Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Ապրիլի 24-ը (Վահան Հաճէթեանի Յիշատակին)

$
0
0

Դեռ հիւանդութենէդ երկու տարի առաջ էր, երբ ապրիլ 24-ի քայլարշաւին կ՛ուզէիր մասնակցիլ. մոռցած էիր ութսունը անց տարիքդ, յաճախակի ցաւող տկար մկաններդ եւ ճամբու երկարութիւնը` Անթիլիասի մայրավանքէն մինչեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ: Ես դէմ էի քու մասնակցելուդ` նկատի առնելով տարիքդ ու առողջական դիւրաթեք վիճակդ: Բայց քեզ համոզելը անկարելի էր: Դուն կ՛ըմբոստանայիր, երբ հարցը ազգային պարտականութեան կը վերաբերէր: Շրթներդ կը դողդղային յուզումով մը, երբ հարցը քու ազգիդ, քու ժողովուրդիդ համար կ՛ըլլար: Դուն քու բաժինդ կ՛ուզէիր բերել տարուող պայքարին, հոգ չէ թէ տկար, բայց հաստատակամ, որովհետեւ չէիր համոզուած քու ազգիդ զաւակներուն կրած արհաւիրքին ու տառապանքներուն: Պէտք է դիմադրէիր, պէտք է դուն ալ մասնակցէիր օրուան լուռ պոռթկումին:

Երկար տարիներ քու գործի ժամերէդ ետք մինչեւ ուշ գիշերներ դուն կը կարդայիր Ցեղասպանութեան վերաբերող կոթողային գործեր ու կ՛ուզէիր իմանալ քու ազգի զաւակներուդ կրած տառապանքներուն յետին մանրամասնութիւնները: Այդ գիրքերը սրբազան մասունքներ էին գրադարանիդ մէջ: Դուն կ՛ընդվզէիր, կը պոռթկայիր բոլոր ոճիրներուն համար` քու ազգիդ հանդէպ, մեծ ցասումով, որովհետեւ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին քու արդար ու բարի հոգիդ չէր ընդուներ անիրաւել ոեւէ մէկը: Այսօր ապրիլ 24-ն է նորէն, 2014, բայց դուն անտեղեակ ես օրուան անցուդարձերէն:

Շունչդ դեռ կը բարձրացնէր կուրծքդ վեր, սիրտդ կը տրոփէր տենդագին, բայց կը զգայի, որ վերջին ուժերդ կ՛օգտագործէիր, ալ ասիկա վերջին պայքարդ էր` կեանքին փարած մնալու: Տառապանքդ դժուար էր տեսնել, որովհետեւ քեզի չէինք կրնար օգնել այլեւս: Դառն է մահը իր երեւոյթով, որովհետեւ որքան ալ պատրաստուած ըլլանք անոր, անիկա կը մնայ մերժելի:

Երբ վերջին օրերուն բժիշկը յանձնարարեց քեզ հիւանդանոց փոխադրել, ես չհամոզուեցայ վերջին ժամերուն կատարուելիք հրաշքին, չէի կրնար հաւատալ:

Դուն արդէն երկար ատենէ ի վեր կը տառապէիր, եւ բժշկութիւնը չէր կրնար օգնել քեզի: Կեանքի վերջին ժամերուդ քեզ տունէդ, հարազատ օճախէդ բաժնելը յաւելեալ ցաւ պիտի պատճառէր քեզի: Կը զգայի, որ դուն մեր մէջ մնալով աւելի ուրախ էիր` շրջապատուած զաւակներով, հարսներով եւ թոռներով: Այդ վերջին վայրկեաններուն ի՞նչ պիտի ընէին քեզի հիւանդանոցը, յաւելեալ տառապանք ու յոգնութիւն միայն: Անոնք պիտի չզգային, որ դուն ինչքան արժէքաւոր էիր մեզի համար ու պիտի չկրնային փափկանկատ ըլլալ քեզի հանդէպ, որքան մենք` այդ վերջին պահուն: Իրենց համար դուն կեանքի վերջաբանին հասած մէկն էիր, իսկ մեզի համար քու տարիքդ արժէք մը չունէր, այլ քու բարի յիշատակներդ մեզ քիչ մը աելի կը կապէին քեզի այդ վերջին ժամերուդ նոյնիսկ: Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ այս տխուր վերջաբանը: Կարելի չէ՞ր, որ մարդ ուրիշ տեսակ վերջաւորութիւն մը ունենար: Աւելի յարգուած վիճակով մը հեռանար այս աշխարհէն եւ ոչ թէ անտեղեակ, հիւանդկախ ու սպառած: Հրաժեշտ առնէր իր սիրելիներէն եւ բարեկամներէն եւ սրտագոհ բաժնուէր եւ տարբեր լեռնային կամ երկրային ճամբով մը հասնէր հոն` դէպի յաւիտենականութեան գիրկը:

Գիտեմ, արդէն դուն քանի մը տարիներէ ի վեր այդ մղձաւանջով կ՛ապրէիր, քանի ուժդ կը սպառէր, ու դուն կը տկարանայիր, ամէն անգամ կը յիշէիր, որ քեզ հողին տակ պիտի դնէինք, երբ հոգիդ աւանդէիր: Իսկապէս, ահռելի բան էր մտածել այդ վերջաւորութեան մասին: Մեր տան դիմացի չորցած ծառերը ինծի ցոյց տալով կը սքանչանայիր, թէ ինչ հաճելի էր ծառին մահը, թէ ծառերը ոտքի կը մահանան: Անոնք կանգուն են, կարծես թէ ողջ ըլլային, միայն քիչ մը ցօղունները աւելի պիրկ եւ տերեւները չորցած, ոսկեգոյնով մը զարդարուած` կարծես աշնան վրձինը ներկած էր զանոնք:

Աստուած մարդուն տուած է ամէն առաւելութիւն իր կեանքի ընթացքին, բայց անոր վերջաբանին տնօրինումը եղած է շատ իմաստութեամբ: Պէտք է բոլորը ըմբռնեն, որ ոչ աշխարհի փառքերը, ոչ ալ վայելքները բան մը կը փոխեն իրենց վերջաբանէն: Ասիկա ամէնէն մխիթարական եւ սփոփիչ հարցն է մարդուն համար: Աստուծոյ արդար նայուածքը բոլորին:

«Ո՛չ տկարը թող տխրի, ո՛չ զօրաւորը յոխորտայ»:

Կեանքի իմաստասիրութիւնն այն է, որ բոլոր մարդիկ հաւասար են իրեն ծնունդով եւ մահով:

«Յիշելով մահը ապրէ» ըսած է իմաստուն մը: Ամէն անգամ որ մարդ յիշէ մահուան ահաւորութիւնը, կ՛ազնուանայ ու կ՛ըմբռնէ այս կեանքի վայելքներուն խաբուսիկ վերջաւորութիւնը, եւ իր նայուածքը կը ճշդորոշուի կեանքին հանդէպ: Ան կը գիտակցի, թէ ի՛նչ կը պահանջուի իրմէ իր կեանքի ընթացքին եւ կը ճշդէ իր ուղին:

Քեզի համար սրբազան օր մըն էր ապրիլ 24-ը, քու ազգիդ իրաւունքներու պահանջատիրութեան իրականացման անհամբեր կը սպասէիր: Այս նոյն օրուան մէջ քեզի վիճակուեցաւ հեռանալ այս աշխարհէն` քու սուգդ ալ կապելով այս անմոռանալի օրուան:

Բայց կ՛ուզեմ, որ դուն հանգիստ ննջես շիրիմիդ մէջ, երբ ամբողջ ազգիդ զաւակները համայն աշխարհի երեսին աջ ու ահեակ ոգի ի բռին կը պայքարին այդ արդարութեան իրականացումին համար:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Կինդ
ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ

24-4-2014


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>