Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Մայրավանքն Ու Մեր Գոհարները…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Մարտ 3-ի երեկոյեան ապրեցանք այնքան հոգեպարար ու ոգեւորիչ երեկոյ մը` Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի հրաւէրով ու Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ:

Հոգելոյս Զարեհ արք. Ազնաւորեանի երաժշտական բեղմնաւոր ու այնքան հարուստ երկերուն նուիրուած այս երեկոն իսկական վայելք մըն էր բոլոր ներկաներուն համար, երբ ըմբոշխնեցինք Զարեհ սրբազանին ստեղծագործութիւնները, որոնք հայ երաժշտական հարստութիւնը աւելի ճոխացուցին ու արդարացուցին Արամ Ա. վեհափառին կողմէ Զարեհ սրբազանը կոչելու մեր օրերու Կոմիտասը, որուն հայ երաժշտական գործերը ամփոփուած ու համադրուած էին երկու հատորներու մէջ` Մեղրիկ սրբազանին աւելի քան երկու տարուան ժրաջան աշխատանքով:

«Շնորհալի» երգչախումբն ու մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբը,  հայր Զաւէնի ղեկավարութեամբ, մեզի հրամցուց եկեղեցական երգերու եւ շարականներու այնքան հոգեպարար երեկոյ մը, որ մեր ազգային մշակութային կեանքին մէջ մեծ ու այնքան որակաւոր ներկայութիւն մը եղաւ:

Փոքրիկներու «Նարեկացի» երգչախումբը հասաւ իր այնքան տպաւորիչ գագաթնակէտին, երբ 9 տարեկան մանչուկը, քայլ մը առաջ գալով, երգեց այնքան տպաւորիչ ու քնքուշ մեներգ մը, որ ինծի նման քանի՜ հոգիներու աչքերը արցունք լեցուց:

Այս երեկոն հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ «Շնորհալի» երգչախումբը  եկեղեցական այնքան խորիմաստ երգերուն շարքին յանկարծ ցնցեց բոլոր ներկաները` երգելով այնքան իմաստալից ու ազգայնաշունչ «Զարթի՛ր, լաօ»¬ն` յուզելով ներկաներն ու յուսադրելով, որ մենք ունինք մեր օրերու Խրիմեան Հայրիկը` յանձինս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ իբրեւ արթուն պահակ` միշտ պատրաստ է դիմագրաւելու բոլոր ոտնձգութիւնները:

Վեհափառ հայրապետը երբ մայրավանքին պատերէն ներս կը հնչեցնէ այս  կոչը, ան դարձեալ կը վերանորոգէ իր ուխտը ու կը վերահաստատէ  սուրբ աթոռին արժանի տիրակալութիւնը, եւ կը թելադրէ սփիւռքահայ ծնողքին` հայ մանուկին տալ հայեցի դաստիարակութիւն, մայրավանքին շունչով ըլլալ միշտ զգաստ` սպառնացող վտանգներուն դիմաց, միշտ պատրաստ` պայքարելու օտարամոլութեան դէմ, պահելու եւ պաշտպանելու մեր ազգային ու մշակութային արժանիքները:

Վեհափա՛ռ տէր, ձեր կոչը խոր արձագանգեց մեր հոգիներուն մէջ ու իբր գիտակից ծնող` հայ մանուկին` մենք կը խոստանանք ըլլալ արժանի զաւակները մեր եկեղեցւոյ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>