Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Ստացուած Գիրքեր. Շուշի. Քարեղէն Անխօս Վկաներ (Հեղինակ` Հրաչիկ Յարութիւնեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ստեփանակերտի մէջ 2013-ին լոյս տեսաւ Հրաչիկ Յարութիւնեանի «Շուշի. քարեղէն անխօս վկաներ» գիրքը` բաղկացած` 292 էջերէ. խմբագիր` Մաքսիմ Յովհաննիսեան:

«Երկու խօսք»-ին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ աշխատութիւնը կը պարունակէ նիւթեր Շուշիի 18-19-րդ դարերու ճարտարապետական կառոյցներու` մասնաւորաբար գերեզմանատուներու արձանագրութիւններու մասին: Յուշակոթողներու եւ շիրմաքարերու վրայ փորագրուած վիմագիրերը սերունդներուն կը փոխանցեն արժէքաւոր վկայութիւններ` Արցախի քաղաքական, մշակութային, հասարակական, տնտեսական եւ ռազմական տարբեր բնագաւառներու մասին:

Շուշիի բերդապարիսպի մասին խօսելով` Հրաչիկ Յարութիւնեան կ՛ըսէ, որ քաղաքի հարաւ-արեւելեան կողմը, Հոնուտի կիրճի ձախափնեայ ժայռի ուսին առաջին բերդ-ապարանքը կառուցուած է 1720-1724-ին: Ժամանակի ընթացքին կառուցուած են պաշտպանական նոր կառոյցներ: Բերդը ունեցած է չորս դուռ եւ  երկյարկանի 21 աշտարակ:

Շուշիի մէջ ոսկերչութեան եւ ակնագործութեան մասին խօսելով հեղինակը կ՛ըսէ, որ ոսկերիչներու արհեստանոցները տեղակայուած եղած են Ղազանչեցոց եւ Ագուլեցոց եկեղեցիներու հարեւանութեամբ ու քաղաքի հայկական շուկային մէջ: Արհեստաւորները զբաղած են նաեւ ակնագործութեամբ, եւ օգտագործած փորագիր թանկարժէք քարեր:

Յարութիւնեան կ՛ըսէ, որ Շուշիի հին գերեզմանատուներու արձանագրութիւնները տեղեկութիւն կու տան մեր նախնիներու կեանքի ու կենցաղի, արհեստներու, կրթութեան, մշակոյթի եւ առեւտուրի, ինչպէս նաեւ տոհմերու եւ ազգանուններու ծագումնաբանութեան մասին: Այսպէս` Ժամհարեան (ժամ-եկեղեցի հրաւիրելու համար զանգակը հարուածող), Բարութչեան (բարութ` վառօդ, չի` զբաղում ցոյց տուող), Ղոնդաղսազեան (հրացաններու համար փայտէ Ղոնդաղ` կոթ պատրաստող), Կրասիլնիկեանց (ռուսերէն կրասիլշչիկ` կտորեղէն թել ներկող), Շահնազարեան (պարսկերէն շահ` թագաւոր, արաբերէն նազար` հայեացք. այն անձը որուն ուղղուած է շահին հայեացքը) եւ այլն:

Շուշիի արձանագրութիւնները կը վկայեն հայ ժողովուրդի գողգոթան: Յարութիւնեան կ՛ըսէ, որ Շուշիի գերեզմանատուներու մատեաններուն էջերը լեցուն են բանաստեղծութիւններով, պատգամներով, երեւելի մարդոց ու գերդաստաններու կենսագրութիւններով, պատմական կարեւոր դէպքերու մասին տեղեկութիւններով:

Կան բազմաթիւ արձանագրութիւններ, որոնք կը խօսին ու կը վկայեն որ ազգամիջեան թշնամանքը կու գայ հին ժամանակներէն: Արձանագրութիւնները կը հաւաստեն, որ ազգամիջեան զինուած ընդհարումները կազմակերպուած են պետական մակարդակով: Սպանութիւններ կատարուած են ունեւոր քրիստոնեայի, հայու անձնական ունեցուածքին տիրանալու նպատակով:

Վիմագիր արձանագրութիւնները կը խօսին նաեւ Շուշիի արհեստներու եւ կենցաղի մասին: Կարեւորագոյն նկատուող արհեստները` ոսկերչութիւն, ակնագործութիւն, զինագործութիւն, պղնձագործութիւն եւ դարբնութիւն, նկատուած են գերդաստաններու սեփականութիւն եւ փոխանցուած սերունդէ սերունդ: Եւ այդ գերդաստաններն ալ կոչուած էին կրելով տուեալ արհեստի ազդեցութիւնը: Արհեստանոցները տեղակայուած եղած են երբեմնի Երեւանեան փողոցի աջ եւ ձախ կողմերուն վրայ:

Շուշիի վիմագիր ժառանգութեան մասին խօսելով հեղինակը կ՛ըսէ, որ հին հայկական գերեզմանատուները իւրատեսակ դպրոց են արուեստի բնագաւառին մէջ: Շուշիի հին քրիստոնէական գերեզմանատուներու եւ պատմա-ճարտարապետական կառոյցներու արձանագրութիւնները այն հազարաւոր անխօս վկաներն են, որ քաղաքին մէջ ապրած են 130-է աւելի հայկական գերդաստաններ եւ գործած են 30-է աւելի կարեւոր նշանակութիւն ունեցող արհեստներ:

Արցախի բոլոր հին գիւղերու գերեզմանատուներուն մէջ կան բազմաթիւ խաչքարեր եւ արձանագրութիւններ` գրուած շիրմաքարերու վրայ, որոնք կը վկայեն այն մասին, որ Կուր եւ Արաքս գետերու միջեւ հոսանքը գրաւող բնակավայրերուն մէջ հայերը ապրած են հին դարերէն:

Հրաչիկ Յարութիւնեան կ՛ըսէ, որ գերեզմանոցն աւելին է, քան բնակավայրը, եւ բնիկ շուշեցի գերդաստաններ իրենց տոհմական գերեզմանները ունին: Գերեզմանաքարերը կը յուշեն, որ Շուշիի մէջ միշտ անհանգիստ բաբախած է ինչպէս մարդու սիրտը, այնպէս ալ ժամանակը, յատկապէս 1905-1906 եւ 1918-1920 տարիներուն, եւ 30 հազար հոգի հաշուող հայութիւնը յաճախ լուռ ու մունջ տարած է նուաստացումը եւ վերջաւորութեան ստիպուած ձգած է իր շինած, հուրի մատնուած գեղեցիկ քաղաքը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>