ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
15 ապրիլին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Մնացականեան-Լաւրով-Մամետեարով հանդիպումը` մասնակցութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին: Հանդիպումի աւարտին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտնեց. «Անշուշտ, մէկ հանդիպումով կարելի չէ լուծել բոլոր հարցերը: Այս հանդիպման ձեռքբերումը այն էր, որ մենք հասկցանք, թէ կան այնպիսի հարցեր, զորս պէտք է լուծել: Օրինակ, Հայաստան բարձրացուց կարգավիճակի եւ ապահովութեան վերաբերեալ հարցերը, իսկ մենք` բռնագրաւեալ տարածքներէն Հայաստանի զինուած ուժերու հեռացման եւ գաղթականներու հարազատ հողերը վերադառնալու հարցերը: Քննարկումները անցան այս չորս հարցերուն շուրջ, եւ բանակցութիւնները շարունակելու որոշում տրուեցաւ»:
Վերջին նախադասութիւնը մեղմասացութիւն մըն է, որ կու գայ փոխարինելու «ձախողեցանք համաձայնութիւն գոյացնել»-ը: Արդիւնքը այլ բան ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ կողմերուն բարձրացուցած վերոնշեալ հարցերը անհամատեղելի են: Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի է Արցախի անկախ կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը ապահովել, եթէ հայկական ուժերը այդտեղէն հեռանան եւ անոնց տեղ Արցախ «ներխուժեն» ազրպէյճանցի տեղահանուածները:
Մնացականեան-Մամետեարով հանդիպումը կատարումն է Վիեննայի մէջ կատարուած բանակցութիւններուն ընթացքին Փաշինեանի եւ Ալիեւի երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն տուած` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպում ունենալու յանձնարարականին:
Վիեննայի մէջ գոյացած համաձայնութեան լոյսին տակ, հանդիպումին Մոսկուայի մէջ գումարուիլն ու «անկոչ հիւրին»` ռուսական դիւանագիտութեան պետին հանդիպումին մասնակցութիւնը զուգադիպութիւն մը չէ, այլ Ռուսիոյ կողմէ համանախագահող երեք երկիրներուն` հաւասարներուն մէջ իր առաջին ըլլալը վերյիշեցնելու քայլ մը: Վերյիշեցում մը, որ կու գայ վկայելու այդ հարցին վերաբերեալ ռուսական կողմին մօտ եղած դիւրազգացութեան մասին:
Խորքային հարցերու շուրջ համաձայնութեան չգոյութեան երեւոյթին կողքին, կողմերը մարդասիրական ոլորտին մէջ գոյացուցին համաձայնութիւն, առաջին` արտօնելու գերիներու հարազատներու այցելութիւնները, երկրորդ` քայլերու ձեռնարկելու մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւններու հաստատման համար, ներառեալ լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւններու համար, եւ երրորդ` գիւղատնտեսական աշխատանքներու ժամանակ տագնապի գօտիին մէջ` իմա՛ Արցախ-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Ազրպէյճան շփման գիծերուն մէջ կայունութիւն ապահովելու:
Գոյացած համաձայնութիւնը տրամաբանական շարունակութիւնն ու մանրամասնումն է 29 մարտին Վիեննայի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումի ընթացքին «մարդասիրական շարք մը նախաձեռնութիւններ» կատարելու շուրջ գոյացած համաձայնութեան: Պաքուն արդէն այդ ուղղութեամբ առաջին քայլը առաւ` «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ ստեղծելով հակահայ կայք մը, ինչ որ կը վկայէ անոր «անկեղծութեան» մասին եւ ընդհանրապէս «մեծ յոյսեր» կը ներշնչէ անոր կողմէ համաձայնութեան գործադրութեան նկատմամբ: