Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Ասպետական Տղոց Վերադարձին Կարօտով Կ՛ապրինք (Եղիկ Գայայեան – 30-ամեակ)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Եւ ժպտուն` ընկեր մը ներս մտաւ, շքեղօրէն գեղեցիկ,
եղբայրադէմ եւ ահաւոր…:
ՍԻԱՄԱՆԹՕ

Չեմ յիշեր, թէ քանի՞երորդ անգամն է, որ ընթերցած կ՛ըլլամ բանաստեղծին այս քերթուածը` «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ…»: Սակայն առաջին անգամն է, որ սրտիս եւ մտքիս պաստառին վրայ ուժեղ գրգիռ մը իր ազդեցութիւնը կը բանեցնէ, եւ զիս կը մղէ ուշադրութիւն դարձնելու վերեւ մէջբերուած տողին` յիշեցնելով մեր աննման տղուն` Եղիկ Գայայեանի նահատակութեան վայրկեանը` 3 ապրիլ 1989-ին:

Ճիշդ է, որ 30 տարիներ անցած են այդ զարհուրելի օրէն, սարսափի եւ աւերի ժամանակներէն, Լիբանանի քաղաքացիական խօլ պատերազմի մէկ փուլէն, սակայն այսօրուան պէս, մենք` Պուրճ Համուտի Արագած շրջանի բնակիչները եւ հաւատաւոր տղաները, կը յիշենք մեր եղբօր, հարազատին եւ դաշնակցական ընկերոջ այս կեանքէն հրաժեշտի պահը, դէպի անմահութիւն սլացքը, հեքիաթային ժպիտը:

Դէպի մահ, ու ժպի՞տ, այս ինչ հակոտնեայ երեւոյթներու մասին է խօսքը, պիտի ըսեն կարգ մը մարդիկ, որոնց համար դեռ անյստակ կը թուին ըլլալ բազմապիսի ու բազմաբնոյթ մարդկային հոգեվիճակներու եւ անտեղիտալի կամքի առկայութիւնը, համայնակուլ կացութիւններու մէջ եզակի կեցուածք եւ մարտունակ ոգի ցոյց տալու եղիկեան արտայայտութիւնը:

Այո՛, կացութիւններ, որոնք շատ անգամ կամքէ անկախ են եւ պարտադրուած, ինչպէս էր պարագան` լիբանանահայութեան, որ ամբողջ 15 տարի անվախօրէն թիավարեց հոսանքն ի վեր, անցնելով եղբայրասպան պատերազմի ամէնէն քստմնելի ալիքներուն մէջէն, զոհելով ամէն ինչ` յանուն ազգային արժանապատուութեան,  հայահոծ շրջաններու պաշտպանութեան, տիրութեան եւ արժանահաւատ կեանք մը ունենալու հաւատամքի բոցավառումին:

Ու այդ պաշտպանական համակարգի պատուանդանին վրայ հպարտօրէն կը կանգնի Եղիկ Գայայեան անունով երիտասարդ մը, որ,  շնորհիւ իր ասպետական ոգիին, դաշնակցականի դաստիարակութեան, խիզախ նկարագիրին, ժողովրդանուէրի  յատկութեան, բայց մանաւանդ` եզակի ընկերասիրութեան, կրցաւ իր ԺՊԻՏԸ քանդակել առաջին հերթին զինք ճանչցողներու հոգիին մէջ, ապա` հայ ժողովուրդի նորօրեայ պատմութեան ոսկեայ էջերուն:

Իրօք, ապրիլի 3-ին, երեկոյեան, Արագած թաղամասը կ՛ենթարկուէր ահաւոր ռմբակոծումի, իր տեսակին մէջ աննախադէպ, երբ ամենածանր հրետանին գործի լծուած ահ ու սարսափ կը սփռէր շուրջ բոլոր: Ու այդ պայմաններուն մէջ, հերոս տղաներ եւ պատասխանատուներ, ամրացած ՀՅԴ «Դրօ» ակումբի մէջ, թեւ եւ թիկունկ էին շրջանի հայութեան, հասնելով բոլորի կարիքներուն եւ փրկութեան կանչերուն:

Եւ ահա, յետ սարսափազդու ռումբի մը պայթումին, հայ ընտանիքի մը փրկութեան կանչը կը հասնի ակումբի տղոց ականջին: Եղիկն էր, որ առանց դոյզն երկմտանքի կը հագուէր փամփշտակալը եւ կը նետուէր մահուան գիրկը` հասնելու պայթումի վայր ու փրկելու հայ ընտանիքը:

Ռումբին կը յաջորդէին բազմաթիւ ուրիշներ, հայոց բնակարանները հազիւ թէ կարենային պաշտպանուիլ. կրակ ու բոց էր ամէնուրեք, հայու արիւնը կը հեղուր դաժանօրէն, իսկ ասպետները` հայ տղաքը, ապաւինելով իրենց հզօր կամքին ու ժայռացած հոգիին, կը նետուէին մահասփիւռ պայթումներու յորձանուտին մէջ, փրկելու հայու զաւակները եւ զանոնք փոխադրելու շրջակայ հիւանդանոցներ:

Բանաստեղծին բառերով` «հասակին ձեւերը մարմարներու զօրութիւններէն կերտուած» Եղիկ, րոպէ մը ետք, կրակի մկրտութեան` նահատակութեան միւռոնը ճակտին, կը վերադառնայ  ակումբ. թէեւ իր դաշնակցականի պարտականութիւնը կատարածի գոհունակութեամբ, սակայն «իր ծանրախոհ գլուխը սգաւոր կիսաստուածի մը արիւնոտ սրտին կը նմանէր…»:

Պարթեւահասակ, հուժկու եւ քաջասիրտ Եղիկ Գայայեան` սրտէն վիրաւոր, մուտք կը գործէ ակումբ, կը յանձնէ իր ատրճանակը եւ կ՛իյնայ գետին: Անոր յաղթողի նայուածքն ու սրբազան հոգին, այդ վայրկեանին իսկ, կը սկսին թեւածել ներկայ ընկերներու ներաշխարհէն ներս` իբրեւ «նոյն ճակատագրին խորհրդանիշը»:

Դաշնակցական ընկեր Եղիկ իր այս ապառաժեայ կեցուածքով կը պատգամէր բոլորին, նաեւ գալիք սերունդներու, թէ դաշնակցական ընկերը, ինչ պայմաններու մէջ ալ գտնուի, պէտք չէ վախնայ մահէն ու տառապանքէն, չտկարանայ եւ անվհատ շարունակելէ  նախնեաց երթը` հայութեան ու հայրենիքի պաշտպանութիւնը:

Քիչ ետք լռած էինք բոլորս, ցասում եւ հառաչանք կար մեր յուզաշխարհին մէջ: Կ՛ափսոսային մեծերն ու փոքրերը` ի տես մաքրամաքուր եւ անձնուէր ընկերոջ մը կորուստին: Այս անգամ ընկերները իրենց հարազատ տղան էր, որ հասցուցած էին հիւանդանոց, անշնչացած վիճակի մէջ, որ սակայն անոր «աչուըներուն կայծը, երկնքի աստղերէն կը ծորէր»: Լուռ էր նաեւ ինք` Եղիկ, «ինչպէս երազ մը, որ առաւօտին երեւումէն կ՛անհետի…»:

Եւ ահա, այդ դժբախտ դիպաշարերով յագեցած օրերէն արդէն 30 տարի է անցեր: Ճիշդ է, որ ա՛լ պատերազմի արհաւիրքը չէ, որ մեզ կը հալածէ, ոչ ալ կրակի ու բոցի տեսարաններ կ՛անճիտեն մեր երազները, այդուհանդերձ, մեզի հետ են մեր նահատակ ընկերները, իրենց առաքինի նկարագիրով, եզակի հոգեկերտուածքով եւ ասպետական ոգիով: Անոնք ամէն քայլափոխի կը շարունակեն թարմացնել մեր մտքերը` յիշեցնելով, որ ազգեր կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն, երբ ծնունդ կու տան հերոս եւ յանդուգն տղաներու, նուիրեալներու:

Անոնք` նահատակները, նաեւ զգաստութեան կը հրաւիրեն մեզ, տիրութիւն ընելու ազգային դիմագիծին ու արժանապատուութեան, մանաւանդ` հաւատարիմ  մնալու թափած արեան իւրաքանչիւր կաթիլի` յանուն գաղութահայ կեանքի բարելաւման եւ ուժեղացման:

