ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Image may be NSFW.
Clik here to view.Ընկերուհի՛ Շաքէ, մենք քեզ շատ կը փնտռենք, մանաւանդ երբ հայերէնի մասին խօսինք:
Իւրաքանչիւր հայերէն նախադասութիւն երբ արտասանէինք, գիտէինք, որ դուն կաս, պիտի սրբագրես կամ պիտի գնահատես:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչը եւս քու սէրդ էր: Փոքր տարիքիդ Սուրիահայ օգնութեան խաչի արծուիկ եղած էիր եւ միշտ կ՛երգէիր այդ օրերու քայլերգը, յատկապէս` հետեւեալ տունը.
«Կամքի, հաւատքի կոթող անսասան,
Լոյսի սերմնացան, ցաւի բալասան,
Հսկէ քառաթեւ, գործէ աննահանջ,
Ապրէ, ապրեցուր, ո՜վ Հայ կարմիր խաչ»:
Գործունէութիւնդ հայկական դպրոցներու եւ կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ, կրթական եւ հասարակական աշխատանքը Լիբանանի մէջ կատարեցիր աննահանջ, այնքան ատեն որ մարմնապէս զօրաւոր էիր:
Եղար Գամիշլի, Հալէպ, ուր մայրենի լեզուի գիտելիքներդ փոխանցեցիր աշակերտներուդ: Եղար Սուրիահայ օգնութեան խաչի գործունեայ անդամ: Երբ փոխադրուեցար Լիբանան, դարձար Ճիւնիի հայկական դպրոցի տնօրէն, ապա` Գարակէօզեան ազգային վարժարանի ուսուցիչ: Երկար տարիներ դասաւանդեցիր Սուրէն Խանամիրեան եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճներու մէջ` հայերէն եւ հայոց պատմութիւն:
Եղած ես Ուսուցիչներու միութեան անդամ:
Մնացիր միշտ պաշտպան մայրենիին որպէս ուսուցիչ, որպէս Լիբանանահայ օգնութեան խաչի գործօն անդամ:
ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին մէջ իբրեւ վարչական, երկու շրջան ալ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ` տարիներ ծառայեցիր, նաեւ` դաստիարակչան- կազմակերպչականի յանձնախումբին մէջ:
Պաշտամունք ունէիր Հայ. եկեղեցւոյ նկատմամբ, միշտ կը յիշէիր մեր պատմութիւնը, մեր անցեալը, մեզի ներշնչեցիր ըլլալ «արի պահակն անցեալի», սիրել մեր սովորութիւնները, աւանդութիւնները, որպէսզի դառնանք երկրպագուն հայոց լեզուին` «Մինչեւ ծագի արդարութեան վառ արփին, Մինչեւ հասնինք սէգ սարերուն հայրենի»:
Զաւկիդ մահը թանկագին կորուստ մըն էր, թափդ որոշ չափով կոտրեց, բայց թոռնիկդ` Գէորգը վերակենդանացուց քեզ, եւ հպարտ էիր անոր յաջողութիւններով:
Քու կրկնութիւններով ըմբոշխնեցինք Մ. Մեծարենցի
«Արդի մարդուն Հայր մերը».
«Տուր ինծի, Տէր, ուրախութիւնն անանձնական
Ժողվել հոգւոյն մէջ ծերերուն, կոյսին,
Մանկան, պարզ մարդերուն, գեղջուկներուն, բանուորին»:
Միշտ կը քաջալերէիր ներկայութիւնը երիտասարդ եւ աշխուժ ընկերուհիներու, բայց նաեւ` երկար տարիներու փորձառութիւն ունեցողներու, որոնց նկատմամբ գնահատանք ունէիր:
Կ՛ուզէիր, որ երիտասարդ ուժերը ըսեն օր մը.
«Շնորհակալ ենք կամաւոր մեր ըլլալուն համար:
Ամէն օր նուէր մըն է բաշխելի»: