Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13242

Անդրադարձ. Մոնրոյի Եւ «Լինքէյճ»-ի Սկզբունքներու Վերականգնումը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

24 մարտին ռուսական օդուժին պատկանող երկու փոխադրական օդանաւեր հասան Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքաս` իրենց հետ բերելով շուրջ 100 ռուս զինուորներ, զինուորական խորհրդատուներ եւ 35 թոն բեռներ: Ռուսական քայլը ահազանգ հնչեցուց Ուաշինկթընի մէջ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ անմիջապէս ռուսական կողմին կոչ ուղղեց` «դադրեցնելու իր ոչ շինիչ վարքագիծը», ապա իր ռուս պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին զգուշացուց. «Ուաշինկթըն ձեռնածալ պիտի չմնայ ի տես Վենեզուելայի մէջ Մոսկուայի դերակատարութեան»: Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն մէկ օր ետք իր կարգին յայտարարեց, թէ իր երկիրը պիտի չհանդուրժէ «թշնամական օտարերկրացի զինուորականներ»-ու միջամտութիւնը արեւմտեան կիսագունդի երկիրներուն մէջ:

Ուաշինկթըն այսպիսով կ՛ակնարկէր 2 դեկտեմբեր 1823-ին որդեգրուած Մոնրոյի սկզբունքին, որուն ժամանակաշրջանի աւարտը նոյեմբեր 2017-ին Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութիւններու ժողովի ընթացքին յայտարարուած էր օրին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վարած Ճոն Քերիի կողմէ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերականգնեց այդ սկզբունքը եւ նոյեմբեր 2018-ին ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ ատոր յանձնառու կը մնայ: Տակաւին վերջերս` 3 մարտին Պոլթըն ամերիկեան ցամաքամասին մէջ Թրամփի վարչակազմին քաղաքականութիւնը նկարագրելու ընթացքին ակնարկեց Մոնրոյի սկզբունքին` նշելով. «Այս վարչակազմին մէջ չենք վախնար «Մոնրոյի սկզբունք» եզրը օգտագործելէ… (նախագահ) Ռանըլտ Ռիկընէն ի վեր ամերիկացի նախագահներուն նպատակը եղած է ամբողջովին ժողովրդավարական կիսագունդ մը ունենալ»:

Ահա այս ծիրին մէջ կարելի է դիտել Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի իշխանութեան տապալման ամերիկեան փորձը, որ «Մոնրոյի սկզբունք»-ի վերակենդանացման լոյսին տակ եւ մանաւանդ Վենեզուելայի մէջ յաջողութեամբ պսակուելու պարագային հաստատօրէն վերջինը պիտի չըլլայ, այլ Հարաւային Ամերիկայի այլ երկիրներու նկատմամբ եւս պիտի կիրարկուի:

Միւս կողմէ, ռուսական քայլը պաղ պատերազմեան «լինքէյճ»-ի` տարբեր երկիրներու կամ ցամաքամասերու վրայ հարցերու փոխադարձ կապի սկզբունքի վերակենդանացման փորձ մըն է: Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու լարուածութեան ներկայ կացութեան մէջ, երբ ՕԹԱՆ-ը կը մօտենայ Ռուսիոյ սահմաններուն եւ մուտք կը գործէ անոր ազդեցութեան գօտի, օրինակ` Ուքրանիա եւ Վրաստան, Մոսկուան բացայայտ գրգռութեան քայլի դիմելով կը փորձէ Ուաշինկթընի հետ բանակցութեան խաղաքարտ մը ստեղծել:

Կը մնայ տեսնել, թէ ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ «Ուաշինկթըն ձեռնածալ պիտի չմնայ»-ն, Ուաշինկթըն պիտի ընդունի՞ Մոսկուայի ստեղծած պայմանին հիմամբ բանակցիլ, եւ այս բոլորը ի վերջոյ ի՞նչ արդիւնքի պիտի յանգին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13242

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>