Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թէ Ի՞նչ Ցոյց Տուին Թուրքիոյ Վերջին Ընտրութիւնները

$
0
0

31 մարտին Թուրքիոյ մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն արդիւնքները պարզեցին, որ Թուրքիոյ նախագահն ու իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կորսնցուցած են երկրի մեծագոյն քաղաքներուն` Անգարայի, Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ իրենց երբեմնի ազդեցութիւնն ու ժողովրդականութիւնը: Այս քաղաքները վերահսկելը էական է իշխող տարրին համար, որովհետեւ Անգարան, Պոլիսը եւ Զմիւռնիան ոչ միայն երկրի տնտեսական ուժեղագոյն եւ մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցող կեդրոնները կը համարուին, այլեւ անոնց  բնակչութիւնը կը յատկանշուի այլազանութեամբ, ցեղային ու ազգային իր պատկերով, ե՛ւ քաղաքական ուղղութիւններով: Իշխող կուսակցութիւնն ու նախագահը թէեւ այս ընտրութիւններուն ընդհանուր քուէներու 49 առ հարիւր տոկոսը ապահովելով` յաղթական դուրս եկան, այնուամենայնիւ, իրենց գոյութիւնը վտանգող ներքին եւ արտաքին նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման յայտնուեցան: Ներքին առաջին մարտահրաւէրը տնտեսութեան յառաջընթացի ապահովումն է: Թէեւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը 2002-ին` իշխանութեան հասնելէ ետք, յաջողեցաւ Թուրքիոյ տնտեսական աճը բարելաւել ու յատկապէս 2011-ին այդ աճին տոկոսը հասցնել 8,8 առ հարիւրի, համաշխարհային մակարդակով Թուրքիան դարձնելով Չինաստանէն վերջ երկրորդ տնտեսական մեծագոյն աճ արձանագրող երկիրը, այդուհանդերձ, արեւմտեան ներդրումներու եւ դրամագլուխներու աննախադէպ հոսքը, միջազգային դրամատան Թուրքիոյ  պարտադրած կառուցային բարեփոխումներն ու ընթացակարգերը արմատական հարցեր յառաջացուցին Թուրքիոյ տնտեսութեան մէջ: Այս կացութիւնը օգտագործեցին Թուրքիոյ մրցակից երկիրները` Միացեալ Նահանգներու, Արաբական Էմիրութիւններու եւ Սէուտական Արաբիոյ ճամբով յաւելեալ ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ տնտեսութեան վրայ: Տնտեսական հարցերէն  առաւելագոյն տուժողները եղան երկրի մեծագոյն քաղաքներուն բնակիչները, որովհետեւ անգործութիւնը տիրեց, եւ թրքական լիրային արժէքը 35 առ հարիւր տոկոսի հասնող անկում մը ապրեցաւ: Էրտողանի եւ իշխող կուսակցութեան ի գործ դրած քաղաքական հալածանքները, ազատ խօսքի կաշկանդումներն ու հարիւրաւոր քաղաքական թէ մամլոյ գործիչներու ձերբակալութիւնները անարձագանգ պիտի չմնային բնականաբար: Ասոնք եւս  իշխող տարրին վարկն ու ժողովրդականութիւնը նուազեցնող ներքին ազդակներ հանդիսացան:Արտաքին առումով, Թուրքիոյ  դէպի Ռուսիա կտրուկ  թեքումին պատճառով Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն վատթարացումը, Իրանի հետ Ասթանայի գործընթացին սատարումը, Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի հետ յարաբերութիւններուն թուլացումը, սուրիական տագնապի հրահրման մէջ ունեցած բացասական դերը, քրտական կողմին հետ ուժի եւ բռնութեան լեզուով հանդէս գալը, իսկ Սուրիոյ պարագային, Իտլիպի հարցին լուծման չհասնելու իր ձախաւերութիւնը առիթ ընծայեցին, որ ընդդիմադիր ուժեր տեղական ինքնակառավաման մարմիններու ընտրութիւններուն  կեդրոնական քաղաքներուն մէջ քուէներու աւելի մեծ համեմատութեան արժանանան:Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական  կուսակցութիւնը սուրիական հարցին առումով եւս աւելի հաւասարակշռուած մօտեցումով եւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ բանակցութեան մէկէ աւելի եզրեր գտնելով` արտաքին ու ներքին առաւելներ արձանագրեց:  Այս բոլորին լոյսին տակ վերլուծաբաններ կը նախատեսեն Թուրքիոյ իշխող տարրին  բրտութեան սաստկացումը` թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար: Երեւոյթ մը, որ կ՛ենթադրուի, թէ աւելի պիտի նուազեցնէ այդ տարրին ու երկրի նախագահին ժողովրդականութիւնը:

«Գ.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>