Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13237

Թրամփ Իրաւունք Չունի Սուրիական Կոլանի Բարձունքները Յանձնելու Իսրայէլի

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Միացեալ Նահանգներու նախագահ դառնալէն ի վեր Թրամփ արհամարհած է ամերիկեան եւ միջազգային օրէնքները:

Քանի մը ամիս առաջ Ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթըն զարմանալիօրէն յայտարարեց, որ եթէ Միջազգային քրէական դատարանը (ՄՔԴ) հետաքննէ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացի զինուորներու կատարած որեւէ իրաւական խախտում, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պիտի արգիլէ ՄՔԴ-ի դատաւորներուն մուտքը Միացեալ Նահանգներ եւ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ անոնց հաշիւներուն վրայ, ամերիկեան դրամատուներու մէջ:

Ասիկա միջազգային իրաւունքի նկատմամբ ամբարտաւանութեան եւ քամահրանքի վկայութիւն է: Աշխարհի մնացեալ երկիրներուն համար, իբրեւ քաղաքակիրթ եւ ժողովրդավարական երկիր` օրինակ ծառայելու փոխարէն, Թրամփի վարչակազմը կ՛անտեսէ եւ կը խախտէ միջազգային որոշ պայմանագիրներ:

Թէեւ յստակ է, որ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ «ուժը կը ծնի իրաւունքը», սակայն Միացեալ Նահանգներու ոչ մէկ նախկին նախագահ այսպէս կոպտօրէն անտեսած է օրէնքի գերակայութիւնը:

Նախագահ Թրամփի վերջին գործողութիւնները արտաքին քաղաքականութեան մէջ առաւել քան մտահոգիչ են: Ան երբեք լուրջի չէ առած արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան ամբողջ բարդութիւնը: Ընդհակառակն, ան անտեղեակ` յայտարարեց, որ դիւրին է լուծել Միջին Արեւելքի հարցը եւ անպատասխանատու կերպով իր փեսան` Ճարետ Քուշների, որ դիւանագիտական փորձառութիւն չունի եւ ոչինչ գիտէ Միջին Արեւելքի մասին, նշանակած է արաբեւ-իսրայէլեան խաղաղութեան ծրագիրի պատասխանատու:

Անցեալ տարի անխոհեմ եւ վտանգաւոր այլ որոշումով մը Թրամփ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն փոխադրեց Երուսաղէմ, ինչ որ, ըստ իրաւունքի մասնագէտ Եւգենի Քոնթորովիչի, «հաւասարազօր է 1967-ի Վեցօրեայ պատերազմին գրաւուած հողերու նկատմամբ Իսրայէլի ինքնիշխանութեան ճանաչման»: Այլ կերպ ըսած, դեսպանատան տեղափոխումը Երուսաղէմ` միջազգային իրաւունքի խախտում է:

Անցեալ շաբաթ Թրամփ ցնցեց աշխարհը, երբ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ սուրիական տարածք համարուող Կոլանի բարձունքները, որոնք Իսրայէլի կողմէ գրաւուած են 1967-ին, իսրայէլեան տարածք են. «52 տարի ետք եկած է այն պահը, երբ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ամբողջութեամբ ճանչնան Իսրայէլի ինքնիշխանութիւնը Կոլանի բարձունքներուն նկատմամբ: Ռազմավարական եւ ապահովութեան տեսանկիւնէն, ասիկա խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունի Իսրայէլի պետութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան պահպանման համար»: 25 մարտ 2019-ին, Սպիտակ տան մէջ, Թրամփ, իր կողքին ունենալով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, ստորագրեց հռչակագիր մը` ճանչնալով Սուրիոյ Կոլանի բարձունքները` իբրեւ իսրայէլեան տարածք:

Արդեօք կրնա՞յ մարդ այսքան թեթեւամիտ ըլլալ` «Թուիթըր»-ի միջոցով տարածելու համար այսպիսի լուրջ յայտարարութիւն մը: Գրեթէ բոլոր պետութիւնները, բացառութեամբ Իսրայէլի, դատապարտեցին Թրամփի անխոհեմ յայտարարութիւնը: Եւրոպական Միութեան երկիրները, ներառեալ` Գերմանիա եւ Ֆրանսա, քննադատեցին նախագահ Թրամփի այս որոշումը: Իրան, Թուրքիա եւ Եգիպտոս նոյնպէս սուր քննադատութեան ենթարկեցին Թրամփը: Ինչպէս եւ կ՛ակնկալուէր, Սուրիա յայտարարեց, որ կը տիրանայ Կոլանի Բարձունքներուն «բոլոր կարելի միջոցներով»:

