Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Արջը Եւ…Թուրքը

$
0
0

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

Երբեմն անակնկալ լուրեր անհատը կը մղեն տարօրինակ երեւոյթներու, զարտուղի կացութիւններու մասին մտածելու, բաղդատութիւններ ընելու հոն, ուր նման փորձ մը առաջին ակնարկով անտեղի պիտի թուէր:

Շաբաթներ առաջ էր` համացանցին վրա՞յ, թէ՞ թերթին մէջ կարդացի Քալիֆորնիոյ աշխարհահռչակ բնապահպանական հոյակապ անտառներուն մէջ պատահած դէպքի մը մասին: Ուշադրութիւնս գրաւեց լուսանկար մը` արջը իր քոթոթին հետ: Ինչպէս բոլոր երեխաները` ես ալ այդ տարիներուն մեծ հետաքրքրութեամբ պիտի դիտէի… անուշիկ քոթոթը` մանաւանդ պիտի ուզէի խաղալ հետը: Բայց ուշ է նման ժամանցներ փնտռելը, բայց ուշ չէր կարդալ տրուած տեղեկութիւնները նկարին տակ: Լուր մըն էր, թէ մայր կամ հայր արջը դատապարտուած էր մահուան: Լուրջ էր լուրը, որովհետեւ բնապահպանման աշխատաւորները, անտառապահները կը հետապնդէին, կը փնտռէին զայն ոչնչացնելու համար:

Պատճա՞ռը:

Տրուած լուրէն քանի մը օր առաջ արջը յօշոտած ու սպաննած էր անհատ մը` երեխայ կամ չափահաս, չեմ յիշեր, բայց վստահաբար կերած էր դժբախտ անհատին միսը: Այլ խօսքով, համտեսած էր մարդկային միսը: Եւ ուրեմն` գնդակահարութեան դատավճիռը: Հիմնականը այստեղ տրուած պատճառն էր կամ` բացատրութիւնը պատճառին, թէ արջ մը երբ յօշոտէ մարդը եւ մարդկային մարմնի (միսին) համը առնէ, այլեւս հետաքրքրական, մեր մանկութեան օրերուն տեսած թմբուկի մը, սրինգի մը, երաժշտական կշռոյթով պարող արջուկը չէր, այլ` վայրագ անասունը, որ պիտի փորձէր նոյնը ընել ամէն անգամ, երբ մարդկային էակը տեսնէր: Այլ խօսքով, վտանգուած եղափոխական յառաջընթացի մը առաջքը առնելու անհրաժեշտութիւնը կար, որպէսզի ընդհատէին այդպիսի արջերու բազմացումը եւ` արգիլելու պատահական արկածը ժառանգականօրէն փոխանցելի յատկանիշին: Առարկուի թերեւս, թէ այդպիսի յատկանիշ մը արդէ՛ն մաս կը կազմէ արջի բնազդին, այլապէս նկարագրուած դէպքը պատահած չէր ըլլար: Վստահաբար: Բայց ո՞վ պիտի ուզէր յաճախականութիւնը աւելցնել եւ արջերու հազուադէպ արարքը վերածել սովորական երեւոյթներու:

Այս բոլորը, սակայն, ի՞նչ կապ ունի թուրքին, թուրքերուն հետ, աւելի ճիշդ` մասնաւոր տեսակի մը թուրքի հետ: Բաղդատական մը թերեւս անտեղի չէ, եւ` ահաւասիկ.

Թուրքը կենդանական աշխարհի մէջ կը պատկանի մարդ էակներու դասին, այլ խօսքով` իւրայատուկ հօմօ սափիէնի տարբերակի մը, իսկ արջը` անասնական աշխարհին:

Հակառակ հօմօ սափիէնի կամ աւելի ճիշդ` հօմօ իրեքթիւսի պատկանելուն, երկուքն ալ է թուրքը, չորքոտանիի խառնուածքէն երկոտանիի փոխանցման յառաջընթացը նոր միայն, վերջին մէկ քանի հազարամեակներուն աւարտած պէտք է ըլլայ, իսկ արջը անկասկածօրէն չորքոտանի է:

Արջը, մանաւանդ արջուկը կամ քոթոթը իսկապէս անուշիկ է եւ հաճելի դիտել անոր խաղալը իր մօր կամ եղբօր կամ քրոջ հետ, խլելով զիրենք դիտող երեխաներուն արծաթահունչ եւ վարակիչ քրքիջը: Խնդրոյ առարկայ թուրքի տեսակը վստահաբար կը խաղայ, բայց երբ խնդալ փորձէ, զինք դիտողները բնազդօրէն կը սոսկան իրենց վախէն, որովհետեւ կ՛անդրադառնան երկվայրկեանի մը մէջ անոր` թուրքին այլափոխման` իր ժանիքները փայլեցուցած բորենիին, ուրկէ նաեւ` վախը դիտողներուն: Իբրեւ ապացոյց` կարելի է հարց տալ, թէ որքա՞ն է քիւրտի մը արժէքը եւ դիտել զինուորականին, Էրտողանին կամ ներքին գործերու իր նախկին նախարարին հակազդեցութիւնը:

