Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13237

Ստացուած Գիրքեր. Շուշի (Հեղինակ` Վահրամ Բալայեան)

Տեղն Ու Դերը Հայոց
Քաղաքակրթական Համակարգում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Երեւանի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ Վահրամ Բալայեանի «Շուշի. տեղն ու դերը հայոց քաղաքակրթական համակարգում» գիրքը` բաղկացած 560 էջերէ: Գիրքը տպագրուած է Արցախի գիտական կեդրոնի եւ Արցախի պետական համալսարանի գիտական խորհուրդներու երաշխաւորութեամբ:

Անիկա բաժնուած է եօթը գլուխներու:

Ներածութեան մէջ կ՛ըսուի, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ դժուար է գտնել Շուշիի նման այլ քաղաք մը, որ զինք արարող ժողովուրդի կեանքին մէջ ունենար ճակատագրական եւ որոշ առումներով հակասական դերակատարութիւն:

Շուշիի աշխարհագրական դիրքին մասին խօսելով`  Բալայեան կ՛ըսէ, որ քաղաքը հարաւէն, արեւմուտքէն, հիւսիս-արեւմուտքէն եւ հարաւ-արեւելքէն շրջափակուած է բարձր լեռներով, որոնցմէ նշանաւոր են Մեծ Քիրս եւ Քառասուն աղջիկ լեռնագագաթները: Միայն հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ լեռնաստանը կ՛իջնէ դէպի Ստեփանակերտ` Կարկառ գետի հունով փոխակերպուելով հարթավայրի:

Խօսելով Շուշի ամրոց-բնակավայրի պատմական հոլովոյթի մասին` հեղինակը կ՛ըսէ, որ բնակլիմայական բաւարար պայմանները, աշխարհագրական յարմարաւէտ դիրքը եւ մանաւանդ մարդու անվտանգ կեանքի համար նպաստաւոր միջավայրը թոյլ տուած են, որ Շուշիի սարահարթին եւ անոր յարակից վայրերուն մէջ հնագոյն ժամանակներէն ստեղծուէին բնակավայրեր:

Շուշին եւ անոր շրջակայքը կը գտնուէին Խաչենի իշխաններու, հետագային ալ` Մելիք Շահնազարեաններու տիրապետութեան տակ:

Բալայեան այնուհետեւ կը խօսի Ղարաբաղի խանութեան կազմաւորման մասին: Մելիք Շահնազարի դաւաճանութեան պատճառով թրքական ջեւանշիր ցեղի սարըջալլու տոհմի առաջնորդ Փանահ խան ԺԸ. դարու կէսերուն հաստատուեցաւ Շուշիի մէջ: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով թուրքեր սկսան թափանցել Արցախ եւ կազմաւորուեցաւ Ղարաբաղի խանութիւնը:

Արցախի հայ մելիքները ռազմական, դիւանագիտական եւ քաղաքական քայլերու ձեռնարկեցին, Շուշիի նորաբոյս թուրք տէրերու հակահայ գործողութիւնները ձախողութեան մատնելու եւ հայրենի բնակավայրը կրկին հայկական արմատներուն վերադարձնելու համար: Աղա Մոհամէտ խանի արշաւանքը աղիտալի հետեւանքներ ունեցաւ: Ռուս-պարսկական 1804-1813-ի պատերազմներուն Շուշիի բերդը ռուսերուն համար ապահով հանգրուան դարձաւ:

Կիւլիստանի դաշնագիրէն եւ ցարական իշխանութեան ամրապնդումէն ետք շրջանին մէջ ստեղծուած նոր իրողութիւնները նպաստեցին Շուշիի` ամրացուած բնակավայրէն բերդաքաղաքի վերածուելու եւ հայաշունչ դէմքը պահելու իմաստով:

Շուշի իրաւամբ դարձաւ կովկասահայ մտաւորականութեան ինքնատիպ հանգոյցներէն մէկը: Անոնք թարմ շունչ ներարկեցին հայկական բազմադարեան մշակութային եւ կրթական կեանքի նոր ընթացքին:

Շուշի Արցախի տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային մայրաքաղաքը եղաւ եւ հայոց արեւելեան նահանգներու հոգեւոր թեմական կեդրոնը դարձաւ:

Շուշի առանձին հմայքով իրեն կը քաշէր աշխարհի տարբեր ծագերէ, մասնաւորաբար` Այսրկովկասի եւ Իրանի տարբեր շրջաններու մէջ ապրող հայերը: Շուշի դարձաւ հայահաւաք կեդրոն:

Շուշի տեղափոխուած հայերը, ենթարկուելով արցախեան միջավայրի ազդեցութեան, քանի մը տասնամեակի ընթացքին մոռցան իրենց բարբառներն ու սովորութիւնները, խառնուեցան տեղացիներուն եւ հանդէս եկան իբրեւ մէկ ընդհանրութիւն:

Շուշիի հայութեան յառաջդիմական, ազատասիրական գաղափարներու դրսեւորումներուն նկատմամբ ցարական կառավարութեան թշնամական վերաբերմունքը շօշափելի էր ու տեսանելի: Անոնք իրենց արտայայտութիւնները ստացան շուշեցի մտաւորականներու, գործիչներու հալածանքներու, լուսաւորական, կրթական, մշակութային հաստատութիւններու փակման եւ հայ-թաթարական արիւնալի բախումներու սանձազերծման դրսեւորումներով:

Արցախահայութեան պետականութեան վերակերտման գործին մէջ, 1917-1920-ին, Շուշիի հայութիւնը անուրանալի դերակատարութիւն ունեցաւ: Ազրպէյճան ամէն ձեւով փորձեց տիրանալ Շուշիին եւ ծունկի բերել ժողովուրդը: Շուշեցիք ամէն ջանք թափեցին ձախողութեան մատնելու թուրքերու հայասպան ծրագիրները: 23 մարտ 1920-ին մոխրակոյտի վերածուեցաւ հայոց շէնշող Շուշին:

Խորհրդային տարիներուն Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը Շուշիի վերապահեց Արցախի հայութեան համար զսպաշապիկի դերակատարութիւն: Հայ մարդու հայրենիքին մէջ անոր իսկ ձեռքով կառուցուած քաղաքը կը գործէր ընդդէմ հայութեան:

Այնուհետեւ Բալայեան կը ներկայացնէ Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութիւնները, հայրենիքը ազատագրելու համար հայ զինուորի աննկուն կամքը եւ Շուշիի ապագայի հանդէպ անսահման պատասխանատուութիւնը:

9 մայիս 1992-ի փառահեղ յաղթանակը համահայկական վերածնունդի նախերգանքը դարձաւ:

Վահրամ Բալայեան կ՛եզրափակէ` ըսելով, որ համայն հայութեան ջանքերով վերընձիւղուած Շուշին բազում դարերու ընթացքին հոն ապրած հայ մարդոց օրհնանքի եւ արարումի ուժով Արցախի սիրտին մէջ, հայեացքը լուսաւոր ապագային, կը փորձէ կրկին ու կրկին դառնալ հաւատքի ու մաքառումի անսպառ աղբիւր: Հայրենի պետութեան գիրկին մէջ, բերդաքաղաքին կը սպասէ զարգացում ու նոր հորիզոններու նուաճում:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Շուշիի արեւելեան բերդապարիսպի աշտարակները

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Շուշի ԺԹ. Դարու կէսերուն

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13237

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>