Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Մամուլին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նիւթեր

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան մամուլը ամէ՛ն օր կը գրէ շարունակուող Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն մասին` հարիւր հազարաւոր գաղթականներ, յիսուն հազարէ աւելի որբեր, սով, համաճարակներ, պատերազմ ու շրջափակում: Օրինակ` «Աշխատանք»-ը «Մեծ աղէտը» խորագիրով մնայուն սիւնակ ունի: Այստեղ կը ներկայացուին մի՛այն կարգ մը նմուշներ:

Հայաջինջ ծրագիրին պատճէնը, «Աշխատանք», 8-5-1919

Պոլսահայ «Վերջին Լուր» երեկոյեան լոյս տեսնող օրաթերթը, հաւանաբար#24 ապրիլ 1919-ին կը հրատարակէ` «Հայաջինջ ծրագիրին պատճէնը» խորագիրով թրքական կառավարութեան թրքերէն բնագիր-փաստաթուղթը եւ անոր հայերէն թարգմանութիւնը, որ «Աշխատանք» թերթը իր 8 մայիս1919-ի համարին մէջ կ՛արտատպէ (1).

«Վերջին Լուր»-ը թրքերէն բնագիրին հետ կը հրատարակէ պատճէնը (հայերէն թարգմանութիւնը*) այն հրէշային ծրագիրին, զոր պատրաստեցին (Մեհմետ*) Թալէաթ (փաշա*) եւ ընկերները, Թուրքիոյ (Օսմանեան կայսրութեան հողերուն վրայ բնակող*) հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու համար: Նոյնութեամբ կ՛արտատպենք զայն.

«Յօդուած 1. Ընկերակցութիւններու օրէնքին 3-րդ յօդուածէն օգտուելով` բոլոր հայ ընկերակցութիւնները խափանել ու անոնց վարչական մարմիններուն եւ անոնց մէջ, ի վաղուց (ժամանակէ ի վեր*), Իթթիհատի (վէ թերաքքի կամ` «Երիտասարդ թուրքեր կուսակցութեան»*) կառավարութեան հակառակ (հայ*)  աշխատողները ամբողջովին (բոլորը*) ձերբակալելով Մուսուլի, Պաղտատի պէս նահանգներ ղրկել եւ ճամբան կամ այն տեղերը փճացնել (սպաննել*):

«Յօդուած 2. Բոլոր հայոց (հայերուն*) ամէն տեսակի զէնքերը հաւաքել:

«Յօդուած 3. Մասնաւոր պատշաճ միջոցներով իսլամական (հանրային*) կարծիքը պատրաստել: Վանի, Էրզրումի (Կարին*) եւ Ատանայի պէս տեղեր (վայրերուն մէջ*), ուր հայերը արդէն իսկ իրենց ընթացքովը իսլամներուն պժգանքը շահած են, կազմակերպել (եւ*) դէպքեր ստեղծել, (այնպէս*) ինչպէս Ռուսիան ըրաւ Պաքուի մէջ:

«Յօդուած 4. Էրզրումի, Վանի, Մամուրեթ-իւլ-Ազիզի (Խարբերդի*) եւ Պիթլիսի պէս նահանգներուն մէջ (հայերը բնաջնջելու*) գործադրութիւնը բոլորովին ժողովուրդին թողելով` զօրքերն ու կարգապահական ուժերը արտաքուստ (իբր թէ` ձեւականօրէն*) ջարդերն արգիլելու գործածել: Իսկ Ատանայի, Սվազի, Պուրսայի, Նիկոդեմիոյ եւ Իզմիրի պէս վայրերը,  ընդհակառակը, իսլամներուն (ոչ հայ ժողովուրդին*) օգնել զինուորական ուժով:

«Յօդուած 5. Բնաջնջումը գործադրել մասնաւորաբար յիսունէն վար (տարիքով*) այրերուն եւ դպրոցի ուսուցիչներուն վրայ: Աղջիկներն ու մանուկները թողուլ` իսլամացնելու համար:

