Երկար սպասումէ ետք, 1 ապրիլ 2019-ին արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան օժտուեցաւ իր առանձին յղումով` hyw.wikipedia.org (url): Այս կարգանիշին միջոցով կարելի է այցելել արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առցանց հարթակը:
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին հարթակ դառնալու նպատակին նպաստեցին Ուիքիմետիա Հայաստան կազմակերպութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, որոնք անցնող տարիներուն ընթացքին ստեղծեցին արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ու հովանաւորեցին անոր նախագիծները:
2014 թուականէն ի վեր արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի շուրջ համախմբուած են հարիւր յիսունէ աւելի կամաւոր խմբագիրներ, որոնք պարբերաբար մասնակցած են վերապատրաստման դասընթացքներու: Այսօր արդէն իսկ ունինք 7500-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածներ, որոնք տեղակայուած են արեւելահայերէն Ուիքիփետիայի բաժանմունքին մէջ եւ շուտով պիտի տեղափոխուին արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի հարթակը: Մեր մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ այս թիւը օրէ օր աւելցնել եւ որակը բարձրացնել:
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա ազատ հանրագիտարանին նպատակը եղած է ու կը մնայ հայթայթել բազմապիսի եւ բազմաբովանդակ` հայկական եւ համաշխարհային յօդուածներ` այսպիսով կարեւոր ներդրում ունենալով արեւմտահայերէնի առցանց զարգացման ուղղութեամբ:
«Կը շնորհաւորենք արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ուիքի համայնքը եւ արեւմտահայերէն խօսող մեր հայրենակիցները», ըսաւ Ուիքիմետիա Հայաստանի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանը: «Այս իսկապէս կարեւոր քայլ մըն է` արեւմտահայերէնը ներմուծելու ժամանակակից ծրագիրներու մէջ եւ անոր տալու նոր շունչ ու նոր եռանդ»:
«Այս ուրախ առիթով մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բոլոր կամաւորներուն ու խմբագիրներուն: Շնորհակալութիւն` բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ու կը շարունակեն սատարել սոյն աշխատանքի իրականացման», յայտնեց արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա նախագիծի համակարգող Ազնիւ Ստեփանեանը: «Թերթատելով արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի էջերը` պարզ կը դառնայ, որ այս հարթակը իր կարեւոր դերը կրնայ խաղալ լեզուի գործածութեան խթանումին, ինչպէս նաեւ մասնագիտական եւ այժմէական նիւթերով ու դարձուածքներով անոր զարգացման մէջ»:
Նշենք, որ արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի կարգանիշը ընդունուեցաւ 30 յունուար 2018-ին, SIL International-ի կողմէ, որ ISO 639-3-ը արձանագրող մարմինն է: Նոր կարգանիշ ունենալու միտքը սկիզբ առած էր արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին բաժին մը ստեղծելու հեռանկարով, սակայն պիտի կարենայ ծառայել նաեւ համացանցի վրայ արեւմտահայերէնով տարբեր ծրագիրներ (ինչպէս` սրբագրիչ, փոխադրիչ, թարգմանիչ) մշակելու աշխատանքին:
«Ուիքիփետիան կարեւոր հարթակ մըն է, ուր արեւմտահայերէնը կարելի է գործածել զանազան ձեւերով` կարդալով, խմբագրելով, բարելաւելով ու ստեղծելով արեւմտահայերէն յօդուածներ», ըսաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը: «Ուրախ ենք, որ մեր աջակցութիւնը արդիւնաւէտ հիմքերու վրայ դրուած է: Յուսանք, որ լեզուին տիրապետող բոլոր անհատները օգտագործեն այս առիթը` համացանցին վրայ զարգացնելու արեւմտահայերէն բովանդակութիւնը»:
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան բաց է բոլորին: Ուիքիփետիայի խմբագրման գործիքներուն ծանօթ ոեւէ անհատ կրնայ հոն իր մասնակցութիւնը բերել:
Սիրով,
Ուիքիմետիա Հայաստան