Կոլանի բարձունքները վիճելի տարածքներէն մէկն են, որոնք լուրջ բանակցութիւններու առարկայ դարձած են Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ` իբրեւ Իսրայէլի եւ արաբական երկիրներու միջեւ ընդհանուր խաղաղութեան ծրագիրին մէկ մասը: Յայտարարութիւնը այն մասին, որ Կոլանի բարձունքները կը պատկանին Իսրայէլի, կը ջնջէ Միացեալ Նահանգներու անաչառ միջնորդ ըլլալու չնչին կարողութիւնը: Խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ կողմերուն օգնելու փոխարէն` Միացեալ Նահանգները անգամ մը եւս անխոհեմ նախաձեռնութեամբ մը աւելի սրեցին իրավիճակը:

«Ինտիփենտընթ» թերթը մեջբերեց Գերմանիոյ կառավարութեան խօսնակին այն խօսքերը, որ Պերլինը «մերժած է միակողմանի քայլերը»` պետական սահմաններու վերանայման համար, աւելցնելով. «Եթէ պետական սահմանները պիտի փոխուին, այդ փոփոխութիւնը պէտք է կատարուի խաղաղ կերպով, բոլոր կողմերուն ներգրաւումով»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ չի ճանչնար Կոլանի բարձունքներու` Իսրայէլի կցումը (1981-ին), եւ որ` Թրամփի յայտարարութիւնը «կը հակասէ միջազգային իրաւունքին»:

Պաղեստինցիները անմիջապէս խստօրէն քննադատեցին Թրամփի որոշումը` ըսելով, որ ան ձախողցուց տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան կարելիութիւնը: Պաղեստինի խօսնակ Նապիլ Ապու Ռուտէյնէ յայտարարեց,  որ որոշումին կատարման վերաբերեալ որեւէ գործողութիւն կը նկատուի «ՄԱԿ-ի ընդունած բանաձեւերու խախտում, որեւէ արժէք չ՛ունենար եւ միայն թուղթի վրայ կը մնայ»: Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան Գործադիր կոմիտէի անդամ Հանան Աշրաուի զայն անուանեց «յարձակում միջազգային իրաւունքի վրայ»:

Նախագահ Թրամփ անհեթեթ կերպով խաթարեց Իսրայէլի անվտանգութիւնը` արաբներն ու մահմետականները հրահրելով Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու դէմ` իրավիճակը հանդարտեցնելու եւ խաղաղ լուծում գտնելու նպատակով միջոցներու ձեռնարկելու փոխարէն:

Հարցը առաւել եւս բարդացնելով` Թրամփ իր վիճելի յայտարարութիւնը ըրաւ Իսրայէլի մէջ 9 ապրիլի ընտրութիւններէն օրեր առաջ, երբ պիտի որոշուի, թէ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու արդեօք պիտի մնա՞յ իր պաշտօնին վրայ: Միացեալ Նահանգներու գործողութիւնները ոչ միայն սխալ էին, այլ նաեւ միջամտութիւն օտար երկիրներու ընտրութիւններուն` բարձրացնելով կաշառակերութեան մէջ մեղադրուող Նեթանիահուին յաղթելու կարելիութիւնները: Երբ Միացեալ Նահանգները կը մեղադրէին Ռուսիան` 2016-ին Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն միջամտելուն համար, այժմ Միացեալ Նահանգները ինքնին բացայայտօրէն կը միջամտեն Իսրայէլի ընտրութիւններուն…

Իսկ այն հայերը, որոնք միամտօրէն կ՛ակնկալեն, որ Թրամփ Արցախը ճանչնայ իբրեւ Հայաստանի տարածք, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Կոլանը ճանչցաւ` իբրեւ Իսրայէլի տարածք, ստիպուած եմ հիասթափեցնելու զանոնք` նշելով, որ Հայաստան չունի Իսրայէլի քաղաքական ազդեցութիւնը Ուաշինկթընի մէջ: Աւելի՛ն. հայերը պէտք չէ վաւերացնեն գրաւեալ սուրիական Կոլանի բարձունքներու անօրինական յանձնումը Իսրայէլի` զայն համեմատելով Արցախի հետ, որ պատմական հայկական հող է եւ Ազրպէյճանին տրուած է Ստալինի կողմէ:

Հայերը պէտք է մտահոգուին, որ Թրամփի խեղաթիւրուած փաստարկը կը վտանգէ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի հողերու վերականգնումը: Ըսելով, որ գրաւումէն 52 տարի ետք Կոլանը կը պատկանի Իսրայէլի` նախագահ Թրամփ կը խոչընդոտէ Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը, որովհետեւ Թուրքիա աւելի երկար ժամանակէ ի վեր գրաւած է հայկական հողերը… Կարեւոր չէ, թէ այդ տարածքները որքա՛ն ժամանակ մնացած են բռնագրաւուած, անոնք յաւերժօրէն կը պատկանին հայ ժողովուրդին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Կոլանը` Սուրիոյ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13237

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>