Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Ճանաչումէն Հատուցում, Ազգային Դաւանանքի Կենսագործումը

$
0
0

«Աշխարհի մեծ պետութիւնները, ինչպէս նաեւ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած բոլոր պետութիւնները բարոյական եւ քաղաքական յանձնառութիւններ ունին հանդէպ հայ ժողովուրդին եւ ասո՛վ իսկ ցարդ պարտական կը մնան Հայ դատին»:

ՀՅԴ 22-րդ Ընդհանուր ժողով, 1981, Փարիզ

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը դարձաւ պատմական դարձակէտ, երբ համայն հայութիւնը որդեգրեց «Ճանաչումէն հատուցում» համազգային նոր ուղեգիծն ու ռազմավարութիւնը:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իրաւայաջորդն է եղեռնագործութիւն կատարած օսմանեան Թուրքիոյ, եւ Անգարա կը շարունակէ Ցեղասպանութեան գործընթացը` առաջին հերթին ուրանալով պատմական եղելութիւնը եւ ապա` շրջափակելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն բնակչութեան տոկոսային ստուար մէկ զանգուածը 1915-ի ցեղասպանութենէն ճողոպրած Արեւմտահայաստանի գաղթականներու շառաւիղներն են:

Վերասահմանումի կարգով շեշտենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան արարքը ծրագրուած եւ ղեկավարուած է Թուրքիոյ օրուան պետական կառոյցին կողմէ, սպանդներն ու ջարդերը իրագործելու մէջ մասնակից եղած են կառավարութեան նախարարները, պետական պաշտօնեաները, բանակն ու ոստիկանութիւնը եւ,  առ այդ, կատարուած է պետական ահաբեկչութիւն եւ ցեղային բնաջնջում` ազգային հաւաքականութեան մը դէմ:

Պատմական հայրենի բնօրրանի բռնագրաւումը, ազգասպանութիւնը, պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը եւ ուրացումը Ցեղասպանութեան հոլովոյթի շարունակութիւնն են եւ Թուրքիոյ պետութիւնը կը տեղադրեն յանցագործութեան աթոռին:

Անարդարութիւնը եւ պատմական խոցը դարմանելու միակ ելքը հատուցումն է, որ կ՛ենթադրէ հատուցել Ցեղասպանութեան պատճառով հայ ժողովուրդին կրած ֆինանսական եւ գոյքային կորուստները, մշակութային քաղաքակրթական եւ ժողովրդագրական կորուստները:

Յանցագործութիւնը կատարողի իրաւայաջորդին կողմէ պատասխանատուութեան ստանձնում, զոհերու եւ սպաննուածներու կորուստին դիմաց նիւթական հատուցում, տարածքներու հատուցում, արարքին համար ներումի հայցում եւ Թուրքիոյ կրթական համակարգին մէջ 1915-ի պատմական իրողութիւններու խեղաթիւրման վերջ տալու նախաձեռնութիւն` կը կազմեն հիմնական բաղադրիչները հատուցման գործընթացը սկսելու:

Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրը լուծելու համար հատուցումը ունի էական նշանակութիւն, վասնզի հատուցումը մարդկային իրաւանց բռնի եւ լայնածիր խախտումներու լուծման հիմնարար բաղադրիչ եւ գործօն է:

Ժամանակն է նաեւ, որ հետագայ հաւանական ցեղասպանական արարքներ կանխարգիլելու համար միջազգային ընտանիքը պատժելի եւ անօրինական հռչակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դրժող կամ ուրացող որեւէ անհատական կամ խմբային արտայայտութիւն կամ յայտարարութիւն: Կարգ մը պետութիւններ արդէն իսկ ձեւաւորած են նման օրէնսդրական հիմնակէտ, ըստ որուն, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը անօրինական կը նկատուի:

Անգարայի ժխտողականութեան զինանոցը սնանկացման եզրին է: Հատուցման փուլի արդիւնաւորումով կը վերաիմաստաւորուի պահանջատիրական գործընթացը:

Ցեղասպանութիւնը անժամանցելի ոճիր է. դատապարտելի են թէ՛ ներկայի, թէ՛ անցեալի ցեղասպանութիւնները: Չճանչցուած եւ չհատուցուած ցեղասպանութիւնը խթանող ազդակ է նո՛ր ցեղասպանութիւններու համար. այդ է պատճառը, որ 21-րդ դարուն քաղաքակիրթ աշխարհի աչքերուն առջեւ ցեղասպանութիւններ կը գործադրուին Սուտանի, Միանմարի, Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պետութեան համար ազգային անվտանգութիւնը ամրապնդող անփոխարինելի երաշխիք է, որ հաստատ հիմերու վրայ կ՛ամրագրէ մեր պետականութեան գոյատեւելիութիւնը եւ կ՛երաշխաւորէ գալիք սերունդներուն անվտանգութիւնը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>