Երբ արջը մարդ կը յօշոտէ, կը գնդակահարեն, իսկ թուրքը երբ ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջէ… կը վարձատրեն զայն իրեն հրամցուած Արարատով, Սուրմալույով, Կարսով, վեհանձնօրէն հրամցուած Աթաթուրքի գարշապարը լզուըրտող Լենինին ու իր համհարզին` Ստալինին կողմէ, եւ Կիլիկիան կը ստանան իբրեւ նուէր` Ֆրանսայէն:

Մեր ժողովրդական առածին իմաստութիւնը արջի մասին ամփոփուած է հետեւեալ ասացուածքով` արջը եօթը երգ ունի, եօթն ալ տանձի մասին է: Հաւանաբար որովհետեւ Հայաստանը արեւելեան կամ արեւմտեան, պատմական, կամ այժմու, ովկիանոս չունենալուն չէր կրցած փոխել այդ ասացուածքը: Բայց որովհետեւ Ալասքան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մաս կը կազմէ, եւ որովհետեւ ովկիանոսը կ՛եզերէ Ալասքան, Խաղաղականի վարդագոյն սոմոնները հազարներով գետն ի վեր կը բարձրանան իրենց ձուերը դնելու համար: Հոն` Ալասքայի մէջ արջերու եօթը երգն ալ հաւանաբար սոմոնի մասին է, որովհետեւ այդ խեղճ ու իրապէս գեղեցիկ ձուկերը երբ իրենց հրճուանքէն ջուրէն դուրս ցատկեն եւ երբ անդրադառնան սխալին, ուշ է արդէն եւ ժամանակ ալ չեն ունենար իրենց մտքերը փոխելու, իսկ արջերը` արթուն ու վարպետ ձկնորս, սքանչելիօրէն իրենց երախներով կ՛որսան սոմոնները ու կը վայելեն: Եթէ տանձենիներ կան հոն, հաւանաբար սոմոնը յափշտակելէ ետք արջերը կ՛երթան տանձ ուտելու` իրենց բերնին համը փոխելու համար: Ալասքայի կլիման նկատի առած` շատ հաւանական չէ, որ արջերը տանձի ընտրութիւնը ունին: Թուրքը, սակայն, աւելի ճիշդ ու մանաւանդ` մասնայատուկ քիմքով թուրքը, գիտէ միայն մէկ երգ: Ան մերժած է որեւէ այլ երգ սորվիլ: Եւ այդ երգը հայակերութեան մասին է: Պէտք է ըսել սակայն, որ այդ տաղանդը յարաբերաբար նոր է, բայց ժամանակի ընթացքին սովորութեան վերածուած եւ հասած` մասնագիտական արուեստի չափերու 20-րդ դարու առաջին մէկ-երկու տասնամեակներուն, ճշգրիտ ըլլալու համար` 1915-ին:

Հարիւր տարուան ժամանակաշրջանի մը մէջ արջերը իրենց սովորութիւնները չեն փոխեր: Թուրքը կը ջանայ փոխել, բայց չի յաջողիր: Հարիւր տարի անցած է, բայց տակաւին նոյն ախորժակը կը մնայ չբաւարարուած, վարժուած են հայու արեան համին ու կ՛ափսոսան կորսնցուցած ժամանակին համար: Բնազդը բայց այնքա՛ն ուժգին է եւ այնքա՛ն հմայիչ, որ իրենց  համար անկարելի է շարունակել ապրիլ առանց կրկին ու կրկին անգամ համտեսելու հայու արիւնը: Համոզուելու համար պէտք է հարցնել Հրանդ Տինքին, երիտասարդ զինուորին` Պալըքճեանին, Պուտափեշտի իր անկողնին մէջ քնացող կացնահարուած հայ սպայի պարագաներուն, եւ եթէ ախորժակ ունի մարդ, դիտել Հրանդ Տինքի մարմինը դիտապաստ ինկած իր թերթին` «Ակօս»-ին խմբագրատան առջեւ: Եւ այս բոլորէն անկախ ու դեռ թարմ` դիտել հոգեվարքի մէջ եղող երբեմնի ազգային կեանքով առոյգ ու եռացող Հալէպը:

Տարբերութիւն մը եւս: Վերջերս անգլիական մամուլէն «Տը Կարտիըն» թերթին մէջ Հելեն Թոմսըն կ՛անդրադառնար գիտական արդիւնքի մը, 22 օգոստոս 2015-ի թիւին մէջ: Նիւ Եորքի «Մաունթ Սայնայ» հիւանդանոցին մէջ գիտնականներու խումբի մը, Ռէյչըլ Եէհուտայի ղեկավարութեամբ, յայտնաբերած արդիւնքին: Խումբը ուսումնասիրած է 32 հրեայ Ողջակիզումէն վերապրած անհատներու ծինաբանական կառոյցը: Նոյն քննութիւնը կատարած են նաեւ անոնց զաւակներուն վրայ: Արդիւնքը բաղդատած են Բ. Աշխարհամարտի օրերուն Եւրոպայէն դուրս ապրող հրեայ ընտանիքներուն ծինաբանական կառոյցներուն հետ: Փորձարկութիւնը այնպիսի ձեւով ծրագրուած է, որ զաւակներուն ապացուցուած ծինական փոփոխութիւնները կը վերաբերէին Ողջակիզումի մէջէն անցած ըլլալուն միայն, այլ խօսքով` արտաքին ազդակ մը կը յառաջացնէր ժառանգական փոփոխութիւն: Գիտական խումբը իր ուշադրութիւնը կիզակէտած էր սթրեն հորմոններուն հետ առնչուող ծինի միակ շարքի մը վրայ: Այդ ծինը կը համակարգէ անհատին դիմագրաւած ահազդու կացութիւն մը չէզոքացնելու կարողութիւնը: Գիտնականները նշմարած են այդ ծինին յատուկ շարքին միջուկային թթուին վրայ եղած քիմիական ածանցները, որոնք կը բացակային բնական այն անհատներու ծիներէն, որոնք վկայած չեն Ողջակիզումը: Նոյն ածանցները նշմարած են նաեւ Ողջակիզումը վերապրած անհատներու զաւակներուն ծինին վրայ: Այլ խօսքով, հեղինակները ցոյց են տուած, թէ արտաքին ազդակ մը ծինը մղած է կառուցային փոփոխութեան ենթարկուելու: Արդ, մտմտուքի (սթրես) հորմոններու ծինը եթէ կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ եւ ժառանգական ըլլալ մէկ կամ երկու սերունդի համար, ապա հակընդէմ կացութիւնը` Ողջակիզումը յղացող եւ գործադրութիւնը որոշող, իրագործող անհատներուն ծիներէն մէկ կամ աւելի նմանատիպ փոփոխութեան եւս ենթակա՞յ են: Հաւանաբա՛ր:

Թերեւս գերմաններուն մօտ կարելի էր բացայայտել այդ փոփոխութիւնը: Թուրքիոյ մէջ, սակայն, մեր ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, ցեղասպանական խմորումներուն դրսեւորումը կը թելադրէ առկայութիւնը նման ծինական փոփոխութեան, եւ անհաւանական չէ այդ կարելիութիւնը, երբ թուրք բանակի օսմանոֆաշիստ սպայակոյտի, ոստիկաններուն, մանաւանդ Տրապիզոնի շրջանի անհատներուն, Սամասթին, գործակիցներուն եւ իրենց ծնողներուն, ներքին նախարարին, ինչո՞ւ չէ, նաեւ Էրտողանի եւ շարք մը ընկերներու ծիներուն ուսումնասիրութիւնը ցոյց պէտք է տայ Էրտողանի սխալած ըլլալը, երբ կը յայտարարէր, թէ իր նախնիները ցեղասպանութիւն չեն գործած: Պիտի ուզէի՞ն քանի մը միլլիլիթր իրենց արիւնէն տրամադրել վերը յիշուած քննութիւնը կատարելու եւ բաղդատելու զայն Պէյրութի կամ Լոռիի կամ Պուէնոս Այրէսի մէջ ապրող ոեւէ հայ անհատի մը արեան քննութեան արդիւնքին հետ: Անկանխատեսելի արդիւնքներ դուրս կու գան եւ կրնան հաճելի չըլլալ իրենց համար: Ներքին գործոց իր նախկին նախարարի պարագային արեան քննութիւնը գիտականօրէն բաւականին հետաքրքրական արդիւնք կրնայ տալ, մանաւանդ որ ան ցոյցի մը ընթացքին կեցած էր ցուցարարի մը պարզած ցուցատախտակին տակ, իսկ ցուցատախտակը կ՛ըսէր` «Բոլորդ հայեր էք, բոլորդ փիճեր»:

Վերը եղած բաղդատականը` արջի եւ թուրքի, կրնայ երգիծական կամ չափազանցեալ թուիլ, բայց ոչինչ երգիծական կամ չափազանցուած կայ անհատի մը ծինային կառուցուածքի փոփոխութեան մէջ` իր պապերուն վայրագութեան արդիւնք:

Թուրքերը առեւանգեցին, գողցան մեր պատանի տղաքն ու աղջիկները ու  երիտասարդ հարսերը: Առեւանգեցին հազարներով, հազարներու ստիպեցին կրօնափոխ ըլլալ եւ բնական է, որ անոնց յետնորդները զերծ մնացած ըլլան ծինաբանական փոփոխութիւններէն` թուրք ծինատաշտի մաքրազտումով ու հայ ծիներու գերակայութեամբ: Այս բոլորը ո՛չ ցեղապաշտական եւ ո՛չ ալ թշնամական ախորժակներ կը հետապնդեն, այլ կը թելադրեն կարելի բացատրութիւն մը, թէ 100 տարի ետք կարգ մը թուրքեր մնացած են թուրք եւ ուրիշներ ազնուացած` շնորհիւ հայկեան իւրայատուկ ծիներուն, ամէնէն շատ ու բացառապէս ազնւութեան ծինի հաւանական առկայութեամբ:

Հայը մնացած է հայ իր տաղանդով ու իր արդար քրտինքի վաստակով ապրելուն, խուսափելով ոճիրէն: Կարգ մը թուրքեր, եւ անոնք կը թուին բազմութիւն ըլլալ, մնացած են թուրք` իրենց ոճրագործի ու կողոպտողի ախորժակներով: Էրտողանի յայտարարութիւնը եթէ պահ մը ընդունինք, թէ «իր նախնիները ցեղասպանութիւն չեն գործած», եւ ինք «պատճառ մը չունէր ներողութիւն խնդրելու հայերէն», ճիշդ է, ապա այս վերջին շրջանի, աւելի ճիշդ` անցնող չորս տարուան ընթացքին Իսլամական պետութիւն կոչուած ոճրագործ ահաբեկիչները, որոնց հովանաւորն է Էրտողան եւ իր փեսային անյագուրդ կողոպուտը սուրիական պետութեան պատկանող քարիւղին, չե՞ն թելադրեր, թէ Էրտողան ի՛նք է նաեւ աւազակապետ ու ոճրագործ: Ինքը չէ՞ պատճառը միլիոնաւոր մարդոց գաղթականներու վերածուելու նուաստութեան: Ժամանակը չէ՞ Էրտողանին առերեսուելու ինքզինքին հետ, որպէսզի հաշտօրէն իր կեանքը շարունակէ: Ու այս` ենթադրելով, թէ ինք ի վիճակի է տակաւին խղճմտանքով ապրիլ:

Ա՛յս է իրողութիւնը, զոր թուրքերը պէտք է դիմագրաւեն եւ առերեսուին անոր հետ:

Առերեսուելու ուրիշ պատմութիւն կամ հեքիաթ չկայ:

Եւ վերջապէս,

Կ՛ողջունենք բոլոր այն թուրքերը, որոնք եղան յուղարկաւորները Հրանդ Տինքին, եւ որոնց մէջ հաւանաբար կային թոռներն ու ծոռերը բոլոր այն ազնիւ թուրքերուն, որոնք 1915-ի մեր պապերուն վիշտը կիսեցին` քանի մը օրով ընկերանալով իրենց հայ դրացիներուն գաղթականութեան ճամբուն: Ապերախտ չենք ու չե՛նք մոռնար այդ բոլորը, ինչպէս չե՛նք մոռնար բնաւ, թէ թուրք պետութիւնն էր Ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագրին հեղինակը, եւ կը սպասենք ու սպասելով կը պահանջենք թուրք պետութենէն` հրապարակաւ ընդունելու ոճիրը ու գործնականօրէն սրբագրելու անոր հետեւանքները:

«Մենք` զաւակներն ու թոռները» ցեղասպաննուածներուն, կա՛նք ու կը պահանջենք այն, ինչ որ մերն է մեր ծնունդի իրաւունքով եւ վկայութեամբը մեր պապերու հեղուած արիւնով, որպէսզի մենք` զրահուած մեր հաւատքի վստահութեամբ, վերաշինենք մեր երկիրը, ուր հայոց եկեղեցիներու զանգերը ղօղանջեն պիտի կրկին` աւետելու համար մե՛ր պատմութեան «վարդահեղեղ» նոր այգաբացը:

smargossian@abcglobal.net

23 օգոստոս 2015
Լոս Անճելըս 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>