«Յօդուած 6. Փախչողներուն ընտանիքը մէջտեղէն վերցնել (բնաջնջել*) եւ միջոցներ ձեռք առնել` երկրին հետ անոնց կապը բոլորովին խզելու համար:
«Յօդուած 7. Հայ կառավարական պաշտօնեաները պատճառաբանելով, որ լրտեսութիւն ըրած են, վտարել բոլոր պաշտօնատուներէն:
«Յօդուած 8. Բանակին մէջ գտնուողներուն պատշաճ ձեւով զինուորական իշխանութեանց կողմէ բնաջնջել:
«Յօդուած 9. Գործողութիւնը ամէն կողմ միաժամանակ սկսիլ եւ այսպէս (որպէսզի*) ինքնապաշտպանութեան ժամանակ չթողուլ:
«Յօդուած 10. Այս հրահանգին գաղտնի եւ մի՛այն մէկ երկու հոգիի միջեւ մնալուն վերջին ծայր հոգ տանիլ»:
«Աշխատանք»-ը 17 մայիս 1919-ի համարով «Հայերու դահիճներուն դէմ» հետեւեալ լուրը կը հաղորդէ (2).
«Սուրիոյ Ազգային լիկը (դաշնակցութիւնը*) հեռագիրով մը պահանջած է Մ. (Ֆրանսայի վարչապետ պարոնՃորճ*) Քլեմանսոյէն եւ Մր. (Անգլիոյ վարչապետ պարոն*) Լոյտ Ճորճէն, որ (Մեհմետ*) Թալէաթ (փաշան*) եւ (Իսմայիլ*) Էնվեր (փաշան*) (իբրեւ*) պատասխանատու բռնուին (ձերբակալուին*) հայկական եւ սուրիական վայրագութեանց համար եւ խիստ պատիժ մը տնօրինուի անոնց (դէմ*): Լիկը կը բողոքէ նոյնպէս այն (ան*)արդարութեան դէմ, որով այդ երկու արիւնարբուները ազատ կը պտտին, մինչդեռ ուրիշներ կը պատժուին մարդկութեան դէմ գործած ոճիրներուն համար»:

Սուրիոյ ազգային լիկային հեռագիրը Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ վարչապետներուն, «Աշխատանք», 20-5-1919

«Յառաջ»-ը 19 օգոստոս 1920-ի համարով «Երկու ջարդարար կախուած» խորագիրով հետեւեալ լուրը կը հաղորդէ (3).

«Պոլիս, 4 օգոստոս (1920*). Պատերազմական ատեանին (կախաղանի մահավճիռով*) վճիռով Պոլիսի Պայազետ հրապարակին մէջ կախուած են Երզնկայի եւ Բաբերդի կուսակալները` իբրեւ հայերու ջարդարարներ»:

«Յառաջ»-ը 23 յունիս 1920-ի համարով «Հիճազի կառավարութեան վերաբերմունքը հայերու նկատմամբ» խորագիրով կը հաղորդէ (4).

«Լաւատեղեակ աղբիւրէ մեզի կը յայտնեն, որ նորաստեղծ անկախ Հիճազի (Արաբիան` իսլամ սրբատեղիներով*) կառավարութիւնը եւ յատկապէս Շերիֆ Ֆէյսալը (Մեքքէի, Մետինէի եւ Հիճազի իշխան` թագաւոր արաբներու` Շերիֆ Հիւսէյն պըն Ալի (1853-1931), որ 1201-1925,  առանց ընդհատումի, վերջին ժառանգորդն էր Մոհամետ մարգարէի տոհմին (որուն զաւակն էր Յորդանանի առաջին թագաւորը` Ապտալլա Ա.)` իր հովանաւորութիւնը շնորհեց տարագիր հայութեան: 1917-ին ան «Ֆաթուայով» (հրովարտակ) մը հրահանգեց արաբ ժողովուրդին` հոգածութիւն ցուցաբերել հայ ժողովուրդին հանդէպ` յարգելով անոնց կրօնի ու լեզուի ազատութիւնը (5)) լաւ վերաբերմունք ունին հայերուն հանդէպ»:

Երկու ջարդարար կախուած, «Յառաջ», 19-8-1920

Հիճազի հայերու հանդէպ լաւ
վերաբերումը «Յառաջ», 23-6-1920

«Աշխատանք»-ը 1 մայիս 1919-ի համարով (6) երկու լուր կը հաղորդէ Ամերիկայէն. մէկը «Ամերիկեան 25 նահանգներու կառավարիչներ»խորագիրով.

«Հայաստանի անկախութեան ամերիկեան յանձնախումբին նախագահը (ACIA, որ ANCA-ի նախորդողն է*) Ճէյմս Ճերարտ (1867-1951, Գերմանիոյ մէջ Ամերիկայի դեսպան1913-1917*) յայտնեց, որ վերջերս ամերիկեան 25 նահանգներու կառավարիչներ իր պատմական սահմաններով անկախ Հայաստանը հաստատելու համար սկսած շարժումին միացած են»:

Երկրորդ լուրը` «30 միլիոն տոլար «Սովամահ Հայաստանին»» խորագիրով. «Հայերուն եւ սուրիացիներուն օգնող ամերիկեան ազգային կոմիտէն ներկայացումներ կազմակերպեր է «Սովամահ Հայաստանը» ֆիլմերուն, որոնց հեղինակն է օրիորդ Օրօրա Մարտիկեան: Այդ ֆիլմերէն ստացուելիք հասոյթը կը գնահատուի 30 միլիոն տոլար, որ պիտի յատկացուի Հայաստանի վերաշինութեան գործին»:

Օրօրա, կամ Աւրորա Մարտիկեանին կամ Մարտիկանեանին մասին (7)եւ իր Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ ականատես հեղինակած գիրքին` «Յօշոտուած Հայաստան»(Ravished Armenia)հիման վրայ 1919-ին Հոլիվուտի մէջ պատրաստուած վերոնշեալ ֆիլմը, որուն մէջ ինք դեր ստանձնած է կարելի է, դիտել այստեղ (8):

Ռուբէն Որբերեանին նուէրը` Պելճիքայի թագուհիին «Աշխատանք», 1-5-1919

Այլ տեսակի նիւթով, նոյն թիւին մէջ «Հայ բանաստեղծն ու Պելճիքայի թագուհին» խորագիրով կը կարդանք (6).

«Արեւմտահայ բանաստեղծ Ռուբէն Որբերեան (1873-1931. 1904-1920` վաճառական Ճիպութիի մէջ*) Ճիպութիէն ադամանդակուռ ոսկեայ հայկական խաչ մը ղրկած է Պելճիքայի Եղիսաբեթ (1876-1965. Ա. Աշխարհամարտին` 1914, ան հիւանդապահուհիներու խումբ մը գլխաւորելով ընդհանրապէս գտնուած է ռազմաճակատ` զինուորներուն` քով*) թագուհիին` խնդրելով, որ նորին վեհափառութիւնը հայ բանաստեղծին այդ դոյզն նուէրը ընդունի իր արքայական կուրծքը զարդարող բոլոր ազգերու ադամանդեայ շքանշաններուն քով` իբրեւ յիշատակ «Պելճիքայի քոյր` նահատակ Հայաստանին»:

«Բանաստեղծը միեւնոյն ժամանակ «Մեր ցեղը» եւ «Հայաստանը Պելճիքային» խորագիրով երկու քերթուած ուղղած է թագուհիին: Թագուհին առանձին գրութեամբ անկեղծ շնորհակալութիւն յայտնած եւ լաւագոյն մաղթանքներ արտայայտած է բանաստեղծ Ռուբէն Որբերեանին:

Այդ թուականներուն Պելճիքայի հայերը նշանաւոր էին կարպետի եւ գորգի առեւտուրով, ծխախոտի մենաշնորհով`հայկական ծխախոտի «Տաւրոս», «Արաքս», «Մարուֆ» եւ «Էնֆի» միակ ծխախոտի մակնիշներն էին, որոնք կ՛արտադրուէին Պելճիքայի մէջ, ինչպէս նաեւ կը գլխաւորէին գոհարեղէնի ու ադամանդի վաճառականութիւնը (9):

16 ապրիլ 2019

#Դժբախտաբար այդ թուականներու հայկական լրագրութիւնը չէր կիրարկեր լրագրական տարրական կանոնները` աղբիւր, թուական, ժամ, վայր, լրիւ անուն եւ այլն: Այս թերութիւնը որոշ չափով կը շարունակուի ցարդ, յատկապէս` սկզբնաղբիւրի եւ ընդհանրապէս աղբիւրներու պարագային: Իսկ այս օրաթերթին  1917, 1918, 1919 եւ 1920 տարիներու թիւերը համացանցէն կը պակսին, ուստի կարելի չեղաւ թուականը ստուգել:

*Լուսաբանութիւնները իմ կողմէս:

(1)  «Աշխատանք», Դ. տարի թիւ 17 (225), 8 մայիս 1919, Երեւան, ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, էջ 4:
(2)  «Աշխատանք», Դ. տարի թիւ 21(229), 17 մայիս 1919, Երեւան, ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, էջ 4:
(3)  «Յառաջ», Բ. տարի թիւ 177, 19 օգոստոս 1920, Երեւան, էջ 4:
(4)  «Յառաջ», Բ. տարի թիւ 134, 23 յունիս 1920, Երեւան, էջ 4:
(5)  http://www.aztagdaily.com/archives/375456
(6)  «Աշխատանք», Դ. տարի թիւ 14(222), 1 մայիս 1919, Երեւան, ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, էջ 4:
(7)  https://hy.wikipedia.org/wiki/Ավրորա_Մարտիկանեան
(8)  https://www.youtube.com/watch?v=uTnCaW-Uo_s
(9)  https://en.wikipedia.org/wiki/Armenians_in_Belgium

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles