Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13242

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Գնահատելի Նախաձեռնութիւնը

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Մեր առօրեայ խօսակցութիւններուն ընթացքին յաճախ կ՛անդրադառնանք համացանցի երեւոյթին` ընդգծելով, որ անիկա, ժամանակակից կեանքի հզօրագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը ըլլալով հանդերձ, ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ եւ ձեւով մը կ՛այլափոխէ նորահաս սերունդին հոգեմտային աշխարհը:

Պատճառները իրենց այլազանութեամբ քաջածանօթ են հասարակութեան:

Այդուհանդերձ, ոչ ոք կրնայ ուրանալ այս արհեստագիտութեան ունեցած դրական, ինչու չէ նաեւ անշրջանցելի դերակատարութիւնը` մարդ արարածին առաւել զարգացման եւ ինքնադաստիարակութեան վրայ, անշուշտ եթէ երբեք գիտնանք եւ կարենանք օգտուիլ ընձեռուած արդի արհեստագիտութեան բարիքներէն:  Փաստօրէն, համացանցը, որ իր մէջ կը ներառէ հաղորդակցութեան միջոցներու տեսականին, արդէն իսկ ամբողջ մարդկութեան սեփականութիւնը դարձած է: Անիկա կ՛օգտագործուի անվերապահօրէն եւ առաւելագոյն հասանելիութեամբ:

Նմանօրինակ երեւոյթի մը ականատեսը եղանք մենք` բոլորս, երբ գողտրիկ «պտոյտ»-ի մը ելած էինք «Դիմատետր» կոչուած ընկերային ցանցի էջերուն մէջ: Ներկայացուածը ուշագրաւ էր իր բովանդակութեամբ եւ մատուցման եղանակով:

Ի դէպ, տրուած տեղեկութիւնը հայ վարժարանի մը մասին էր, այս պարագային` Հայ աւետարանական քոլեճին, որ յոյժ գնահատելի մտայղացումով մը նախաձեռնած էր դասարանային աշխատանքի մը` «Սքայփ» ընկերային ցանցի միջոցով` հայ աշակերտներու փոխանցելու հայ մշակոյթի գոհարներ:

«Դիմատետր»-ի վրայ տեղադրուած տեսերիզին սկիզբը քոլեճի տնօրէն Արմէն Իւրնէշլեան, հակիրճ խօսքով կը ներկայացնէ նախաձեռնութիւնն ու անոր նպատակը եւ կը շեշտէ նմանօրինակ աշխատանքներու կարեւորութիւնը: Անոր խօսքով, անցեալ տարուան փորձառական շրջանէ մը ետք, այս տարի ՀԱՔ-ը ամբողջական գործակցութիւն կ՛ունենայ ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի հետ (Armenian Virtual Collage – AGBU), որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 10-րդ դասարանի աշակերտները:

Դասապահը կ՛առաջնորդուի հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչուհի Անի Պիլալեանի կողմէ, իսկ Հայկական համացանցի համալսարանի պատասխանատուները հմտութեամբ եւ մանկավարժօրէն կը հետեւին աշխատանքին:

Դասընթացքին նիւթն է «Հայ երաժշտութեան պատմութիւն»-ը, որ շատ հետաքրքրական եւ գրաւիչ ձեւով կը մատուցուի աշակերտութեան: Տեսերիզէն կը տեղեկանանք, որ աշակերտները նաեւ առիթ ունեցած են «շրջելու» Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանները` մօտէն ծանօթանալով անոնց հանճարին:

Պէտք է ըսել, որ նախաձեռնութիւնը իւրայատուկ է եւ կը պարփակէ հայաշունչ պատգամներ` այն առումով, որ երբ հայ վարժարանը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցիչը կը գտնուին իրենց սրբազան առաքելութեան մէջ, շրջապատ մը ամբողջ կը համակեն իրենց աշխատանքով եւ կ՛ապահովեն պատուաբեր արդիւնք:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ, արդի արհեստագիտական միջոցներու օգտագործումով, հայ աշակերտներուն առիթ պիտի տրուի հետաքրքրաշարժ ձեւով հետեւելու նման դասապահերու  եւ ամբարելու հայադրոշմ գիտելիքներ:

Իսկ ամէնէն հոգեգրաւը այն է, երբ մասնակից աշակերտներ իրենց անկեղծ տպաւորութիւնները կը փոխանցեն` անդրադառնալով համացանցային դասընթացքին եւ մատուցուած նիւթին:

Առաւել եւս յուզիչ եւ հպարտութիւն պատճառող երեւոյթը այն է, երբ Հայ աւետարանական քոլեճի արաբ աշակերտուհի մը, որ նախակրթարանի տարիներէն կը յաճախէ այս վարժարանը, հայերէն լեզուով եւ ապրումով կ՛ըսէ. «Ես, իբրեւ արաբ աշակերտուհի, ծանօթացայ հայկական երաժշտութեան եւ աւանդութիւններուն, որոնց մէջ նկատեցի շատ մը նմանութիւն արաբական մշակոյթին հետ»:

Իրօք, չկայ աւելի պատուաբեր զգացում  քան այն, որ հայ վարժարանի երդիքին տակ  ոչ հայ ծնողքի զաւակ մը կը հայանայ եւ կը միաձուլուի հայ մշակոյթին հետ:

Բոլորին վարձքը կատար:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13242

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>