Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Ակնարկ. Ռուսական Նուէր Թեհրանի Հաշուոյն

$
0
0

Մոսկուայի մէջ կայացած Փութին – Նեթանիահու հանդիպումը կարելի է վերլուծել իսրայէլեան ընտրութիւններուն անմիջականօրէն նախօրէին կատարուած գործողութիւն` վարկանիշի ապահովման եւ ընտրական գործընթացին վրայ կարեւոր ազդեցութիւն ունենալու գործօնի հանգամանքներով: Արագօրէն ուշագրաւ է այն, որ թէ՛ Թրամփը եւ թէ՛ Փութինը իրենց քայլերով եւ յայտարարութիւններով կը նպաստեն Նեթանիահուի վարկանիշի բարձրացման:

Հրապարակուած թեման Սուրիան է. լրատուութիւններուն տողատակերը կարդալով կ՛եզրակացուի, որ գրաւոր մշակուած ծրագիր բանակցային սեղանի վրայ չէ դրուած, այդուհանդերձ կողմերը քննարկած են խաղաղութեան հաստատման գործընթացին իրենց դերերը համադրելու կարելիութիւնները:

Քաղաքական պահը սակայն միայն ներիսրայէլեան ընտրութիւններով մեկնաբանելը առարկայականօրէն ճիշդ պիտի չըլլար: Խնդիրը էապէս տարածաշրջանային տարողութիւն ունի եւ անպայման լուսարձակներ կը բանայ ո՛չ միայն առնչուած երկու կողմերուն, այլ այս պարագային սուրիական հակամարտութեան մէջ շահագրգիռ եւ ներգրաւուած պետութիւններուն վրայ: Հիմնականին մէջ` Անգարայի եւ Թեհրանի ուղղութիւններով:

Անգարա – Թել Աւիւ յարաբերութիւններու գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ վերալարուած իրավիճակը այստեղ անպայման նկատի պէտք է ունենալ: Եւ ամէն անգամ, որ սուր ուղերձներ կը փոխանցուին երկուստեք` ցեղասպանական պետութիւն ըլլալու փոխադարձ ամբաստանութիւնները հերթական անգամ կը հնչեն կիսապաշտօնական, երբեմն նաեւ ուղղակի պաշտօնական բեմերէ: Էրտողան – Նեթանիահու հեռակայ սուր բանավէճը յատկանշուած էր իր խստութեամբ: Չմոռնանք, որ Էրտողանը հրապարակայնօրէն յայտարարած էր, թէ Կոլանի հարցը պիտի փոխանցէ ՄԱԿ-ին եւ թէ ոչ մէկ ձեւով արդարացուած է Ուաշինկթընի որոշումը` իսրայէլեան գերիշխանութիւնը այդ բարձունքներուն վրայ ճանչնալու առումով:

Բայց խնդիրը աւելի սուր կերպով կը վերաբերի Թեհրանին: Այս հանդիպումին առանցքային հանգոյցը Պեքաայի շրջանին մէջ 1982-էն ի վեր կորած հրասայլի եւ զինուորներէն մէկուն աճիւններուն յայտնաբերումն է եւ անոր տունդարձի հանդիսաւոր կազմակերպումը: Փութինի նուէրը` Նեթանիահուին ըսելաձեւով բացատրուող այս գործողութիւնը, ունի որոշ հանգամանքային ծալքեր, որոնք լոյսին բերելը քաղաքական գործընթացներու ուղենշային ընթերցումներուն կը ծառայեն:

Աճիւններու յայտնաբերումի քաղաքական պահու ընտրութիւնը, ինչպէս ըսինք միայն ներիսրայէլեան գործընթացներուն վրայ ազդելու չի միտիր. անոր առընթեր միջինարեւելեան օրակարգերու իրականացման դերերու յստակացման առիթը կ՛օգտագործէ: Նեթանիահուն վերընտրել տալով ռուս-ամերիկեան միջնորդաւորուած համաձայնութեան մը առարկայացման դրսեւորումն է, որ կ՛արձանագրուի:

Նկատենք, որ ո՛չ միայն Անգարան, այլ նաեւ Թեհրանը եւ անոր լիբանանեան արբանեակ նկատուող Հըզպալլա կուսակցութիւնը հակազդեցութիւն չեն ունեցած առ այս պահը: Իսկ Թել Աւիւը ռուսական եւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ կը սաստկացնէ պայքարը Կազայի եւ պաղեստինցիներուն դէմ:

Դէպի Իսրայէլ առարկայացող ռուսական գործակցութիւնը տեսականօրէն հարուած է Մոսկուա-Անգարա-Թեհրան ռազմավարական գիծին: Փութինի նուէրը Թել Աւիւին` երեւութապէս Անգարայի, բայց յատկապէս շեշտուած ձեւով Թեհրանի հաշուոյն:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>