ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Այսօր, երբ կը խօսուի հայապահպանման եւ ազգային միասնականութեան մասին, հարկ է հարց տանք, թէ արդեօք պէտք եղած քայլերուն դիմուա՞ծ է, հատուածականէն եւ գաղութայինէն անդին, համընդհանուր ռազմավարութիւն մշակելու եւ տեսականէն գործնական աշխատելաոճի անցնելու ուղղութիւններով: Ռուսիա ապրող երիտասարդ ըլլալով` կ՛ուզեմ հակիրճ ակնարկ մը նետել երկրիս հայութեան վիճակին վրայ: Պայմաններու բերումով, թէ՛ աշխարհագրական դիրքին, թէ՛ պատմական կապերու շնորհիւ, ինչպէս նաեւ ատենին ռուսերու կայսրութեան եւ միութեան մաս կազմած ըլլալով, Հայաստանէն գաղթողներուն մեծամասնութիւնը կը փոխադրուի եւ խարիսխ կը նետէ Ռուսիոյ մէջ: Արդէն կը խօսուի, որ եթէ իրականութիւնը չփոխուի, ապա ապագային Ռուսիոյ հայութիւնը պիտի գերազանցէ հայրենի բնակչութիւնը: Ուրեմն, երկու միլիոնէն աւելի հայութիւն եւ նոր Հայաստան` հայրենիքէն դուրս… Բայց ի՞նչ ունինք: Ո՛չ Ազգային վարչութիւն ունինք, ո՛չ Ազգային երեսփոխանական ժողով, ո՛չ ալ Ազգային սահմանադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ համահայկական կազմակերպութեան գործող մասնաճիւղ գոյութիւն ունի երկրիս մէջ: Այո՛, կ՛ըսեն ՀՅԴ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայութեան մասին, բայց ճիշդ է` ներկայութեան, ո՛չ թէ` դերակատարութեան: Մայրաքաղաքի, այսինքն Մոսկուայի բնակիչ չեմ, Հիւսիսային Օսեթիայէն եմ, բայց եւ այնպէս անկազմակերպ եւ ազգային իմաստով անտէր վիճակը համատարած բնոյթ ունի: Դիւրութեամբ կրնաս նկատել, յարգելի՛ ընթերցող, որ արեւմտահայերէն կը գրեմ եւ ատոր համար ծանօթ հայերէն միշտ կը լսեմ, թէ Ռուսիա ապրելով` ինչո՞ւ մեր լեզուի արեւմտեան ճիւղը սորված եմ: Ես ալ կը պատասխանեմ, որ` «ամէնէն մեծ գաղութին մէջ ապրելով հանդերձ, ո՛չ հայկական վարժարան կայ, ո՛չ միութենական կամ կուսակցական ակումբ, ուր հնարաւորութիւն պիտի տրուէր հայեցի դաստիարակութիւն ստանալ»: Եւ կը շարունակեմ. «Այս բարիքներէն զրկուած ըլլալով, իմ փնտռած հայկականութիւնը արտասահմանի` Լիբանանի մէջ գտայ եւ իւրացուցի»: Սակայն երկրիս հայութիւնը զանգուածաբար չի կրնար Լիբանանի կամ Սուրիոյ հայութեան օրինակով դաստիարակուիլ: Մենք սեփական դիմագիծի, սեփական միջավայրի, սեփական համակարգի կարիք ունինք` իբրեւ գաղութ: Ամօ՛թ, հազա՛ր ամօթ մեզի, որ մեծագոյն գաղութ ըլլալով` կը ստիպուինք ուրիշ տեղեր մեր արմատները փնտռել, եւ փա՛ռք քեզի, հազա՜ր փառք լիբանանահայ գաղութ, որ քու կեանքով, պայքարով եւ ոգիով գիտես ազգային եւ գաղափարական խարխափումի մէջ եղող հայ հոգիները լոյսի բերել: Ստեղծուած կացութիւնը աւելի քան լուրջ է: Անդադար շարունակուող հայերու ներհոսքը դէպի Ռուսիա` անհակակշռելի երեւոյթ մը կը պարզէ: Եկողները ոչ մէկ կռուան ունին իրենց ինքնութիւնը ամուր պահելու եւ զաւակներուն ու թոռներուն փոխանցելու համար: Արդէն չեմ խօսիր տեղացի հայ անհատներուն մասին, որոնք ի ծնէ ձուլումի դատապարտուած են: Հոգեւոր կեանքը նահանջի մէջ է: Հայութիւնը հակուած է օտար եկեղեցական տօները նշելու, օտար եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն ապրելու, օտար եկեղեցիներու մէջ իր հանգիստը փնտռելու: Մոսկուայի մէջ գործող հայկական միութիւնները մեկուսացումի եւ լուսանցքայնացումի մէջ են, ո՛չ կապ ունին համահայկական կազմակերպութիւններուն հետ, ո՛չ ալ տեղեակ են, ըստ երեւոյթին, անոնց գոյութեան եւ գործունէութեան մասին: Ահա օրինակ մը, որ հիմնականին մէջ պատճառ հանդիսացաւ սոյն յօդուածը գրելու: Քանի մը շաբաթ առաջ Մոսկուայէն երիտասարդ մը Համազգայինի Վենետիկի երիտասարդական հաւաքին արձանագրուեցաւ: Ուզեցի կապ հաստատել անոր հետ, զրուցել, օգտակար ըլլալ` պէտք եղած տեղեկութեանց