Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13237

Մօրս Կարի Մեքենային Մեղեդին

$
0
0

ԹՈՐԳՈՄ

«Կարծես թէ դարձել եմ ես տուն,
Բոլորն առաջուանն է կրկին,
Նորից դու հին տեղը նստում,
Շարժում ես իլիկը մեր հին…»

Վ. ՏԷՐԵԱՆ

Տէր Մեսրոպ Ա. քահանան  շուրջ քառասուն օր առաջ, դամբանական խօսած ատեն,  ձեռքը մօրս դագաղին վրայ դրած` ըսաւ. «Բոլոր հայ մայրերը տառապած են»: Ակնթարթի մը մէջ միտքէս անցան անցեալի մշուշոտ միջադէպեր. Պոլիսէն Պուրճ Համուտ գալու մեր տառապանքը, փոքր սենեակի մը մէջ կծկուիլը, հօրս աշխատանքի դժուարութիւնը, մօրս զրկանքները, անվե՜րջ զրկանքները…

Մայրս ամէն առտու զիս կը տանէր մօտակայ դպրոցը, ուր օր մը մեզ գրասենեակ կանչեցին, եւ հոն գտնուող խոժոռադէմ մարդոցմէ մէկը մօրս ըսաւ.

– Դրամը եթէ չես բերած, տղադ ա՛ռ, տա՛ր:

Մայրս ձայնին մէջ ինծի համար նեղացուցիչ տագնապով մը աղաչեց.

– Աման, պարո՛ն, մընէ՛ք: Մենք Պոլիսէն էկած ենք, իմին ամուսինս նոր սկսաւ աշխատիլ, ես ալ տունը հիմա կար կը կարեմ կոր, վճարենք պիտի, հարկա՛ւ:

Ներկաներէն մէկը քովինին ըսաւ.

– Սա պոլսեցիներն ալ ասանկ են, ճինկէնէ՛:

Վերջին բառը առաջին անգամ կը լսէի: Անհաճոյ թուեցաւ ինծի: Ամուր բռնեցի մօրս ձեռքը:

Մայրս գլուխը կախեց, եւ ես անոր աչքերուն մէջինը տեսայ…

Երանի՜ չտեսնէի:

Տուն ղրկուիլս ինծի այնքան ցաւ չէր պատճառեր, որքան` մօրս վիճակը:

Վերադարձանք մեր սենեակը: Մայրս պահ մը անխօս նստաւ անկողինին վրայ, ապա անցաւ կարի հին մեքենային առջեւ եւ գլուխը կախ` սկսաւ կարել: Ես ուզեցի կրկին մօրս աչքերը տեսնել, եւ իբր թէ գետնէն բան մը առնելու համար ծռեցայ, գաղտագողի անոր աչքերուն նայեցայ: Մանկական իմ աշխարհիս բոլորովին անծանօթ, ինծի սոսկում պատճառող անբացատրելի բան մը կար: Ես յանցաւոր զգացի: Անհաճոյ իրականութենէն փախչելու անգիտակից մղումով մը սկսայ հետեւիլ կարի մեքենայի ձայնին:

Հայրս մօտակայ խանութի մը մէջ գօտի կը կարէր եւ այդ օրերու ամէնէն փոքր մետաղադրամի` հինգ  ղուրուշի կը ծախէր: Շաքարի թիթեղէ փոքր տուփ մը ունէր, մետաղադրամները մէջը կը պահէր եւ կէս կատակ-կէս լուրջ  ինծի կ՛ըսէր. «Մեր հարստութիւնը»:

Տուփը երբ որոշ չափով լեցուեցաւ, հայրս եւ մայրս մէկիկ-մէկիկ հաշուեցին մանր մետաղադրամները, լեցուցին թուղթէ տոպրակի մը մէջ, եւ մօրս հետ աճապարեցինք դպրոց:

Ես ե՛ւ ուրախ էի ե՛ւ տխուր: Ուրախ էի, որովհետեւ մայրս իր նուաստացումէն պիտի փրկուէր, տխուր էի, որովհետեւ իմ պատճառովս «մեր հարստութեան» տուփը դատարկուած էր: Մօրս աչքերը կը փայլէին: Երբ դպրոց հասանք եւ տոպրակը տուինք, նոյն  մարդը տեսնելով մանր մետաղադրամները` բարկացած ըսաւ.

– Աս ի՞նչ է, մէկ-մէկ ասո՞նք պիտի համրենք: Մուրացկաններու դրամներ հաւաքեր բերեր ես:

Ես բնազդական մղումով մը մայրս պաշտպանելու համար պոռացի.

– Ասիկա մերին հարստութիւնն է:

Սենեակին մէջ գտնուողները սկսան բարձրաձայն խնդալ: Մայրս փղձկեցաւ, ինծի փաթթուեցաւ եւ փսփսաց. «Մա՜նչս»:

Մենք դուրս վազեցինք:

«Ա՜խ, իմին անուշիկ Աստուածս, շատ չեղա՞ւ մի»:

Ո՛չ, շատ չէր եղած: Յաջորդ օրը հայրս յանկարծամահ եղաւ եւ  եօթը ամսու յղի մայրս իր եօթը տարեկան տղուն, «հարստութեան» դատարկ տուփին եւ հին կարի մեքենային հետ անորոշին դիմաց մնաց անտէր, ծաղրուած:

***

«Ո՞ր հայ մայրը չէ տառապած», կրկին լսեցի մօրս դագաղին քով  տէր Մեսրոպին ձայնը, եւ կրկին……….

Մայրս շարժապատկերներու մեծ սէր ունէր եւ Պոլսոյ մէջ հօրս հետ դիտած էին հոլիվուտեան ոսկեդարու գրեթէ բոլոր յայտնի ֆիլմերը եւ տան մէջ յաճախ իրենցմէ կը լսէի աստղերու անուններ` Կրեթթա Կարպօ, Քլարք Կէյպլ, Ռոպերթ Թէյլըր, Ռիթա Հէյուըրտ եւ այլն:

Մեր պատանեկութեան տարիներուն շարժապատկերի աստղերէն էր Ռաքէլ Ուելշը, ոչ անշուշտ` դերասանական կարողութեան համար, որ չունէր: Դերասանուհին ունէր այլ բարեմասնութիւններ, որոնք զարդարած էին դասացուցակիս էջերը…

Օր մը, երբ մայրս կարի մեքենային վրայ կ՛աշխատէր, իրեն հարցուցի, թէ գիտէ՞ Ռաքէլ Ուելշը: Մայրս ըսաւ.

– Այո՛, բայց շատ չեմ սիրեր:

– Ինչու ան քեզ կը սիրէ՞,- առանց մտածելու ըսի ես:

Մայրս կարի մեքենային վրայէն վերցուց գլուխը եւ ինծի նայեցաւ…

Աչքերուն մէջ կար այն, որ մանկութեանս օրերուն տեսած էի, երբ դպրոցի գրասենեակին մէջ  մարդիկ զինք…

Գլուխը ետ խոնարհեց կարի մեքենային վրայ, աշխատանքը շարունակեց եւ բան չըսաւ:

Երանի՜ ըսէիր, մա՛յրս, երանի՛ ըսէիր:

Նոյն պահուն  անհանգիստ զգացի, կարծեցի պիտի փսխեմ:

Թէեւ պատռեցի այդ դերասանուհիին նկարները եւ բնաւ անոր ֆիլմերը չդիտեցի, սակայն ատիկա չէ հանգստացուցած զիս, եւ մինչեւ այսօր, երբ յիշեմ այդ խօսքս, կ՛ամչնամ, կը տանջուիմ:

Քանի՜, քանի. անգամներ փորձեցի մօրս ըսել, որ տարիներու ընթացքին խոշորցած է մէջս եւ նեղութիւն սկսած է տալ, սակայն մտածեցի, որ ատո՛ր համար ալ պիտի ցաւի:

Վերջին ամիսներուն, մօրս հիւանդութեան ատեն կրկին ուզեցի «այդ մասին» խօսիլ հետը, բայց միշտ ձգձգեցի: Ի վերջոյ վճռական որոշումը տուի, միտքիս մէջ դասաւորեցի ըսելիքներս եւ հասայ հիւանդանոց:

«Այդ մասին» խօսելու պէտք չեղաւ: Մօրս տառապանքները այլեւս վերջ գտած էին:

***

Հօրս մահէն քանի մը ամիս ետք ծնաւ քոյրս` Աղաւնին: Մայրս ապա կրկին ամուսնացաւ Յունաստանէն Պէյրութ հաստատուած իսկապէս ազնուական, պատուական Պերճ Փափազեանին` «փափիի»-ն հետ, որ բնաւ չզգացուց մեր որբ ըլլալը:

Պայմաններու աննպաստ դասաւորումով մը, սակայն, մայրս կրկին նստաւ իր հին տեղը` կարի մեքենային առջեւ, այս անգամ` գլխարկ կարելու:

Եւ երբ տարիքի բերումով շուրջ քսանամեակ մը առաջ փափին  մահացաւ, հարազատներու կամ ծանօթներու շրջանակին մէջ երբ կ՛ըլլայինք, զուարթախօսութեամբ մը կ՛ըսէի.

– Մայրս երկու ամուսին մեռցուցած է, եթէ կ՛ուզէք մէկը մեռցնել, մօրս հետ ամուսնացուցէք:

Իսկ մայրս առաջին անգամ երբ լսեց այս խօսքս, ըսաւ.

– Հարկաւ կատակ կ՛ընէ  մա՜նչս:

Պոլսոյ բարբառով եւ եղանակաւորումով մը ըսուած մօրս այս խօսքը, մանաւանդ` «մանչս» փաղաքշական բառը, ի՜նչ լաւ է, որ ականջներուս մէջ միշտ կը մնայ մեր կարի հին մեքենային հեքիաթային երաժշտութեան հետ եւ

«Նորից ես մանուկ եմ այսօր,

Դրա՜խտ է նորից իմ հոգում»:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13237

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>