Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Կեդրոնականցին` Ընդդէմ Անմահութեան Արշաւի Մեկնող Յուշագիրներուն

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՄԱԿԱՐ

Ազնաւուրի զբօսայգին նստած էինք ջերմացնող արեւէն օգտուելու համար:

Արմենակ նոր եկած էր Էյֆելի Աշտարակի քաղաքէն: Եւ ըսելիք ունէր:

– Մակա՛րս, իրենց ապահովութիւնը անտեսելով անհաւասար կռիւի մէջ մտած մեծեր` իրենց յուշերը գրած են, աւելի խօսած` իրենց ժամանակին եւ պատմութեան մասին,ոչ իրենց անձին:

– Անոնք համեստ եղած են,- ըսի:

– Ճիշդ այդպէս, անոնց յուշագրութիւնը չի նպատակադրեր իրենց անձը, իրենց կարեւորութիւնը, կը վկայէ ազգի մասին: Ունի գրական արժէք, կը դաջէ մարդիկ, դէմքեր եւ դէպքեր: Գրադարաններուն մէջ անոնք բազմաթիւ են, բայց քիչեր կ’առանձնանան: Միւսները կը ծառայեն կողմնապաշտական կամ ընտանեկան սնապարծութեան եւ աւելորդ տեղ կը գրաւեն, կը զբաղեցնեն: Մե՜ղք թուղթին եւ մելանին:

Կը սպասէի, որ Արմենակ իր ցաւը ըսէր:

– Նախագահներու յուշերու մեծ մասը, օրուան աղմուկէն ետք, գրադարաններու եւ մատենադարաններու ցանկերուն վրայ պիտի ըլլայ տող: Ամերիկայի նախագահներէն ոմանք գրած են իրենց յուշերը: Շատեր չեն յիշուիր անգամ:

– Արմենա՛կ, հայերն ալ ունին յուշագրութիւններ. Հայոց ցեղասպանութիւն, տեղահանութիւն, ջարդ, հերոսական եւ յուզիչ դրուագներ պատմող:

– Բայց անոնցմէ քանի՞ անուն կը յիշենք: Ինչո՞ւ պէտք է յիշել համեստներու յուշերը, նոյնիսկ եթէ անոնք տառապած ըլլան աքսորի ճամբաներուն վրայ: Անոնք հազարաւորներ են: Անոնց յուշերը ոչինչ կ’ըսեն այսօրուան սերունդներուն, յաճախ կ’ամփոփուին ճառի մը երկու տողով: Բայց տը Կոլի Յուշերը (Mémoires), Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» կը գերանցեն հեղինակները, կ’ընդգրկեն դարը, սխրանքները եւօրինակ ըլլալու կոչուած անունները: Արժէք են:

– Ճի՛շդ ես, Արմենակ:

– Անոնց մասին չեմ խօսիր: Շատեր կ’ուզեն անմահանալ` պատմելով մեծ հօր, հօր կամ իրենց բացառիկութիւնը, կը փնտռեն եւկը գտնեն գրիչներ, կը վճարեն, որ զարդարուն յուշեր գրեն` զարդարուն ցաւերով կամ յաջողութիւններով: Եթէ էջ կամ գիրք գրուի, ան պէտք է կարդացուի: Յուշագիրը պէտք է մտածէ, թէ գրուածը ինչո՞ւ եւ ինչով կը հետաքրքրէ դրացին, թաղեցին, քաղաքացին:

Կեդրոնականցին կը թուէր ընդվզած ըլլալ: Շարունակեց:

– Բռնազբօսիկ յուշագրութիւնը քաղքենիի փառասիրութիւն է: Ինչո՞ւ Հնդկաչինի պատերազմին մասնակցած մեծ հօրս յուշերը գրել տալգրիչի մը, կամ ափրիկեան երկրի մը ամբարտակին շինութեան մասնակցութեանս յուշերը:  Անոնք եթէ ըլլան ստեղծագործութիւն` տիպարներով, բնութեամբ, մարդկայնութեամբ, յուշը կը դառնայ հում նիւթը այլ բանի:

– Ինչ որ կ’ըսես, կ’ըլլայ վէպ,- ըսի:

– Դամբանականով, շքանշանի մը տուչութեան առիթով, կարելի է յիշելայսինչի միութենական գործը, զոհողութիւնը, յանձնառութիւնը, բայց ինչո՞ւ ենթական, նշադրուողը, չեմ ըսեր հանգուցեալը ինք խօսի: Եթէ մարդիկ կարդան մեծն Մոլիէրի «Քաղքենի ազնուականը», զերծ կը մնան եսի, էս էսի փորձութենէ:

Համբերութիւնս հատած էր.

– Ո՞վ քեզ ընդվզեցուցած է:

– Գիտես: Շորորացող պատկերասէր ծափասէրը:

Հասկցայ, որ պիտի չշարունակէր: Յուշերուս մէջ պիտի գրեմ, որ Կեդրոնականցիին հետ սրճած եմ Ազնաւուրի սրճարանը եւ® անմահանամ:

12 մայիս 2019, Երեւան

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>