առումով, սակայն դիւրին չեղաւ զայն գտնելու գործողութիւնը: Ընկերային ցանցերը պրպտեցի, սակայն ապարդիւն, անկէ ետք որոշեցի հայկական միութեանց հետ կապուիլ, տղուն ինքնութիւնը յայտնել եւ օգնութիւն ստանալ` նախաձեռնած փնտռտուքս յաջողութեամբ պսակելու համար: Սակայն, երբ ըսի, որ այսինչ տղան Համազգայինի երիտասարդական հաւաքին արձանագրուեր է, պատասխանը շատ զարմացուց զիս. «Ի՞նչ է Համազգայինը, կրնա՞ք հակիրճ ձեւով նկարագրել անոր գործունէութիւնը»: Վերջ ի վերջոյ կրցայ տղան գտնել եւ հարցուցի, թէ երկրիս մէջ Համազգայինի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, ուրկէ՞ իմացաւ Վենետիկի հաւաքին մասին: Ըսաւ որ Ինսթակրամ-ի մէջ յայտարարութիւն մը տեսած է: Ուրեմն, պատահականութիւնն է, որ գլխաւոր դեր խաղցաւ այս պարագային: Հայութեան այսօրուան պայմաններուն մէջ, սակայն, խիստ մերժելի է պատահականութիւնը իր բոլոր երեսներով: «Երկաթէ վարագոյրը» վար առնուած է այլեւս, եւ այսօր Ռուսիա ապրող հայ երիտասարդները պէտք չէ, որ պատահականօրէն լուրի մը կամ յայտարարութեան մը հանդիպին համացանց կոչուած անջրպետի մէջ, եւ այդ հանդիպումը բախտ նկատուի: Մշակութային գետնի վրայ սուր խնդիրը միակը չէ, որ անլոյծ կը մնայ մինչեւ օրս: Նոյն է պարագան երիտասարդութեան քաղաքականացման եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ դաստիարակութեան հարցերուն մէջ: Ընդհանրապէս, միութենական կեանք ըսուածը գոյութիւն չունի ռուսահայ գաղութին մէջ:
Վերջերս, սակայն, ՀՅԴ-ի նորընտիր Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Կլենտէյլի մէջ ՀՅԴ-ի 128-ամեակի նուիրուած հանդիսութեան մը ընթացքին կուսակցութեան օրակարգերուն, առաջնահերթութիւններուն եւ ծրագիրներուն անդրադառնալով` ըսաւ, որ որոշուած է աւելի ազդու քաղաքականութիւն մը որդեգրել հոծ հայութիւն ունեցող, սակայն անկազմակերպ գաղութներուն գծով` ի շարս այլոց Ռուսիոյ անունը տալով եւ շեշտը դնելով հայութեան թուային պատկերին վրայ: Գիտեմ, որ ուժը թիւին մէջ չէ, այլ որակին մէջ է: Բայց եւ այնպէս, միլիոնաւոր հայերու կազմակերպումը կրնայ լուրջ նպաստ բերել Հայ դատի լուծման ուղղուած համազգային առաքելութեան: Տեղին է նշել, որ նոյն կեցուածքը Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը վերահաստատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան տուած իր այցելութեան ընթացքին: Կը թուի, որ գաղութներու կազմակերպումը լուրջ առաջադրանքն է կուսակցութեան համար:
Իբրեւ հայ երիտասարդ քաջ հասկնալով, որ Ռուսիոյ քաղաքական վիճակը հաշուի առնելով կարելի պիտի չըլլայ Լիբանանի օրինակով կուսակցական կամ միութենական միջավայր ձեւաւորել, սակայն սպասումս է, որ Բիւրոյի ներկայացուցիչին խօսքը լոկ յայտարարութեան սահմաններուն մէջ չմնայ, այլ հետեւողական եւ տրամաբանական շարունակութիւն ունենայ` գործնական դաշտ փոխադրուելով: Գիտեմ, որ ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը` թէ՛ կազմակերպական, թէ՛ քարոզչական, երբեք դիւրին պիտի չըլլայ Ռուսիոյ մէջ, սակայն կը հաւատամ, որ իր ջանքերով է միայն, որ կարելի պիտի ըլլայ հայութեան մէջ հոգեբանական յեղափոխութիւն իրականացնել, կուսակցութեան հանդէպ կարծրատիպային պատկերացումները քանդել, մարդոց մէջ սէր եւ յանձնառութիւն արթնցնել հայոց գիրին, պատմութեան, Դատին, լեզուին, մէկ խօսքով` ազգային արժէքներուն նկատմամբ, ատկէ զատ` բարենպաստ ենթահող պատրաստել Համազգայինի պէս կազմակերպութեանց գրասենեակներուն հաստատման համար: Կը կարծեմ, որ անհրաժեշտ է Ռուսիոյ բազմաթիւ հայութիւնը մեկուսացումէն դուրս հանելու եւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք առանցքէն ներս ներգրաւելու նպատակով գործնական ռազմավարութեան մը ձեռնարկել: