ վարժ չէին այդպիսի երգեր լսելու: «Պարոն Զաքար»-ը իր մանկութենէն դրուագ մը պատմելով` քաջալերեց, որ իրենք իրենց համար «Եու թուպ» բանան եւ անվճար ունկնդրեն Կոմիտասը: «Այս երգերը գիտնալը «անթի-վայրըս» է. եթէ դուք Կոմիտասէն տասը երգ սորվիք, կը մնաք հայ: Որքան որ կարեւոր է Եղեռնի յիշատակութիւններուն եւ ցոյցերուն մասնակցիլը, եւ պէ՛տք է մասնակցիք, բայց զօրաւոր հիմք ունենալու համար նոյնքան կարեւոր է ձեր մշակոյթը, հայ մշակոյթը ճանչնալը»:
Ցաւ զգացի այդ պահուն` մտածելով, որ այս փոքրերուն ծնողները որքա՜ն դժուարութեամբ կը փորձեն հայ մեծցնել իրենց զաւակները: Նաեւ մտածեցի, թէ արդեօք պայքար կը մղե՞ն իրենց զաւակներուն հայկական դիմագիծը ձեւաւորելու` հայ դպրոցի կողքին : Այս 450 աշակերտներու տուներուն մէջ արդեօք հայկական երաժշտութիւն կ՛ունկնդրուի՞: Եւ այդ հայկական երաժշտութեան մէջ Կոմիտասը տեղ կը գրաւէ՞: Ան, որ Հայաստանի պատկերասփիւռի ակնդիր եւ ունկնդիր է, գիտէ, թէ պաստառները որքա՛ն խճողած են արեւմտեան երգերու ու տարբեր նորաձեւ երեւոյթներու յայտագիրները, եւ թէ` որքան հազուդէպ է հարազատ հայկական երաժշտական աւանդոյթի ներկայացումը:
Որքան մեծ է կարիքը Զաքար Քէշիշեանի նման անձերու եւ «Կարկաչ»-ի ու Համազգայինի նման խումբերու եւ միութիւններու` մեր ժողովուրդին այս ուղեկորոյս վիճակէն դուրս գալու համար: Ողբալու փոխարէն` աշխատանքի պէտք է լծուինք: Զաքարի պարագային, ինք հայ վարժարաններու տնօրէններուն հետ հանդիպումներ պիտի սկսի Կոմիտասը նոր սերունդին վերածանօթացնելու ծրագիրով: Իսկ նման ծրագիրներ բոլո՛րս պէտք է ձեռնարկենք, մեր ամէնէն կարեւոր դրամագլուխը` մեր զաւակները օտարումի դէմ պատուաստելու համար:
21 մայիս 2019, Պէյրութ