Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Գիւմրին` Նաեւ Համի Մշակոյթի Կեդրոն

$
0
0
Նախագահ Սարգսեան «Ֆրանսայի Համը» Խորագիրով Ընթրիքին Առաջարկած Է Իրականացնել «Հայաստանի Համը» Աշխարհին Մէջ Նախաձեռնութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցած է «Ֆրանսայի համը» խորագիրով կայացած, աշխարհին մէջ աւանդական դարձած ընթրիքին, որ այս տարի կազմակերպուած էր Գիւմրիի մէջ:

Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» կեդրոնին մէջ պետական գործիչներու, դիւանագէտներու, արուեստի, մշակոյթի գործիչներու եւ գործարարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիսաւոր ընթրիքին ներկայացուած է ֆրանսական խոհանոցը, որ կը նկատուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական ժառանգութեան մէկ մաս:

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին հրաւէրին ընդառաջելու եւ իր ներկայութեամբ ընթրիքը պատուելուն համար: Ան նշած է, որ աւանդական նախաձեռնութիւն ըլլալով, այս տարի ընթրիքը Գիւմրիի վերածնունդի մասին է, իսկ նախագահ Սարգսեան այդ վերածնունդի աշխուժ մասնակիցներէն ու ջատագովներէն է: Այդ թեմայով հանրապետութեան նախագահը առիթ ունեցած է խօսելու նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ:

Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ ողջունած է նման ձեռնարկի կայացումը Գիւմրիի մէջ` նշելով, որ Գիւմրին ճիշդ տեղն է նման միջոցառման եւ նոր աւանդութեան մեկնարկի: «Կը կարծեմ, թէ մենք հիմը դրած ենք հոյակապ աւանդութեան մը, քանի որ ուտելիքն ու համը մշակոյթի կարեւոր մաս են, իսկ ֆրանսական մշակոյթը ամէնէն հիասքանչներէն մէկն է: Ուստի շատ ուրախ եմ, որ ուտելիքի եւ մշակոյթի համը Հայաստանի մէջ կը սկսի Ֆրանսայէն եւ Գիւմրիէն», իր խօսքին մէջ յայտնած է նախագահ Սարգսեան:

Նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է այսուհետ եւս մասնակցիլ նման հաւաքոյթի` առաջարկելով հանդիպման ներկայ եղող, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներուն կազմակերպել իրենց երկիրներուն խոհանոցն ու աւանդութիւնները ներկայացնող նման միջոցառում. «Եթէ իմ դիւանագէտ ընկերներս շարունակեն աւանդութիւնը եւ յաջորդ համի օրը եւս կազմակերպեն այստեղ` Գիւմրիի մէջ, եւ ատիկա ըլլայ Լիբանանի, Յունաստանի, Իտալիոյ, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու օր, ես շատ ուրախ պիտի ըլլամ եւ կը վստահեցնեմ, որ ներկայ պիտի գտնուիմ այդ հիասքանչ ընթրիքին»:

Միաժամանակ, նախագահ Սարգսեան առաջադրած է երեք նախապայման այդպիսի միջոցառման համար` անիկա պէտք է կայանայ Գիւմրիի մէջ, պէտք է ներկայացուի որեւէ երկրի համը եւ մշակոյթը, եւ երրորդ` պէտք է հրաւիրուին մարդիկ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան ներդրում կատարելու Գիւմրիի մէջ` մշակոյթի, կրթութեան, գործարարութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:

Նախագահ Սարգսեան առաջարկած է նաեւ ամէն տարի, սեպտեմբեր 21-էն սկսեալ, մէկ ամսուան ընթացքին կայացնել նման նախաձեռնութիւններ`«Հայաստանի համը» խորագիրով, Հայաստանի համը` խոհանոցն ու մշակոյթը, տարածելով ամբողջ աշխարհին մէջ:

Ընթրիքին ընթացքին «Տիրամայր Հայաստանի» կեդրոնի սաները հանդէս եկած են երգերով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>