Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Տեսակէտ. Ո՛չ, Քաղաքական Գաղափարախօսութիւնները Ժամանակավրէպ Չեն

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

«Գաղափարախօսութիւնը առաջնահերթութիւն չէ», «Գաղափարախօսութիւններուն ժամանակաշրջանը վերջացած է», «Գաղափարախօսութիւնները մեռած են» եւ այլ բացասական խօսքեր գաղափարախօսութիւններուն դէմ շա՛տ լսած եմ, մանաւանդ վերջին ժամանակաշրջանին:

Սակայն այս երեւոյթը ամբողջութեամբ ջրուեցաւ 18 փետրուարին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփը (աջակողմեան ամբոխավարութեան բանբերը` ըստ իս) յայտարարեց, թէ` «Ամերիկան ընկերվարական պետութիւն պիտի չդառնայ», եւ կոչեր հրապարակեց տապալելու ընկերվարական կառավարութիւնները:

Սիրելինե՛ր, յարգանքս ձեր բոլորին, բայց եթէ գաղափարախօսութիւնները ժամանակավրէպ են (ըստ ձեր ըսածին), ինչո՞ւ դեռ Թրամփը կ՛ուզէ տապալել ընկերվարութիւնը. ինչո՞ւ «Տի էքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը այդքան մտահոգ է, որ արմատական ձախը վերելք կ՛ապրի:

Նոր-ազատականութիւնը, իր ծանուցողական հսկայ ցանցերով, կը տարածէ գաղափարախօսութիւններու մահազդը, մինչ միեւնոյն ժամանակ ինք կը տարածէ իր նոր-ազատական գաղափարական հիմքերը` պարպելով գաղափարաքաղաքական դաշտը միւս քաղաքական-գաղափարաբանական հոսանքներէն:

Բոլոր ոչ նոր-ազատական դիմագիծ ունեցող գաղափարաքաղաքական ուժերը, որոնք կ՛ազդուին նոր-ազատական ցանցերու «գաղափարախօսութիւններու մահազդներուն հրապարակումը»-ներէն, իրենք իրենց գերեզմանը իրենց սեփական ձեռքերով փորած կ’ըլլան ու վերջ կու տան իրենց գաղափարական ինքնուրոյն ուժի գոյութեան` դառնալով հասարակ պատեհապաշտ քաղաքական ուժ:

Քանի որ նոր-ազատականութիւնը իր սեփականաշնորհումներով, խստամբերութեամբ եւ մեծ ընկերութիւններուն` ցած տոկոսներով հարկերու վճարումով կը գործէ, հետեւաբար կը զգացուի այլընտրանքի կարիքը:

Նոր-ազատականութիւնը չ՛ուզեր որեւէ այլընտրանքի գոյութիւնը, չ՛ուզեր, որ իրմէ զատ ուրիշ գաղափարաքաղաքական ուժ մէջտեղ գայ, անոր համար կը յայտարարէ գաղափարախօսութիւններու մահը:

Կը կարծէ՞ք, թԷ աշխատաւորի միութենականացումը, բնապահպանական աքթիվիզմը կամ հարկային փախուստի դէմ կոչերը կը նպաստեն նոր-ազատականութեան: Ո՛չ, կը սխալիք. Նոր-ազատականութեան օգտին չէ, որ աշխատաւորը գիտակից ըլլայ եւ պահանջէ արդար աշխատավարձ, ան չի հետաքրքրուիր, թէ այսինչ բանը բնութեան կը վնասէ կամ ոչ, անոր օգտին չէ, որ գտնուի քաղաքականօրէն գիտակից երիտասարդութիւն, որուն կը մտահոգեն ընկերային-տնտեսական հարցերը, անոր օգտին չէ հանրութեան շահը. անոր միակ նպատակը ինչպէ՛ս դրամագլուխը ազատօրէն տեղէ-տեղ փոխադրելն է, ինչպէ՛ս աւելի ներդրումներ կատարելն է, ինչպէս դրամատուներուն մէջ դրամատէրերուն անձնական հաշիւները աւելցնելն է միայն:

Հետեւաբար, գաղափարականացման կարիք ունի քաղաքական դաշտը եւ այդ գաղափարականացումը չի գար «Տի Էքոնոմիսթ»-ի կամ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի պատուէրներով կամ գաղափարախօսութիւններու մահերուն յայտարարութեամբ, այլ` ձախէն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles