Հայոց ցեղասպանութեան վերջին ականատեսներէն Լուսին Պերեճիքլեան 21 փետրուարին, 106 տարեկան հասակին մահացաւ Արժանթինի մէջ: Ծնած էր 1909-ին, Այնթապ: Տարագրութեան տարիներուն ընտանեօք գաղթեցին դէպի Սուրիա: Գաղթի ճանապարհին կորսնցուց մայրը, իսկ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին ալ` հայրը: Ինք ալ հետեւեցաւ եղբայրներուն ուղղութեան եւ 1926-ին աւագ քրոջ հետ միասին հասաւ Հարաւային Ամերիկա:
Պերեճիքլեան 2015-ին Ցեղասպանութեան մասին իրեն ուղղուած հարցումի մը պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Աւելի լաւ է չյիշել այդ օրերը: Այդ յիշատակներուն պատճառով գիշերները չեմ կրնար քնանալ»: