Կոլանի բարձունքները Իսրայէլի գերիշխանութեան տարածք ճանչնալու Թրամփի յայտարարութիւնը, անկախ անոր իրաւական հիմնաւորումէն, տարածաշրջանի անվտանգութեան տեսանկիւնէն լուրջ մարտահրաւէրներ կը պարունակէ. «Երկիր» կայքէջին հետ զրոյցի ընթացքին կարծիք յայտնեց տարածաշրջանային հարցերով փորձագէտ Կարէն Վերանեանը` պատասխանելով հարցին, թէ ի՞նչ հնարաւոր ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Մերձաւոր Արեւելքի գործընթացներուն մէջ այդ յայտարարութիւնը:
«Մի փոքր պատմական անդրադարձ կատարենք: 1944 թուականից Կոլանի բարձունքները պատկանում էին Սուրիոյ: Բարձունքների այդ կարգավիճակը պահպանուեց մինչեւ 1967: Վեցօրեայ պատերազմի արդիւնքում Կոլանի բարձունքների արեւմտեան հատուածը` այդ տարածքի 2/3 մասը, անցաւ Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ: Իսրայէլի Քնեսեթը 1981-ին Կոլանի բարձունքների մասին օրէնք ընդունեց, որով միակողմանիօրէն ճանաչեց բարձունքների նկատմամբ Իսրայէլի պետութեան գերիշխանութիւնը: ՄԱԿ-ը, սակայն, այդպէս էլ չճանաչեց այդ որոշումը: Կոլանի բարձունքների որոշ շրջաններ շարունակում են մնալ Սուրիոյ վերահսկողութեան տակ: Կոլանի բարձունքներում Սուրիոյ ու Իսրայէլի միջեւ բաժանարար գիծն անցնում է ապառազմականացուած գօտիով, որ գտնւում է ՄԱԿ-ի հսկողութեան ներքոյ: Ապառազմականացուած գօտում ՄԱԿ-ի լիազօրութիւնը տարածւում է Կոլանի բարձունքների` թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ Սուրիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքի վրայ: Սուրիական ճգնաժամի տարիներին այդ տարածքներում ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւնը խաթարուել էր, քանի որ դրանք անցել էին ահաբեկիչների վերահսկողութեան տակ: 2018 օգոստոսի կէսերից Կոլանի բարձունքներում ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը վերահաստատուեց», Կոլանի բարձունքներու վերաբերեալ պատմութիւնը ներկայացրեց փորձագէտը:
Ըստ անոր, նախագահ Թրամփի յայտարարութեամբ, որ կը ճանչնայ Իսրայէլի գերիշխանութեան իրաւունքը Կոլանի բարձունքներու` երկրի կողմէ վերահսկուող տարածքներու նկատմամբ, կրնայ յանգեցնել այն բանին, որ ապառազմականացուած այդ գօտիի իսրայէլեան հատուածէն դուրս բերուին ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը: «Աւելի՛ն. 2018 ամրանը Կոլանի բարձունքների մինչ ապառազմականացուած գօտու սուրիական հատուածում վերահսկողական առաքելութեամբ դիրքաւորուեցին նաեւ Ռուսիոյ ռազմական ոստիկանական ուժերը: Սա թոյլ է տալիս ենթադրել, որ այս ամէնի արդիւնքում Կոլանի բարձունքներում Իսրայէլի ու Սուրիոյ միջեւ, եւ ոչ միայն` նրանց միջեւ, ուղիղ ռազմական շփման օղակը սեղմւում է, ինչը կարող է կողմերի միջեւ նոր լարուածութեան, բախումների յանգեցնել», կարծիք յայտնեց Կարէն Վերանեանը:
Ան աւելցուց, որ մինչ Թրամփի յայտարարութիւնը տեղի ունեցաւ եւս մէկ կարեւոր խորհրդանշական զարգացում, այն է` օրերս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մարդու իրաւունքներու գծով վերջին զեկոյցի մէջ Կոլանի բարձունքները սահմանուեցան որպէս «Իսրայէլի կողմէ վերահսկուող տարածքներ», այն պարագային, երբ նախորդ զեկոյցներու մէջ կը հանդիպէինք «Իսրայէլի կողմէ գրաւեալ տարածքներ» ձեւակերպմանը:
«Կարծում եմ, որ Կոլանի բարձունքները Իսրայէլի գերիշխանութեան տարածքներ ճանաչելու Թրամփի յայտարարութիւնը, անկախ դրա իրաւական հիմնաւորումից, տարածաշրջանի անվտանգութեան տեսանկիւնից լուրջ մարտահրաւէրներ է պարունակում: Աւելի՛ն. իրավիճակը բարդանում է նաեւ Սուրիայից ամերիկեան զօրքերի մեծ մասի դուրս բերման հանգամանքներում: Կը կարծրանայ նաեւ իրանական կողմի դիրքորոշումը, ինչը կ՛անդրադառնայ Սուրիայում իրանական գործօնի ռազմական մարտավարութեան վրայ», ըսաւ փորձագէտը:
«Երկիր» կայքէջի հարցին` արդեօ՞ք Կոլանի բարձունքներու նկատմամբ Իսրայէլի գերիշխանութեան իրաւունքներու ճանաչումը կրնայ նախադէպ ըլլալ նաեւ այլ հակամարտութիւններու, մասնաւորապէս` արցախեան հակամարտութեան համար, Կարէն Վերանեանը պատասխանեց, որ հաւանականութիւնը գրեթէ զերօ է, քանի որ ատոնք լրիւ այլ իրողութիւններ են, կ’ընթանան այլ տարածաշրջանին մէջ, ուր ռազմաքաղաքական ու անվտանգային գործընթացներ ունին այլ իրաւաքաղաքական, ռազմաքաղաքական տրամաբանութիւն: