ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԵԱՆ
Տարի մը եւս` Ապրիլ 24-ի ոգեկոչում:
Բարձր գնահատանքով եւ դրուատիքով կ՛արտայատուիմ հայ ազգի զաւակներուն մասին, որոնք բանիւ թէ գործով, ամէնուրեք, հաւատարիմ մնալով իրենց սրբազան կտակին, կը շարունակեն պահանջել իրենց անժամանցելի իրաւունքները: Մենք գութ չէ, որ կը հայցենք մարդոցմէ, այլ` արդարութիւն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այս առիթով թելադրեց` ոչ միայն յիշել, այլ պահանջատէր դառնալ:
Ցեղասպանութենէն 104 տարի ետք, երբ այսօր ունինք անկախ հայրենիք` ընտիր ղեկավարութեամբ, մշակուած եւ հզօր սփիւռք, ազգային կուսակցութիւններ` հարուստ իրենց ազգային ծառայութեամբ, հետեւաբար եւ բնականաբար պահանջը շատ աւելի է: Խաղին ոճը փոխուած է, թիրախները պէտք է նաեւ փոխուած ըլլան:
Զարմանալի եւ խիստ արհամարհական է, որ կը յիշեն հրեաներու, Ռուանտայի, Քոսովոյի եւ Քամպոտիայի ցեղասպանութիւնները եւ շատ անգամ կը մոռնան յիշելու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անշուշտ վրդովիչ եւ սահմռկեցուցիչ է, բայց նախքան ուրիշները մեղադրելը`, փորձենք սխալը գտնել մեր աշխատանքի ոճին մէջ: Այսօր մեր հայրենիքը անկախ պետութիւն է, պէտք է ամէն գնով Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքը առաջնահերթութիւն նկատէ եւ ոչ թէ` «քաղաքական փուլ»: Արդեօք Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան եւ ճանաչման իմաստով յատուկ նախարարութիւն ունի՞, ստոյգ դրամագլուխ տրամադրուա՞ծ է, պատասխանը ո՛չ է:
Պէտք է այս իմաստով գնահատել, փառաբանել սփիւռքի ազգային կազմակերպութիւնները, քաղաքական մեր կուսակցութիւնները, որոնք այսօր ոգեպաշտ եւ լուսատենչ հայութեան ներկայացուցիչներն են, որոնք երկար տարիներ ջահակիրները եղան այս դժուար աշխատանքին: Մինչեւ ե՞րբ մեր հայրենքը այս առնչութեամբ այսպիսի «տկար» եւ կրաւորական քաղաքականութիւն պիտի մշակէ: Խնդրուած է այսօր մեր հայրենիքէն` շատ աւելի պահանջատէր պատմական խիզախ քայլեր որդեգրել, օրինակ` կասեցնել 1921 մարտ 16-ի ռուս-թրքական ապօրինի պայմանագիրը, որուն զոհ գնաց Հայաստանը` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին հաշուոն, կրճատելով մեր հայրենիքը 71 հազարէն դարձաւ մօտ 29 հազար ութ հարիւր քիլոմեթր քառակուսի. նաեւ` պէտք է վերարծարծենք միջազգային մեծագոյն պատմական պարտամուրհակը, որն է` Սեւրի դաշնագիրը (10 օգոստոս 1920) :
Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումը ստոյգ կերպով մեր մէջ մեր հայկականութիւնը կը կռանէ: Անցեալի մեր դառն փորձառութիւնը մեզի սորվեցուց, որ երբ բազմաթիւ անգամներ արդարութիւն աղերսենք, մարդ մեզ չի լսեր, մեզի կը մնայ միասնաբար շարունակել այս օգտաշատ սուրբ աշխատանքը` նոր թափով, նոր ոճով եւ նոր թիրախներով եւ առաւել վճռակամութեամբ. արդիւնաշատ աշխատանքը կ՛ենթադրէ բարոյական առողջ վարքագիծ, պատասխանատուութեան խոր զգացում եւ յարատեւ աշխատանք` անտեսելով ամէն վախ, մինչեւ որ հասնինք մեր գերագոյն նպատակին, որն է կերտումը` միացեալ, ազատ, անկախ հայրենիքի: