Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Ժիպէյլի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում. Ղասսան Շամիի Խօսքը. «Հայոց Յարութիւնը»

$
0
0

Ձեր երեկոն թող առանց թուրքերու եւ ներխուժողներու ըլլայ:

Երկա՜ր, ցաւո՜տ եւ ահաւո՜ր դէպքերով ճամբայ մըն էր այն ճամբան, ուրկէ քալեցին հարիւր եւ քանի մը տարի առաջ Ցեղասպանութենէն փրկուած վերապրողները: Այդ ճամբան ահ ու սարսափով եւ արեամբ ներկուած ճամբու մը վերածուեցաւ, նախքան ոմանց Հալէպ, Տէր Զօր, Ռաքքա եւ Պէյրութ հասնիլը… Ի՛նչ կիներ կորսուեցան եւ որքա՛ն կիներ աշիրեթներու միացան: Որքա՛ն այրեր տանջուեցան եւ որքա՛ն երեխաներ մահացան ու կորսուեցան:

Հայերը ունեցան իրենց գողգոթան, որ աւելի խիստ էր, քան Յիսուս Քրիստոսի Գողգոթան: Չեմ գիտեր քանի՛ հոգի այդ անապատներուն մէջ իր Աստուծոյ հետ խօսեցաւ` հարց տալով անոր հայութեան դէմ գործուած այս անիրաւութեան ու արհաւիրքներու պատճառներուն մասին… Հակառակ այդ բոլորին, համբերեցին, տոկացին եւ անցան դէպի նոր կեանք մը, որ իրենց եղունգներով, քրտինքով, արցունքներով եւ վրանածածկ գիշերներով փորագրեցին, մինչեւ որ բոլորը հասան:

Պատմութիւնը չէ վկայած աւելի տգեղ բան, քան ինչ որ գործած են թուրքերը, անոնց փաշաները, աղաներն ու քիւրտերը` հայոց, ասորիներուն, յոյներուն եւ սուրիացիներուն դէմ:

Վերապրողներուն, կորսուածներուն, նահատակներուն եւ զոհերուն լուսանկարները հայոց խիղճին եւ զգացումներուն մէջ ամրագրուած են: Անոնք ամրագրուած են կենդանի խիղճ ունեցող որեւէ անհատի մէջ, մինչեւ որ վերածուած են ծիներու, որոնք կը կտակուին արդարութիւն եւ ազատութիւն որոնող իւրաքանչիւր քաղաքացիի:

Մէկուկէս միլիոն մարդիկ սպաննուեցան, պարզապէս որովհետեւ այլ ժողովուրդ մը կ՛ապրէր ատելութեան ու բարբարոսութեան մշակոյթը եւ կը կազմակերպէր այնպիսի սպանութիւններ, որոնք ոչ ոք կը բացառէին, նոյնիսկ` նորածիններն ու յղի արգանդները:

Անոնք են թուրքերը` բոլոր դարերուն ընթացքին… բարբարոսներ, որոնք յայտնուեցան Արեւելքի մէջ: Վարձկաններ, այն օրէն, երբ Աբբասեան խալիֆաները իշխանութեան մէջ պարզապէս պատկեր դարձան: Սելճուքներ, մեմլուքներ, ներքինիներ եւ օսմանցիներ, որոնք ապրեցան մորթելով, անճիտելով եւ մարդիկը ցիցերու վրայ բարձրացնելով… Զիրար սպաննեցին, ուրիշը մորթեցին եւ խալիֆայութեան անունով իշխեցին` Մարգարէին կնիքը գողնալէ ետք:

Աստուած իմ, ինչպէ՞ս Իխշիտեան իշխանութեան ներկայացուցիչ Քաֆուրի նման ներքինի մը կրցաւ ամբողջ ազգի մը իշխել` դաշոյնով եւ Աստուծոյ անունով: Ինչպէ՞ս կրցան իշխել Քութուզը, Պիպարսը, Քալաունը, Պայազէտը, Եաւուզը, Մուրատը եւ ուրիշներ:

Մեր պատմութիւնը փաստած է, որ բարբարոսութիւնն ու վայրագութիւնը կը յարձակին քաղաքացիութեան եւ քաղաքակրթութեան վրայ եւ կը վիրաւորեն այն ժողովուրդները, որոնք իբրեւ կրօն կ՛որդեգրեն խաղաղութիւնն ու սէրը: Այսպէս պատահեցաւ հին աշխարհի քաղաքակիրթ ժողովուրդներուն եւ այսպէս կը պատահի արդի աշխարհի տկար ժողովուրդներուն: Այս պատճառով է, որ քաղաքակրթութիւնը, հաւատքն ու խաղաղութիւնը պէտք է միաձուլուին, որպէսզի չսերնդագործուին ցեղասպանութիւնները, որոնք դժբախտաբար կը կրկնուին Իրաքի, Սուրիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ: Որպէսզի Էրտողանի նման անմիտ մը չյանդգնի ըսելու, թէ Կոստանդնուպոլիսը ոչինչ կ՛արժէ, մինչ անոր պապերէն Էրթողրուլը միսը ձիուն սմբակին տակ կը զետեղէր, որպէսզի զայն ծեծուած վիճակով ճաշակէ, մինչդեռ Կոստանդնուպոլիսը երեք հարիւր տարի իր բնակչութեան հացը ձրի կը տրամադրէր… Անիծեալ ըլլայ այն բարբարոսութիւնը, որ Այա Սոֆիան վերածեց ձմերուկ վաճառողի մը պազարին:

Միւս կողմէ, հայոց մօտ համբերութիւնը եւ ապրելու վճռակամութիւնը զանոնք վերածեց յարգանքի արժանի այն ժողովուրդներուն համար, որոնց մօտ ապաստան գտած էին, ինչպէս նաեւ աշխարհի ժողովուրդներուն մօտ: Անոնք ուշադրութիւն կը գրաւեն իրենց ստեղծագործութեամբ, աշխատանքով եւ նուիրումով: Իսկ կարեւորագոյնը այն է, որ անոնք չեն արտօնած, որ մոռացութիւնը իրենց էութեան մօտենայ, եւ այս իմաստով անոնք ռահվիրաներ են, որոնց կը յաջորդեն ասորիները, որոնք սկսած են նաեւ ոգեկոչել իրենց ցեղասպանութիւնը` Սէյֆոն: Հոս կ՛ուզեմ ըսել հետեւեալը. «Անբաւարար է, որ մենք` իբրեւ ժողովուրդներ, զօրակցինք հայոց ու ասորիներուն եւ յիշենք Ցեղասպանութիւնը` առանց մատնանշելու ցեղասպանը եւ դատապարտելու զայն»:

Ո՛վ որ կը զօրակցի, բայց Թուրքիան չի դատապարտեր եւ անկէ ներման հայցում եւ հատուցում չի պահանջեր, դաւաճան է` բառին բուն իմաստով: Օսմանեան կայսրութեան բռնատիրական վարչակարգին ներքեւ ապրած արաբական երկիրներուն համար ամօթ է Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալ: Իրականութիւնը այն է, որ Օսմանեան կայսրութեան վարչակարգին տակ ապրած երկիրները լաւ գիտեն, որ ապրած են բռնագրաւումի եւ ոճրագործ վարչակարգի ներքեւ: Իսկ այն թեթեւամիտները, որոնց համայնքային եւ ցեղային զգացումները շարժած են` թրքական դրօշակի հրկիզումին պատճառով, ապա թող երթան ապրին օսմանեան խալիֆայութեան մէջ եւ իրենց մեծ հօր` Սելիմ Ա.-ի մօտ… Առանց ափսոսալու իրենց ճակատագիրին վրայ:

Ո՛վ որ թրքական զգացումներով կը տարուի առանց ազդուելու հայոց, ասորիներուն, անտիոքցիներուն, սուրիացիներուն, կիլիկեցիներուն եւ յոյներուն զգացումներով եւ առանց տարուելու ներկայիս թուրքերուն կողմէ սուրիացիներուն եւ քիւրտերուն դէմ գործուող չարիքներով, ապա ան գերազանց աստիճանը կրող քաղաքական եւ մտաւորական ապօրինի զաւակ է: Ան թրքական ժառանգութեան մնացորդաց է, որ օր մը պիտի պայթի, ինչպէս որ պայթած են սելճուքներուն եւ թիւրքմեններուն մնացորդացները ներկայիս` Լաթաքիոյ լեռներուն եւ այլ շրջաններու մէջ:

Ես հայերը տեսայ Պէյրութի մէջ, Հալէպի մէջ, Քեսապի մէջ եւ Երեւանի մէջ… ունկնդրեցի անոնց երգերը, համտեսեցի անոնց ճաշերը, յարաբերութիւններ մշակեցի վարպետներու հետ: Հայ ժողովուրդը կեանքի արժանի ժողովուրդ է… ան մահէն յարութիւն առած ժողովուրդ է, ժողովուրդ մը, որուն աւելի քան մէկ երրորդը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ` եւ ան մնաց կենդանի: Հայ ժողովուրդը այն ժողովուրդն է, որուն դիմաց գլխարկ կը բարձրացնես եւ պատուի կը կենաս:

Կայ թրքական առած մը, որ կ՛ըսէ. «Այն վայրը, ուրկէ թուրքը կը քալէ խոտ չի բուսնիր»… Ժողովրդային այս առածը ճիշդ է, սակայն հայերը զայն խախտեցին, եւ ուր որ հասան` աշխատանքով ու վարդերով լեցուցին: Անոնք թրքական նեխած աղի մշակոյթին յաղթեցին: Տայ Աստուած, որ անոնց հետեւելով զգաստանանք եւ անոնցմէ ուսանելի դասեր քաղենք:

Ողջոյններս ձեզի:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>