Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Ժամանա՛կն Է Արդէն

$
0
0

 

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Մինչ օրս Լիբանանի ուսման ծրագիրին մէջ, քանի մը բառէն բացի, ո’չ մէկ  ձեւով անդրադարձ կատարուած է Հայոց ցեղասպանութեան անվիճելի իրականութեան: Լիբանանի մէջ թրքական տիրապետութեան մասին եւ Ա. Աշխարհամարտի նիւթերուն մէջ պարզապէս յիշուած է, որ հայերը, քիւրտերն ու յոյները եւս իրենց բաժինը ստացած են թրքական ջարդերէն: Սակայն այս մէկը ընդունելի չէ եւ իմ դպրոցական տարիներէս անհանգստացուցած է զիս, որովհետեւ կարելի չէ ամբողջ Ցեղասպանութիւն մը ներկայացնել քանի մը բառով:

Ոմանք կրնան հարց տալ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը ի՛նչ գործ ունի Լիբանանի պատմութեան դասաւանդման ծրագիրին մէջ, թէ` այդ գիրքը ընդհանրապէս արաբական երկիրներու պատմութեան մասին է, եւ թէ` ոմանք մեկնելով իրենց կրօնական թեքումէն ու պատկանելիութենէն` կրնան մերժել այդ տեսակի առաջարկ մը… Սակայն իրականութիւնը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը անբաժան մաս մըն է համաշխարհային պատմութեան եւ յատկապէս` Միջին Արեւելքի ու արաբական աշխարհի պատմութեան, ուր ապաստանեցան եւ գաղութներ ստեղծեցին ու այդ երկիրներու ծաղկումին ու տարբեր ոլորտներու զարգացումին ու յառաջդիմութեան մաս կազմեցին այդ Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները, որոնք հետագային դարձան այդ եկրներու հաւատարիմ ու արժանապատիւ քաղաքացիները:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, կ՛արժէ հարց տալ, թէ օրին, ինչպէ՞ս եւ շնորհիւ որո՞նց մեծաթիւ ներկայութեան որոշուեցաւ, թէ քրիստոնեայ պէտք է ըլլայ Լիբանանի նախագահը: Կ՛արժէ յիշել, որ Ճեմալի ձեռամբ լիբանանեան Այնթուրա շրջանին մէջ փորձ կատարուեցաւ թրքացնելու հարիւրաւոր հայ որբեր: Պէտք է յիշել, որ հազարաւոր հայորդիներ Լիբանանի մէջ գաղթակայաններ ստեղծեցին եւ հո’ն ապաստանեցան: Կարելի չէ՛ մոռնալ, որ Լիբանանը գրկաբաց ընդունեց վիրաւոր ու արիւնահոս հայ ժողովուրդը, որ ազատած էր թուրքի եաթաղանէն, եւ առիթ տուաւ հայկական վերածնունդին` դառնալով հայկական սփիւռքի մայրաքաղաք:

Լիբանան պաշտօնապէս ճանչցած է եւ բազմիցս դատապարտած` Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ հետեւաբար, հայ ժողովուրդը լիբանանցի ըլլալով, իր պատմութիւնը անբաժան մէկ մասը կը դասէ լիբանանեան պատմութեան:

Ժամանա՛կն է արդէն ներկայացնելու այս առաջարկը եւ պահանջելու Լիբանանի կրթութեան նախարարութենէն այս իրաւունքը, առանց որուն` կարելի չէ պատմութեան գիրքին մէջ այդ ժամանակաշրջանի խճանկարը ամբողջացնել: Ինչպէ՞ս կարելի է պաղեստինեան հարցը դասաւանդել լիբանանցի աշակերտին եւ չդասաւանդել Հայկական հարցը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբ հայը լիբանանցի է, մինչդեռ պաղեստինցին` ոչ:

Հետեւաբար ժամանակն է, որ այլեւս Հայոց ցեղասպանութիւնը կոկիկ եւ համապարփակ ձեւով ներկայացուի լիբանանցի աշակերտին` ամբողջացնելու համար այդ ժամանակաշրջանի լիբանանեան պատմութեան բացթողումը:

 

»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>