Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Հանդիպում Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

$
0
0

ՀՅԴ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները 9 ապրիլին հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար, դեսպան Վահագն Մելիքեանի հետ, որ Լոս Անճելըս կը գտնուէր քաղաքի Հայաստանի հիւպատոսարանին 25-ամեակի տօնակատարութեան համար:

ՀՅԴ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի հիմնահարցին եւ շրջանային ապահովական մտահոգութեանց վերաբերող հարցեր:

Խորհրդակցութեանց ներկայ եղաւ նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանը:

Մելիքեանը յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն միշտ կարեւր դերակատարութիւն ունեցած է եւ պիտի շարունակէ ունենալ Հայաստանի մէջ, եւ ՀՅԴ-ի հետ համագործակցութիւնը յոյժ կարեւոր համարեց, յատկապէս` միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի շահերը պաշտպանելու եւ վարկը բարելաւելու ջանքերուն մէջ:

Ան նաեւ դրուատեց հայութեան շահերը պաշտպանող հայկական կազմակերպութեանց դերակատարութիւնը` յատուկ դրուատիքի արժանացնելով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութիւնը` Հայաստան-Միացեալ Նահագներ յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքին մէջ:

Իրենց կարգին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները, որոնց կողքին էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վիգէն Եագուպեանը եւ Արամ Գալուստեանը, վստահեցուցին, որ ինչպէս անցեալին, այսուհետեւ եւս կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման եւ Արցախի բարգաւաճման ջանքերուն` շեշտելով յատկապէս Արցախի ժողովուրդին ինքնաճանաչման իրաւունքը երաշխաւորելու եւ Արցախի հակամարտութեան արդար լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը:

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները նաեւ շեշտեցին, որ կուսակցութիւնը միշտ առաջին ճակատի վրայ եղած է Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները ամրապնդելու, Հայաստանի պետութեան շահերը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններուն ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>