Ընդհանրապէս երեկոյեան ժամերուն Լոյսերու քաղաքը միշտ ալ յաւելեալ լուսաբորբոք սարքաւորումներով կ՛օժտուի: Բնականաբար Էյֆէլ աշտարակը երկնաքերի իր կառուցումով եւ դիրքով կը տիրապետէ մօտակայ այլ պատմական կառոյցներուն, որոնց կարգին` Յաղթանակի կամարին, Քոնքորտի կոթողին (Օպելիսք) եւ անշուշտ` Սուրբ Աստուածամօր, աւելի հարազատ կերպով ներկայացնելու համար` Նոթրը Տամ եկեղեցիին… սրբատեղի մը, որուն կառուցումը տեւած է գրեթէ երկու հարիւր տարի:
Այսպէս, յաւելեալ լէյզըր ճառագայթումներով եւ կատարելագործումներով, աշխարհի կեդրոնը նկատուող Փարիզի փայլփլումը իւրայատուկ տպաւորութիւն կը ձգէ այցելուին վրայ:
Սակայն երկուշաբթի, ապրիլ 15-ի երեկոյեան տարբեր էր ստեղծուած պատկերը Իլ տը Ֆրանսի շրջանին մէջ. բոցավառ Նոթրը Տամ եկեղեցին կը գերազանցէր իր մօտակայ կառոյցներուն լուսագեղ ներկայութիւնը:
Հարիւրաւոր հրշէջներ գործի լծուած` այդ օր հեթանոս ու կրակապաշտ բնութեան դէմ պայքարեցան այս կոթողական կառոյցը փրկելու համար:
Մնացեալը ակնդիրին համար արդէն տեսարան-դիտարաններու շարք մըն է եւ` ցայսօր վառվռուն եւ բոցավառ անցեալ մը:
Հայորդիին համար տարբեր ազդեցութիւն ունեցաւ այս դէպքը: Յատկապէս` տեղւոյն ֆրանսահայուն համար, որ քանի մը օր ետք կը պատրաստուէր յատուկ պատարագով մը նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը այդ նոյն եկեղեցւոյ խորանին շուրջ, սովորութենէ աւելի` պարտաւորութիւն մը:
Պատմութիւնը տարբեր պայմաններու մէջ կը կրկնուէր: Շա՜տ ու շա՛տ անգամներ հրկիզուած են հայկական եկեղեցիներ: Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն պատահած տասնեակներով հրկիզումներն ու սրբապղծումները եթէ նոյնիսկ պատմութեան անցած են, կը մնան պարզ ու մեկին «անլռելի զանգակատուն»: Դեռ աւելի՛ն. միշտ ալ թարմ են Նախիջեւանի խաչքարերու հետեւողական քանդումը, Թիֆլիսի մէջ շտապ վերակառուցման կարիքի տակ գտնուող, սակայն դիտմամբ լքուած եկեղեցիները: Բացառութիւն են Վանայ ծովու Աղթամարի Սուրբ Խաչ եւ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիներու վերանորոգումն ու վերակառուցումը: Այսուամենայնիւ, բոլորովին ոչնչացման սեմին հասած է Արեւմտահայաստանի գրեթէ երկու հազարի շուրջ հասնող եկեղեցիներու մնացորդացը` սկսելով հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաք Անիէն:
Վերջերս նշուեցաւ, որ 8-11 դարաշրջաններուն կառուցուած պատմական Վարագայ վանքը նոյնիսկ կարելի պիտի չըլլայ նկատելը` Վարագայ լերան փէշերուն: Բոլորովին անճանաչելի դարձած է այս կառոյցը: Իսկ վերջին մտահոգիչ տեղեկութիւնը Խարբերդի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ վիճակին մասին: Զ. դարուն հիմնուած այս եկեղեցին տարածաշրջանի կարեւորագոյն վանական համալիրներէն էր: Այցելող հաւատացեալներէն զրկուած` եկեղեցին երկար ժամանակէ ի վեր գանձախոյզներու թիրախը դարձած է:
Պատարագներ չեն կատարուիր այս սրբատեղիներուն մէջ: Մէկ մասը անճանաչելի եւ անգործածելի է, այլ կառոյցներ փակ են:
Այս կիսափուլ եկեղեցիներուն նման` Փարիզի Սուրբ Աստուածամօր պարագային ալ այս տարի պատարագ կարելի չեղաւ կատարել…