Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. «Հայաստանի Ջրային Հարստութիւնները»` Ուսումնասիրութիւն

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Անկախութենէն շուրջ վեց ամիս ետք արդէն Հայաստանի ջրային պաշարին մասին ուսումնասիրութիւն կատարուած է եւ 17 նոյեմբեր 1918-ին Ճարտարապետ Գ. (Գարեգին 1894–1960, ՅՉ) Աղապապեան` Թիֆլիսի ջրային ճարտարարուեստական ընկերութեան նախագահը իր ուսումնասիրութեան մասին դասախօսութիւն կու տայ Երեւանի քաղաքապետարանի սրահին մէջ:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Այս վիճակագրական տեղեկութիւնները մեծ արժէք կը ներկայացնեն Հայաստանի ցարդ կարեւորագոյն բնական հարստութիւնը եղող ջուրի պաշարին մասին, բաղդատական կատարելու այժմու իրավիճակին հետ, այս բնագաւառի պատասխանատուներուն եւ հետազօտողներուն կողմէ: Ստորեւ «Զանգ»-ի թղթակցութիւնը` պարզեցուած եւ արեւմտահայերէնի վերածուած (1):

«Քարիւղի եւ հանքածուխի հարուստ հանքատեղերու բացակայութեան պատճառով պէտք է ընդունիլ, որ մեր երկրի արդիւնաբերութեան ապագան անոր հսկայական ջրային զօրութիւններուն մէջն է: Դասախօսը ուսումնասիրած է (Հայաստանի) 26 գետեր եւ հաւաքած` անոնց թուային մանրամասն տուեալները, որոնք ցոյց կու տան, որ ջուրերու ամէնէն սակաւ ժամանակը այդ գետերը երեք ու կէս միլիոն ձիուժ զօրութեան կարողականութիւնը ունին, (կամ` 2610 մեկաուաթ` 1 ջրային ձիուժ = 745,7 ուաթ, ՅՉ),  իսկ տարուան ջուրերու (մակարդակի) միջին հաշուով` քանի մը անգամ աւելի (շուրջ 8000 մեկաուաթ, կամ 8 կիկաուաթ, ՅՉ)»: Այժմ` 2019-ին, Հայաստանի գործող  ելեկտրականութեան կարողականութիւնը շուրջ 3200 մեկաուաթ է, որուն շուրջ 40 տոկոսը միայն ջրելեկտրակայանները կը հայթայթեն, այսինքն` շուրջ 1280 մեկաուաթը:

«Եթէ, բացի այդ 26 գետերէն, բոլոր գետերը նկատի առնուէին (շուրջ 50 գետ), եւ` անոնց գլխաւոր վտակները, երկրին ընդհանուր ջրային նուազագոյն (ցած մակարդակի ժամանակ) պահեստը կը հասնի աւելի քան 6 միլիոն ձիուժի, որ այժմու արհեստագիտական դրութեամբ, կը համապատասխանէ 3-4 միլիոն գործօն ձիուժի, կամ` իրական զօրութեան: Եթէ ցարական Հայաստանը այսպիսի զօրութիւն նաւթով բանող շոգեմեքենաներու միջոցով պիտի ստանար,  նուազագոյնը, տարեկան 450 միլիոն փութ քարիւղ պիտի սպառէր (կամ` 7,335 թոն, փութ = 16,3 քիլօ, ՅՉ), որ կը համապատասխանէ Պաքուի (1918-ի) տարեկան ամբողջ քարիւղի արտադրութեան: Իսկ եթէ հանքածուխով պիտի արտադրէր, պիտի սպառէր 2700 միլիոն փութ հանքածուխ (կամ 44 միլիոն թոն):

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Գարեգին Աղապապեանի դասախօսութեան թղթակցութիւնը, «Զանգ» 17 նոյեմբեր 1918:

«Օրինակի համար, միայն Փարիզի շրջանը 625 հազար ձիուժ շարժիչ զօրութիւն ունի: Հայաստանը այժմ կը սպառէ 10 կամ 20 հազար ձիուժ (7,5 կամ 15 մեկաուաթ, ՅՉ), մնացեալը (չգործածուող ջրային կարողականութիւնը, ՅՉ) երկրին արհեստագիտական յետամնացութեան պատճառով, փոխանակ գործածուելու լուսաւորութեան, երկաթուղիներու, մետաղագործութեան, տնային եւ ընդհանրապէս արդիւնաբերութեան զանազան ճիւղերուն մէջ, ապարդիւն կերպով կը կորսուի` ի վնաս ժողովուրդին աւելի՛ բարեկեցիկ միջավայրին:

«Այդ կորուստին մասին աւելի ճիշդ գաղափար կազմելու համար պէտք է նկատի առնել, որ սովորական միջին պայմաններու մէջ մեծ ջրելեկտրակայաններու կառուցման համար կը պահանջուի իւրաքանչիւր ձիուժի համար շուրջ 200 ռուբլի սկզբնական ծախս, իսկ տարեկան ընթացիկ ծախսը` առաւելագոյնը 25 ռուբլի, հաշուելով դրամագլուխի տոկոսն ու ամորտիզացիան (պարբերաշիջումը, ՅՉ): Այս հաշուով, իւրաքանչիւր քիլօուաթ-ժամ ելեկտրականութիւն պիտի արժէ կէս կոպէկէն պակաս, մինչ օտար քաղաքներու մէջ կը վաճարուի 15-30 կոպէկի, իսկ այժմ (այստեղ)` 1 ռուբլի եւ 70 կոպէկ սուղ գինով:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
«Դասախօսին կարծիքով, այդ ողբալի դրութիւնը եւ բնական հարստութիւնները չշահագործելու պատճառը սխալ տնտեսական քաղաքականութիւնն է, որ անմիջապէս պէտք է փոխուի: Կարելի է առանց ուշացումի օգտուիլ երկրի ոռոգումի առուներուն հարուստ ցանցէն` փոքր եւ միջին ջրելեկտրակայաններ կառուցելու համար: Պատրաստ առուները կը դիւրացնեն այդ կայաններուն կառուցումը` մեծ չափով կրճատելով նաեւ ընթացիկ ծախսերը:

«Անցնելով ջրային հարստութիւնը անջրդի հողերու ոռոգման շահագործման` դասախօսը նկատեց, որ մեր մօտ ցարդ ընդունուած է առուներու դրութիւնը, որ սակայն մեր գետերուն մեծամասնութիւնը աւելի մեծ առաւելութիւններ կ՛ունենան, եթէ ամբարտակներու եւ թումբերու դրութիւնը օգտագործուի: Անոր կարծիքով, այս դրութիւնը ամէնէն ընդունելի ձեւն է ոռոգելու համար 100 հազար դեսեատինէ (1090 քառ. քմ, 1 դեսեատին = 1,09 հեկտար) աւելի անջրդի հողերը, որոնք անմշակ մնացած են`

  1. Արաքս գետի երկու կողմերը` Բորոլանի (Սուրմալու) եւ Սարդարապատի շրջանները,
  2. Ախուրեան գետի երկու կողմերը` Ալագեազ կայարանէն սկսեալ, Մրենի աւերակներուն մօտ,
  3. Եղուարդէն մինչեւ Էջմիածին եւ այլն…

«Դասախօսը մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Արաքսի ամբարտակին (ծրագիրին) մասին: Երուանդակերտի կամ Ղարաղալի կամուրջին մօտ Արաքս գետին ձորը, սեղմուած` երկու մեծ ժայռերու միջեւ, առանձին (բնական) յարմարութիւններ կը ներկայացնէ, կառուցելու համար 20-28 սաժեն (42-60 մեթր, 1 սաժեն = 2,13 մեթր, ՅՉ) բարձրութեամբ ամբարտակ մը, որուն ետին կը կազմուի 10-15 վերստ (10-15 քմ, 1 վերստ = 1,06 քմ, ՅՉ) երկարութեամբ լիճ կամ ջրամբար մը, 14-20 միլիոն խորանարդ վերստ (135-193 միլիոն խորանարդ մեթր, ՅՉ) նուազագոյն պարունակութեամբ:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Փոքր ջրելեկտրակայաններ

«Այս ամբարտակը հնարաւորութիւն կու տայ

  1. Ոռոգելու Սարդարապատի կողմի անջրդի հողերուն շուրջ 30 հազար դեսեատինը,
  2. Իգտիրի կողմի եւ Բորոլանի հողերուն շուրջ 20 հազար դեսեատինը,
  3. Փոխարինելու երկու մեծ եւ կանոնաւոր առուներով Սուրմալուի եւ Սարդարապատի 20-է աւելի հին առուները, որոնց պահպանումը շրջանի երկրագործ ժողովուրդէն տաժանակիր աշխատանք եւ տարեկան ահագին ծախս կը պահանջէ,
  4. Անդրկովկասի ամենահարուստ աղի հանքը` Կողբը(Սուրմալու նահանգ) ջրային ուղիով (նաւագնաց) միացնելու երկաթուղիին հետ, որուն տարեկան արտադրութիւնը կատարելագործուած հաղորդակցութիւններու բացակայութեան պատճառով չի հասնիր նոյնիսկ մէկ միլիոն փութի (16.300 թոն), 5. վերջապէս, Արաքսէն ստանալ 20-25 հազար ձիուժ (ելեկտրականութիւն) տեղական գործածութեան եւ աղի հետ առնչուող քիմիական արդիւնաբերութիւններու համար»:

Ա.»

Յստակ չէ, թէ Աղապապեանը այս ուսումնասիրութիւնը պետական պատուէրո՞վ կատարած է, թէ, անձնական նախաձեռնութեամբ: Սակայն ան հեռատես ու գիտական-տնտեսական մօտեցումով կը թելադրէ Հայաստանի գլխաւոր հարստութիւնը եղող ջուրի պաշարի առաւելագոյն օգտագործումը:

Այժմ Հայաստանի մէջ կան 185 գործող ջրելեկտրակայաններ, գրեթէ բոլորը` ոչ պետական,  եւ շուրջ` 33 կառուցուող կայաններ (2), որոնք կանոնակարգումի կը կարօտին: Սակայն ոռոգումի, ջրաբաշխումի եւ ջուրի պաշարի լաւագոյնս տնտեսումը հիմնական վերանայումի կը կարօտի:

7 Ապրիլ 2019

(1) «Զանգ» Բ. տարի, թիւ 71, 17Նոյեմբեր 1918, Երեւան, էջ 3:

(2)  https://www.1in.am/2532753.html


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>