Այո՛, այդ նուիրեալներու փաղանգին մաս կը կազմէր Եղիկ Գայայեան, որ ապրեցաւ 25 գարուններ միայն: Ան, իբրեւ հայրենապաշտ եւ ազգը սիրող երիտասարդ, գերազանցեց ինքզինք` ցոյց տալով զոհողութեան եւ նուիրումի վսեմ ճանապարհ: Եղիկ, շնորհիւ իր անյագ ընթերցասիրութեան, կրցաւ ամբարել գնահատելի գիտութիւն, եղաւ գաղափարապաշտ երիտասարդ, ըմբոստ եւ արդարադատ:

Ի դէպ, բոլոր զինք ճանչցողները կը վկայեն, որ մեր այս տղան հարազատ ժառանգորդ մըն էր դաշնակցական արժէքներու (արիութիւն, գաղտնապահութիւն, բարոյականութիւն, ընկերասիրութիւն եւ այլն), ան իր ուսերուն կը կրէր հաւատամքի եւ հաւատարմութեան «ծանրութիւնը», առանց վհատութեան եւ տրտունջի:

Անոր ազնուական հոգին եւ անշահախնդիր կերպարի բարեմասնութիւնը երբեք չհանդուրժեցին կեղծ ու ստապատիր վարքագիծ ունեցող մարդիկը: Աւելի՛ն. Եղիկի կատարելապաշտի եւ անսահման բարութեան խառնուածքի գիծերը  ուղեկից եղան անոր եւ լուսաւորեցին անոր եզակի ճանապարհը մինչեւ նահատակութիւն:

Երբեմն ամենամօտիկ ընկերներ անգամ կը զարմանային Եղիկին ունեցած, այսպէս ըսած, հակասական (կարծր-բարի, խիզախ-հեզահամբոյր, կատարելապաշտ-ներողամիտ եւ այլն) նկարագրային գիծերուն, բայց երբեք չէին կասկածեր անոր հաստատակամութենէն եւ սկզբունքայնութենէն:

Եղիկ նոյնիսկ իր սիրոյ (Ծովինարի հանդէպ) հեքիաթին մէջ եղաւ բացարձակ ճշմարտախօս եւ չյանձնուեցաւ բնազդական կիրքերու: Աւանդապաշտ մեր տղան ամբողջ սրտով երգեց երիտասարդականի իր սէրը, ինչպէս` Պարոյր Սեւակ, Շիրազ, Համօ Սահեան, Չարենց, Վահագն Դաւթեան, Վազգէն Շուշանեան եւ շատ ուրիշներ:

Սակայն, ճակատագիրի հեգնանք մը (ճամբորդութիւն) պատճառ դարձաւ, որ անոր սիրեցեալը բաժնուի իրմէ, եւ այլեւս չտեսնուին երբեք…  Այդ օրէն սկսեալ, Եղիկ ինկաւ տխրութեան գիրկը եւ իր երազներուն մէջ կառուցեց իր սիրոյ հեքիաթը:

Մարգարէաշունչ Սիամանթօ իր այս քերթուածին մէջ ունի տող մը, որ կ՛ըսէ. «Ես որբ մըն եմ եւ ըմբոստ մը, մնաս բարեա՜ւ, կորուսեալներս փնտռելո՜ւ կ՛երթամ…»:

Յիրաւի, Եղիկ մանկութեան օրերէն կորսնցուցած էր իր հայրն ու մայրը, որբ էր մնացեր իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ: Հաւանաբար, նաեւ այս իմաստով ան կանուխ հեռացաւ այս աշխարհէն` փնտռելու կորուսեալները, նախ` իր ծնողքը, ապա` սիրածը:

Մենք ալ, մեր կարգին, ի դէմս սկեպտիկներու (որոնց քանակը տակաւ կը շատնայ, դժբախտաբար) բարձրագոռ կ՛ըսենք, որ պիտի շարունակենք ասպետական, անկրկնելի եւ հաւատաւոր տղոց վերադարձի կարօտով ապրիլ, որովհետեւ ազգին  նուիրեալ տղաները կը վերածնին, ծիլեր կու տան ու կը ծաղկեցնեն հայրենիքի լեռներն ու ձորերը, դաշտերն ու ընդարմացած հոգիները:

Փաստը` վրիժառու ասպետները, Լիզպոնի տղաքը, Արցախի անկրկնելի հերոսները եւ շատ ուրիշներ:

Սիրելի՛ ընկեր, 30-ամեայ յիշատակիդ առիթով` փունջ մը կարմիր վարդ շիրիմիդ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles