Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Յիշելով` Լուսահոգի Երէցկին Արփինէ Գարագաշեանը

$
0
0

ՄՈՒՇԵՂ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ                

Ասկէ մօտ մէկ տարի առաջ, Բարձրեալն  Աստուծոյ  անքննելի տնօրինութեամբ, իր մահկանացուն  կնքելով, մեզմէ եւ այս անցաւոր աշխարհէն  առյաւէտ բաժնուեցաւ լուսահոգի երէցկին  Արփինէ Գարագաշեանը` վստահօրէն հանգչելու  համար երկնային լուսառատ աշխարհին մէջ: Ան իր ետին կը  ձգէր, առ ի մխիթարութիւն` իր հարազատներուն, սիրելիներուն եւ համայն այնճարահայութեան, արդար, բարի եւ ուսանելի  յիշատակներով իմաստաւորուած կեանք մը:

Մահուան տարելիցին առիթով, հետեւելով  լուսահոգի երէցկին Արփինէ Գարագաշեանին  արդար եւ բարի կեանքի յիշատակելի  հանգրուաններուն, փորձենք վերակենդանացնել  անոր օրինակելի հայուհիի, վաստակաշատ մանկավարժի, նուիրեալ մօր եւ հոգեւոր, բարեսիրական ու միութենական կեանքի  անձնուէր  տիպարը:

Արփինէ Գարագաշեանը ծնած է Այնճարի  հիմնադրութեան դժուար` առաջին տարիներուն` 1941-ին, եւ բնականաբար ունեցած է  գաղթականի զրկանքներով լեցուն մանկութիւն. սակայն չարքաշօրէն դիմադրելով դժուար կեանքին, յաջողած է աշակերտել եւ փայլիլ  ծննդավայրի Ազգ. Յառաջ նախակրթարանի եւ  Հայ աւետարանական երկրորդական  վարժարաններուն մէջ: Այնուհետեւ, քսան  տարիներ շարունակ պաշտօնավարած է Ազգ.  Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ` որպէս սիրուած ուսուցչուհի, արժանանալով  սերունդներու յարգանքին եւ երախտիքին:

Ամուսնանալով եւ դառնալով երէցկինը  Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանին` ունեցած է երեք զաւակ`  Պետօ, Վիքի եւ Արմիկ: Մօտէն, անսահման գուրգուրանքով եւ համբերութեամբ հետեւելով  զաւակներուն դաստիարակութեան` եղած  է տիպար, համբերատար եւ օրինակելի մայր:

Գործակցելով տէր հօր հետ` Այնճարի  եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ ունեցած է  պատասխանատու եւ գործունեայ  մասնակցութիւն: 1971-ին եղած է Ս. Պօղոս  եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան հիմնադիր  անդամներէն եւ առաջին վարչութեան  ատենապետ: Այնուհետեւ, մինչեւ իր անհանգստութեան տարիները, Տիկնանց  միութեան աշխատանքներուն մէջ ունեցած է  բեղուն գործունէութիւն` ի սպաս եւ ի  պայծառութիւն եկեղեցւոյ: Մեծ ներդրում  ունեցած է 2001-ին հրատարակուած, «Մուսա  Լերան եւ Այնճարի տոհմիկ  ճաշեր» գրքոյկի  պատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ: Լուսահոգի երէցկինը եղած է նաեւ ԼՕԽ-ի  «Աղթամար» մասնաճիւղի անդամ, ինչպէս նաեւ` «Միութիւնը զօրութիւն է» կարգախօսով  Այնճարի  երեք յարանուանութեանց տիկնանց  միութիւններու եւ ԼՕԽ-ի կնոջական ուժերու միացումով կազմուած` «Այնճարի քառաղբիւր» միութեան հիմնադիր անդամներէն  եւ  ատենապետ:

Ահաւասիկ բազմաբեղուն կեանքի մը արդար եւ բարի այս յուշերով է, որ լուսահոգի երէցկինը կը վերակենդանանայ մեր աչքին` իր մահէն մէկ  տարի  անց եւ  վստահօրէն, երբ այս  բարեմասնութիւններով կը  յիշենք զինք, ան  անդենականի իր լոյսերուն մէջ, գերագոյն երանութեամբ մը կը հրճուի եւ բանաստեծական  զգացողութեամբ կը  բարբառի. «Գիտցէ՛ք, որ դեռ  կենդանի՜ եմ… քանի յիշատակներս միշտ վառ  ու  անթառամ  կը մնան…», իսկ մենք աղօթասաց շշուկով կը ձայնակցինք .

«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…»:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles