Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13242

Գաղափարաբանական Հարցեր. «Նոր Ուժ, Նոր Ոգի»` Ընկերվարութեան Համար

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Եւրոպական ցամաքամասին վրայ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը ընդհանրապէս ճգնաժամի մէջ ըլլալով` ընկերվար-ժողովրդավարները տքնաջանօրէն կը փորձեն ելքեր գտնել ստեղծուած կացութենէն: Մէկ կողմէ երրորդ ուղին դաւանող ընկերվար-ժողովրդավարները, դաշնակցելով պահպանողական կամ ազատական կուսակցութիւններու հետ, համաձայնական կառավարութիւններու մէջ մտած են ու հրաժարած` իրենց աւանդական ընկերային բարեկեցութեան ծրագիրներէն եւ անուղղակիօրէն թէ ուղղակիօրէն կանաչ լոյս տուած են նոր-ազատական քաղաքականութիւններու իրագործման, միւս կողմէ ալ` տնտեսական ճգնաժամ ապրող երկիրներու մէջ (Սպանիա եւ Փորթուգալ) ընկերվարական կուսակցութիւնները դասեր քաղեցին երրորդ ուղիի ձախողութիւններէն եւ վճռականօրէն որոշեցին հրաժարիլ այդ ուղղութենէն`վերադառնալով ընկերային բարեկեցութեան ի նպաստ աւանդական ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքականութիւններուն:

Երրորդ ուղիին հետեւող կուսակցութիւններէն մէկն է Աւստրիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը: Այս կուսակցութիւնը վերջին 10 տարիներուն համաձայնական կառավարութիւն կազմած էր Աւստրիական ժողովրդական կուսակցութեան (պահպանողական) հետ:

Ինչպէս բոլոր երրորդ ուղիդաւանող ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնները, նմանապէս Աւստրիոյ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը եւս կորսնցուց աշխատաւոր դասակարգին համակրանքը` յօգուտ Աւստրիական ազատութիւն կուսակցութեան (ծայրայեղ աջ):

Աւստրիոյ ընկերվար-ժողովրդավարները, որոնք այս օրերուն լուրջ վտանգ կը դիմագրաւեն ծայրայեղ աջին կողմէ, նաեւ կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէրներ` այն առումով, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վերաշահիլ աշխատաւոր դասակարգին համակրանքը, լուծել գաղթականներու հարցը, դէմ դնել կլիմայական փոփոխութեան եւ խթանել աշխատանքային շուկայի թուայնացումը:

2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընկերվար-ժողովրդավարներուն կրած պարտութիւնը կապուած է իրենց` պահպանողականներուն հետ համագործակցութեան քաղաքականութիւններուն հետ:

Սակայն 24 եւ 25 նոյեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած ԱւստրիոյԸնկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը, որ գումարուեցաւ «Նոր ուժ, նոր ոգի» նշանաբանով,ընտրեց կուսակցութեան նոր նախագահ` կուսակցութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կին մը` Փամելա Ռենտի-Վակնըրը, եւ հաստատեց կուսակցութեան համար նոր ծրագիրր մը: Աւստրիացի ընկերվար-ժողովրդավարները առաջինները եղան, որ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին նոր ծրագիր կը մշակեն: Կ՛արժէ կեդրոնանալ ծրագիրին մէջ տեղ գտած ընկերային-տնտեսական հիմնական կէտերուն վրայ:

Ծրագիրին առաջին էջին մէջ բոլոր արդի հարցերը կը յիշուին` սկսելով ընկերային անհաւասարութենէն եւ հասնելով մինչեւ ճարտարուեստականացում, թուայնացում «կլիմայական փոփոխութիւն եւ գաղթականներու հարց: Ծրագիրը, շեշտը դնելով հանդերձ վերջին տասնամեակներուն աշխարհի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն վրայ, յստակօրէն կը պնդէ, որ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը պէտք է ժամանակին հետ քայլ պահէ: Ծրագիրի մուտքին մէջ յստակօրէն կը հաստատուի. «Կուսակցութեան նոր ծրագիրը յստակ ուղեգիծ ունի. Մենք (Աւստրիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը) կը մերժենք այն տնտեսական համակարգը, որ չի կեդրոնանար մարդոց եւ անոնց բարեկեցութեան վրայ, այլ` բացարձակ շահի վրայ: Աւերակ դրամատիրական համակարգին, որ կ՛անտեսէ ժողովուրդին շահերը, պէտք է փոխարինէ ընկերվար, պարփակող եւ կենսոլորտային նպատակ ամրապնդող ապագայի մը կերտումը»:

Ծրագիրին երկրորդ` «Մեր ժամանակակից մարտահրաւէրները» խորագրեալ գլուխը կ՛անդրադառնայ Աւստրիոյ բոլոր ժամանակակից հարցերուն (ընկերային, տնտեսական, շուկայի թուայնացման, կենսոլորտային եւ եւրոպական):

Ծրագիրին երրորդ գլուխը` «Մեր արժէքները», կը ներկայացնէ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը իբրեւ «ընկերվար համակարգ ամրապնդող, որուն նպատակն է հասարակութեան իւրաքանչիւր անհատին ազատ զարգացման կարելիութիւն ապահովել: Մեր ընկերվար-ժողովրդավարական տեսլականն է դասակարգային հակասութիւններու յաղթահարումը` կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, ժողովրդավարացումը, եկամուտի արդար բաշխումն ու արդար աշխատանքը: Մենք կը պայքարինք մարդու ազատութեան եւ արժանապատուութեան, լիարժէք հաւասարութեան (առանց սեռի, ցեղի, տարիքի, հաշմանդամութեան եւ սեռային ուղղուածութեան խտրականութեան) եւ հասարակութեան մէջ ընկերային արդարութեան ամրապնդման համար»: Ծրագիրը կ՛աւելցնէ, որ ընկերվար-ժողովրդավարութեան արժէքներն են` ազատութիւնը, արդարութիւնը, հաւասարութիւնը, համերաշխութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը:

Ծրագիրը նաեւ կ՛անդրադառնայ համաշխարհայնացման` «Համերաշխ աշխարհ մը կարելի է» կէտով: Կուսակցութիւնը համաշխարհայնացումը կը նկարագրէ` նշելով, որ անիկա «աշխարհը պզտիկցուց, բայց ինքզինք չարդարացուց»` ընդգծելով սպառազինութեան վտանգը եւ տագնապներու խաղաղ լուծումը: Յաջորդ կէտը «Եւրոպան ընկերային եւ ժողովրդավար դարձնել»-ն է:

Կ՛արժէ կեդրոնանալ «Յանուն արդար տնտեսական համակարգի» բաժինին վրայ, որ կը բացատրէ կուսակցութեան ընկերային-տնտեսական ուղեգիծը: Իբրեւ ընկերային-տնտեսական հիմք` «ընկերվար-ժողովրդավարներու ուշադրութեան կեդրոնն է մարդը` անկախ իր տնտեսական գործունէութենէն: Մարդու արժանապատուութիւնը եւ մարդկութեան գոյատեւումը աւելի գերադաս են, քան` շահը»: «Մեր նպատակը բոլորին լաւ կեանքն է» կէտի աւարտին ծրագիրը կը նշէ, որ` «շուկան լաւ է տնտեսութեան զարգացման համար, բայց արմատական շուկայական հասարակութիւնը առարկան աւելի կը գերադասէ մարդէն»: Յաջորդող կէտը («Բարեկեցիկ պետութիւն») կ՛ուրուագծէ կուսակցութեան այլընտրանքը գոյութիւն ունեցող համակարգին` նշելով. «Մենք արդար վերաբաշխման գործիքը ունինք: Անիկա կ՛առաջադրէ ապահովագրութիւնը: Սակայն ընկերային բարեկեցիկ համակարգը աւելին է, քան` ապահովագրութիւն ամրապնդող ցանց: Անիկա անհատականութեան զարգացման հիմքն է»: Նաեւ կէտեր ալ որդեգրուած են հսկողութեան ենթարկելու դրամատուները, ինչպէս նաեւ` յառաջատուական հարկային համակարգի հաստատման եւ հարկերէ փախուստի դիմագրաւման առումներով:

Ինչ կը վերաբերի աշխատանքային իրաւունքներուն, ծրագիրին մէջ կը հանդիպինք «Լաւ աշխատանք բոլորին» բաժինին: Այս բաժինին առաջին տողին մէջ կը ներկայացուի ընկերվար-ժողովրդավարութեան աշխատանքի ըմբռնումը` հետեւեալ ձեւով. «Ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը կը ձգտի ժողովրդավարական, առանց սահմանի եւ առողջ աշխատանքային աշխարհի հաստատման: Մենք կ՛օգտագործենք ճարտարարուեստական յառաջընթացները` աշխատելու եւ արդարօրէն վերաբաշխելու: Մեր նպատակներն են լիրաւ զբաղուածութիւնն ու արդար աշխատավարձը»: Մօտենալով այս բաժինին մէջ նշուած կարեւորագոյն կէտերուն, այդտեղ կը հանդիպինք «Մարդկային, արդար եւ համերաշխ աշխատանքային աշխարհի համար» կէտին, ուր կը կարդանք. «Մեր կեդրոնացումը ֆիզիքական, մտաւոր եւ ընկերային բարեկեցութեան վրայ է: Աշխատանքային աշխարհը արդար կ՛ըլլայ, երբ բոլոր աշխատաւորները կրնան լաւապէս ապրիլ իրենց աշխատավարձքերով եւ աւելի օգտուիլ արտադրութենէն»: Հանդիպելով «Աշխատանքային աշխարհի թուայնացումը նոր կարելութիւններու դուռ կը բանայ» կէտին` այդտեղ կը տեսնենք, որ ընկերվար-ժողովրդավարները դրականօրէն անդրադարձած են թուայնացումին` աշխատանքային ճնշման նուազեցման եւ աշխատանքի շուկային մէջ հաշմանդամներու մուտք գործելուն առումով: «Աշխատանքային նոր ձեւերու ընկերային պաշպանութիւն» կէտը կը ճշդէ, որ նորակազմ առցանց եւ թուայնացած աշխատանքային շուկային մէջ գտնուող աշխատաւորները իրաւունք ունին ստանալու արդար աշխատավարձեր եւ միանալու արհեստակցական միութիւններու:

Աւստրիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նոր ծրագիրի որդեգրումը եւ անոր մէջ ժողովրդային առօրեայ կեանքի մարտահրաւէրներու յաղթահարման գծով արդի ու արդար լուծումներ գտնելուն վրայ կեդրոնացումը զուգահեռ կ՛ընթանայ Եւրոպայի մէջ ընկերվար-ժողովրդավար մտածողութեան ձախ դարձին: Ինչպէս որ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան ՀՅԴ-ն ազդուեցաւ Աւստրիոյ ընկերվար-ժողովրդավարներու Աւստրօ-մարքսականութենէն, այսօր ալ նաեւ պէտք է ազդուի այս նոր ձախ դարձէն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13242

Trending Articles