ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Փեթարի Իսրօ
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Փեթարցի Իսրօ ծնած է 1885-ին, Սասնոյ լանջերուն գտնուող Փեթար փոքրիկ գիւղին մէջ: Իսրօ եղած է աղքատ ընտանիքի մը` անուս զաւակը, միայն ոչխար կ’արածէր:
Իսրոն երիտասարդ տարիքէն եղած է յանդուգն եւ հերոս ֆետայի: 1904-ին կը մասնակցի Սասնոյ բոլոր կռիւներուն: 1905-ին կ’անցնի Կովկաս ու կը մասնակցի թաթարներուն դէմ Շարուր-Դարալագեազի ու Զանգեզուրի կռիւներուն: Այնուհետեւ` Կարս, ապա զինուած կը վերադառնայ Սասուն: Մաս կը կազմէ Փեթարի Մանուկի տասնեակին:
1915-ին Սասնոյ ինքնապաշտպանութեան ան խիզախօրէն կը մարտնչի բոլոր ճակատներուն վրայ. ապա կրկին կ’անցնի Կովկաս, բայց հայ կամաւորներուն հետ կը վերադառնայ Տարօն:
«Որբ հաւաքենք, շիթիլ անենք Հայաստանի համար» ըսելով` Փեթարցի Իսրօ շուրջ հազար որբացած մանուկներ կը հաւաքէ աւերակուած տուներէ կամ քիւրտերու քովէ` դրամի կամ զէնքի ուժով ու զանոնք կը պատսպարէ որբանոցներուն մէջ:
Կը դառնայ Քաղաքներու միութեան պաշտօնեայ` ազատագրուած Տարօնի:
1918 մայիսին կը կռուի Ղարաքիլիսայի ճակատին վրայ: Անկախութեան շրջանին Մանուկի, Մուշեղի, Ախոյի, Չոլոյի, Թաթոյի ու միւս ընկերներուն հետ, Թալինէն սկսած մինչեւ Միլլի Ձոր, Աղուտ-Վաղուտ ու Զանգեզուր, Հայաստանը կը մաքրեն թաթար ու քիւրտ թշնամիներէն ու անոնց գիւղերուն մէջ կը տեղաւորեն Տարօնի գաղթականները:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Իսրոն չ’ուզեր հեռանալ Հայաստանէն: Կը հաստատուի Ալագեազի լանջին գտնուող գիւղի մը մէջ իր «տնկած շիթիլներուն» մօտ:
1938-ին զոհ կ՛երթայ իր կարգ մը ապերախտ որբերու դաւին ու կը սպաննուի հայ չեկիստներու կողմէ: Կը թաղուի Դաւթաշէն գիւղի ձորալանջին:
Փեթարի Մանուկ
Փեթարի կամ Փեթարայ Մանուկ.- Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է Մշոյ դաշտի Փեթար գիւղը, ծննդեան թուականը ամենայն հաւանականութեամբ 1887 կը յիշատակուի:
Փեթարի Մանուկի մասին հիմնական կարգ մը տեղեկութիւններ կը պակսին. կրնանք ըսել, որ ան ուսումի տէր էր եւ ազգային-յեղափոխական իր կազմաւորումը ստացած էր Ս. Յովհաննու եւ Ս. Կարապետի վանքերուն մէջ: Մանուկը պատանի տարիքէն թրքական պետութեան դէմ յանուն ազատութեան եւ արդարութեան անվեհեր կռիւ մղած է: 1903-1904 թուականներուն Սասնոյ Բ. ապստամբութեան շրջանին Գէորգ Չաւուշի հաւատարիմ զինուորն է ան:
Փեթարի Մանուկի անուան եւ գործունէութեան վերաբերող յիշատակութիւնները անբաժան են Գէորգ Չաւուշի մղած կռիւներէն եւ հերոսական քայլերէն մինչեւ մայիս 1907` Գէորգ Չաւուշի նահատակութիւնը: 1907-էն ետք Փեթարայ Մանուկ փախստական կը մնայ Երկրի մէջ եւ Մշոյ դաշտի ու Սասնոյ լեռներուն վրայ կը ստանձնէ պահապան հրեշտակի պատասխանատուութիւնը: 1908-ին, օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Փեթարայ Մանուկ իբրեւ շրջուն գործիչ աշխատանքի կը կոչուի Սիմոն Զաւարեանի կողմէ:
Փեթարի Մանուկ 1915-ին ղեկավար դերակատարութիւն ունեցաւ Սասնոյ եւ Մշոյ դաշտի հայութեան ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտերու կազմակերպման մէջ, մինչեւ որ սասունցիներու եւ մշեցիներու զանգուածային գաղթը առաջնորդեց դէպի Արեւելեան Հայաստան` Արագածի փէշերուն հանգրուանելով:
Այնուհետեւ զինուորական գործիչի եւ քաջ հրամանատարի բեղուն գործունէութեամբ յատկանշուեցան սասունցի Մանուկին վերապահուած կեանքի վերջին տարիները: Կամաւորական գունդերուն մէջ սասունցիներու հեծեալ զօրքին գլխաւոր առաջնորդներէն հանդիսացաւ, իբրեւ այդպիսին` մասնակցեցաւ 1918-ին Հայաստանի անկախութեան կերտման հերոսամարտերուն, կարեւոր ներդրում հայոց բանակի կազմութեան եւ ռազմական-կազմակերպական հզօրացման մէջ, գլխաւոր կերտիչներէն մէկը եղած է Հայաստանի հայացման պատմակշիռ գործին: Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, յատկապէս 1920-ին մայիսմէկեան պոլշեւիկեան խռովութիւններէն ետք կազմուած Բիւրօ-կառավարութեան օրով, զինուորական նախարար Ռուբէնի կարգադրութեամբ, սասունցիներու ջոկատին վստահուեցաւ նախ զսպումը հայոց բանակը պառակտել փորձող ներքին խռովարարներուն եւ, այնուհետեւ, սեպտեմբերին, քեմալական ներխուժումին սատար կանգնած թուրք-թաթար բնակչութիւնը վնասազերծելու կարեւորագոյն գործը: Մայիսէն սեպտեմբեր երկարող այդ շրջանին Փեթարայ Մանուկ իր վերջին ծառայութիւնը մատուցեց հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին` անձնազոհաբար ղեկավարելով սասունցի քաջարի զինուորները կռուի տարբեր ճակատներուն վրայ:
Թրքական ոսոխին դէմ Մանուկի վերջին ճակատումը եղաւ սեպտեմբեր 1920-ին, Կողբի կռիւներուն, ուր Փեթարի Մանուկ ինկաւ ռազմի դաշտին վրայ 10 սեպտեմբերին` քաջաբար դիմադրելով ներխուժող թրքական զօրքին:
Զօր. Դանիէլ Բէկ Փիրումեան
Դանիէլ Բէկ Փիրումեան.- ռազմական գործիչ, Սարդարապատի ճակատամարտի գլխաւոր հրամանատար, ազգային հերոս, ռուսական բանակի գնդապետ (1915 թ.):
Ծնած է 22 նոյեմբեր 1861-ին, Արցախի Խաչէն գաւառի Նախիջեւանիկ գիւղը: Աւարտած է Շուշիի քաղաքային ուսումնարանը: Սորված է Թիֆլիսի հետեւակային իւնկերական ուսումնարանը, աւարտած է Օրանիենպաումի (այժմ` քաղաք Լոմոնոսով, Ս. Փեթերսպուրկի մարզ) սպայական հրաձգային դպրոցի դասընթացը (1913): Ռուս բանակին մէջ ծառայած է 1881-ին: Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ կռուած է Կովկասեան ռազմաճակատին վրայ, եղած է գումարտակի, գունդի հրամանատար:
1918 մայիսին թրքական յառաջապահ ջոկատները կ՛արշաւեն դէպի Սարդարապատ կայարան` հոնկէ մօտենալով Էջմիածինին: Հայութեան համար այդ օրհասական պահուն վճռական դեր կը խաղան Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի ռազմաճակատային մեծ փորձը եւ ուժեղ կամքի յատկանիշները: Բացառիկ եղած է Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի դերակատարումը Սարդարապատի ճակատամարտի յաղթանակի կերտման մէջ, ուր ան փաստացի հանդիսացած է այդ ուղղութեան հայկական զօրամիաւորումներու ընդհանուր հրամանատարը:
Հետեւաբար, 26 մայիս 1918-ին Սարդարապատի ճակատամարտին, իբրեւ զօրամիաւորումի ընդհանուր հրամանատար, ցուցաբերած է զօրավարական հմտութիւն եւ արիութիւն` ռազմաճակատի կեդրոնական հատուածին մէջ ջախջախելով եւ ետ շպրտելով թուրքերը եւ ապահովելով յաղթանակ:
1918-ին 57 տարեկան Դանիէլ Բէկ Փիրումեանին շնորհուած է զօրավար-հազարապետի կոչում: Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան օրով ան առաջիններէն մէկն էր, որ պաշտօնապէս ստացած է այդ կոչումը:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարիներուն Դանիէլ Բէկ Փիրումեան տարբեր պաշտօններ զբաղեցուցած է Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան մէջ: 1919-ին վերջը ան ստացած է զօրավար-տեղակալի կոչում եւ նշանակուած` Կարսի բերդի պարետ: Դժբախտաբար ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով ան մարմնական մեծ վնասներ կրած է, որուն պատճառով ալ չէ կարողացած պատշաճ ձեւով կազմակերպել Կարսի բերդի եւ Կարսի ճակատի ինքնապաշտպանութիւնը 1920-ի աշնան կայացած թուրք-հայկական պատերազմի ժամանակ: Իսկ 30 հոկտեմբեր 1920-ին թուրքերու կողմէ Կարսի անառիկ բերդի գրաւումի ժամանակ գերի ինկած է: 1921 յունուարին զայն տեղափոխած են Ալեքսանդրապոլ (այժմ` Գիւմրի), ապա յանձնած` ռուսական 11-րդ Կարմիր բանակի ներկայացուցիչներուն:
1921-ին, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Դանիէլ Բէկ Փիրումեան հայ բարձրաստիճան այլ սպաներու հետ պոլշեւիկներու կողմէ գնդակահարուած է Ղարաքիալիսա-Դիլիջան ճանապարհին: Այնուհետեւ զօրավարին դիակը հնարաւոր եղած է գաղտնի տեղափոխել Էջմիածին եւ թաղել Սուրբ Գայեանէի վանքին կից գերեզմանատունը:
Պօղոս Բէկ Փիրումեան
Պօղոս Բէկ Փիրումեան (Փիրումով).- Ռազմական գործիչ, ռուսական բանակի գնդապետ:
Ծնած է 1862-ին, Արցախի Խաչէնի Նախիջեւանիկ գիւղը:
Դանիէլ Ա. Փիրումեանի հօրեղբօրորդին: 1874-ին աւարտած է Շուշիի զինուորական ուսումնարանը եւ 1878-ին` Թիֆլիսի ռազմական ուսումնարանը: 1878-ին ծառայած է ռուսական բանակին մէջ:
Մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը, Պօղոս Բէկ Փիրումեանը, ծառայելով ռուսական բանակին մէջ, հասած է գունդի հրամանատարի աստիճանի` գնդապետի զինուորական կոչումով: Ան ծառայած է Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) մէջ, ապա` Արտահանի մէջ տեղակայուած զօրամասերու մէջ, ի վերջոյ տեղափոխուած է Ծայրագոյն Արեւելք: Պօղոս Բէկ Փիրումեանը պատերազմի առաջին տարիներուն` մինչեւ 1916, կռուեցաւ Արեւմտեան ռազմաճակատին վրայ: 1916-ին տեղափոխուած է Կովկասեան ճակատ եւ նշանակուած` հայկական հինգերորդ հրաձգային գունդի հրամանատար, որուն անձնակազմը հիմնականին մէջ համալրուած էր արցախցիներով: Գունդը ծանր մարտերով 1917-ին նահանջեց Մշոյ դաշտէն եւ հաստատուեցաւ Նոր Պայազետի շրջանը: Իր հինգերորդ հրաձգային գունդը, ստացաւ Մահապարտներու գունդ անուանումը:
Պօղոս Բէկ Փիրումեան` իբրեւ Ղարաբաղի մահապարտներու 5-րդ գունդի հրամանատար, մասնակցած է 1918 մայիսեան հերոսամարտին: Անոր հարուածային գունդը վճռեց մարտի ելքը եւ, այդ առումով, կարեւոր դեր խաղցաւ թրքական զօրքի ջախջախումի գործին մէջ: 5-րդ գունդը Սարդարապատի ճակատամարտին մարտական իսկական սխրանքներ գործեց: Պօղոս Բէկ Փիրումեան եւ իր գունդի մարտիկներուն դրսեւորած խիզախութիւնն ու անձնազոհութիւնը անուրանալի եղած է:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Պօղոս Բէկ Փիրումեանը զօրավար-հազարապետի զինուորական կոչումով ծառայութեան անցաւ հայկական բանակին մէջ:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք պոլշեւիկները ամէն ինչ ըրին հայութիւնը թուլացնելու եւ բարոյալքելու համար: Անոնք ձերբակալեցին հայկական բանակի հարիւրաւոր սպաներ եւ շոգեկառքով ուղարկեցին Պաքու, ուր անոնց զանազան չարչարանքներու ենթարկեցին:
Հետեւաբար, Պօղոս Բէկ Փիրումեան 1921-ին, չդիմանալով այլեւս պոլշեւիկեան իշխանութիւններու բռնութիւններուն եւ արհաւիրքներուն, Երեւանի մէջ ինքնասպան եղաւ:
Քրիստափոր Փիրումով
Քրիստափոր Փիրումով ծնած է 1895-ին, Ելիզավետպոլի (Գանձակ) նահանգի Շուշի քաղաքը: Ուսանած եւ աւարտած է Քիեւի համալսարանի բժշկական բաժանմունքը: 1917-ին զինուորական ծառայութեան մէջ եղած է: Մասնակցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմին, սկիզբը` Հարաւարեւմտեան ռազմաճակատին վրայ, իսկ 1918-ին տեղափոխուած է Անդրկովկաս` Կովկասեան ռազմաճակատ:
Փիրումով` իբրեւ զինուորական բժիշկ, մասնակցած է Սարդարապատի ճակատամարտին: Բժիշկի պահանջը հայկական զօրամասի մէջ մեծ էր: Մասնագիտութեամբ վարակաբան էր, բայց Ա. Համաշխարհային պատերազմին մասնակցած է իբրեւ ընդհանուր մասնագէտ բժիշկ եւ, առաջին հերթին, որպէս վիրաբուժ: Զինուորական բժիշկները ցարական բանակի անձնակազմի պատասխանատու սպայի համազգեստ կրած են, միայն ուսադիրներու վրայ սպիտակ գիծեր կային: Փիրումովի ուսադիրներու վրայ մէկ սպիտակ գիծ եղած է. ան զինուորական աստիճանով զօրագլուխ էր: Մասնակցած է նաեւ գերմանա-խորհրդային պատերազմին` «Հայրենական մեծ պատերազմ»-ին (22 յունիս 1941 – 9 մայիս 1945): Ունի բազմաթիւ մետալներ եւ շքանշաններ:
Քրիստափոր Փիրումով կը մահանայ 1985-ին:
(Շար. 25 եւ վերջ)