Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13242

Ակնարկ. Փոխկապակցուած, Պայմանական Ուղերձներ

$
0
0

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Լիբանան այցելութեան եւ պետութեան ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն մասին հրապարակուած լրատուութիւններուն մէջ պաշտօնական Պէյրութին Ուաշինկթընի ուղղած ուղերձները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ:

Միացեալ Նահանգներ պիտի աջակցին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծման աշխատանքներուն:

Նմանապէս Միացեալ Նահանգներ եւս կ՛առաջադրեն եւ պատրաստ են զօրակցելու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի գործողութիւններուն:

Այս երկու զօրակցական առաջադրանքներուն կը հետեւի զգուշացումի բաժինը: Միացեալ Նահանգներու սանձազերծած տնտեսական պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը Հըզպալլայի դէմ կը միտի չէզոքացնել Լիբանանի մէջ գործող այս կուսակցութիւնը, որուն գոյութիւնը կը հարուածէ Լիբանանի պետութեան եւ ժողովուրդին շահերը, որովհետեւ այդ կազմակերպութիւնը կը թալանէ երկիրը եւ պատճառ կ՛ըլլայ, որ տուժեն լիբանանցիները:

Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն ճնշել Իրանը եւ անոր ահաբեկչական ընթացքը, իսկ Հըզպալլայի նկատմամբ Իրանի զօրակցութիւնը լիբանանեան պետութեան վտանգ կը սպառնայ, ինչպէս նաեւ կը նսեմացնէ Պաղեստինեան հարցին լուծումը` խաղաղ կարգաւորման առումով:

Հըզպալլայի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն նպատակն է Իրանէն անոր ֆինանսաւորումին վերջ տալ:

Այստեղ ակներեւ է Ուաշինկթընի մօտեցումը` Հըզպալլայի երեւոյթը հակադրելու լիբանանցիներու շահերուն: Պարզապէս ըսել կ՛ուզուի, որ տնտեսական տագնապի գլխաւոր պատասխանատուն իրանամէտ կուսակցութիւնն է, որուն ռազմաքաղաքական ներկայութիւնը կ՛արգելակէ ճգնաժամի լուծումը:

Բայց ներլիբանանեան սահմաններուն մէջ չ՛աւարտիր Հըզպալլայի տխուր դերակատարութեան փաստը, ըստ Փոմփէոյի: Կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ յստակ ակնարկ կայ Հըզպալլային` իբրեւ արգելակիչ գործօն Իսրայէլ-Պաղեստին տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին: Այս յայտարարութիւնը կը կատարուի համաքայլ` նախագահ Թրամփի կողմէ ամերիկեան իսրայալամէտութեան մրցանիշ արձանագրող յայտարարութիւններուն, յատկապէս Կոլանի իսրայէլեան գերիշխանութեան ճանաչման առումով, առնուազն տարակուսանք ստեղծելով տագնապներու խաղաղ լուծման առաջադրանքին շուրջ:

Կարեւոր է անշուշտ ուղերձին կամ յայտարարութեան երեք կէտերուն համեմատական դիտարկումներ կատարելը: Այստեղ կը յստականայ, որ աջակցութիւնները պայմանական են: Ուաշինկթընը կ՛աջակցի ծովային սահմանագծումին եւ տեղահանուածներու տուն վերադարձին, եթէ պաշտօնական Պէյրութը ճիշդ ընկալէ ուղերձային օրակարգի երրորդ կէտը` իրանամէտ կազմակերպութեան գոյութեան հետեւանքները:

Տնտեսաքաղաքական գործօնները հաշուի առնուած են անշուշտ: Ծովային սահմանագծումը ճիշդ է, որ ծովային տարածքներու մէջ ոտնձգութիւններ կանխարգիլելու բաղադրիչ ունի եւ ատով իսկ նախ անվտանգութեան հարցերու հետ կապուած է: Բայց ծովային սահմանագծումը առաջին նախապայմանային քայլն է ծովային ուժանիւթի պեղումներուն, ինչ որ հեռանկարային է տնտեսութեան թռիչքաձեւ զարգացում ապահովելու առումով:

Երկրորդը եւս ֆինանսատնտեսական բաժին ունի: Նիւթական աջակցութիւն զանգուածի տունդարձի անհրաժեշտ է ծրագրուած գործողութիւնները իրականացնելու համար: Որուն ապահովումը Պէյրութի համար կենսական է անշուշտ, մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ:

Այս երեք կէտերու համեմատութիւնը պարզ կը դարձնէ ամերիկեան պատգամը: Այնքան ատեն, որ Իրան – Հըզպալլա ռազմաքաղաքական կամուրջը կը գործէ, տնտեսաքաղաքական աջակցութիւնները չեն իրականանար:

Նախագահ Աունի յստակացումը, դժուար պատկերացնելի կը դարձնէ ամերիկեան ուղերձներու ընկալման եւ բաւարարման հաւանականութեան իրականացումը: Հանրապետութեան նախագահը, անդրադառնալով լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան, շեշտած էր, որ անոնք Լիբանանի համար առաջնահերթութիւններ են: Ընդգծելով, որ Հըզպալլա լիբանանեան կուսակցութիւն մըն է, որ երկրին խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ ներկայութիւն է, ինչպէս նաեւ երկրին ընկերութիւնը կազմող հիմնական շերտ մը, որ կը ներկայացնէ երկրին գլխաւոր համայնքներէն մէկը:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13242

Trending Articles