Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Նոր Ժպիտներ

$
0
0

ՍԻԼՎԻԱ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ

Մարդկութիւնը, եւ յատկապէս` մարդ արարածը, միշտ ալ կը ցանկայ աւելին, միշտ ջանք կը թափէ աւելի բարձրին հասնելու, ինչ որ մարդու բնազդին մաս կը կազմէ, եւ այս մէկը որոշ չափով առողջ մթնոլորտ մը կը ստեղծէ մարդկութեան բարգաւաճումին համար: Այս բոլորը ճիշդ պատճառներն են, թէ ինչպէ՛ս աշխարհը աներեւակայելի արագութեամբ կը դառնայ իր շուրջ` գրաւելով նորանոր դիրքեր: Սակայն մարդկութիւնը երբեմն կը չափազանցէ այս բոլորը` առանց մտածելու, թէ կան բազմութիւններ, որոնք նուազագոյն ժպիտ մը ունենալու իսկ առիթը չունին…

Երանելի է այն մարդը, որ իր ունեցած ժպիտն ու երջանկութիւնը կը բաժնեկցի կարիքաւորին հետ: Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի (Էլ. Էյ. Եու.) հիւանդապահութեան հիմնարկը` գործակցութեամբ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան հետ առիթ մը տուաւ ինծի գծագրելու ժպիտներ, որոնք տարիներէ ի վեր կորսուած էին:

Քանի մը ամիս առաջ էր, երբ դասապահերէս մէկուն ընդհանուր թեման համայնքն էր, եւ` Լիբանանի համայնքը հեռու պահել որոշ հիւանդութիւններէ: Ամբողջ դասարանով  ծանօթանալէ ետք «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տարբեր բաժանմունքներուն, իւրաքանչիւր երկու աշակերտի տրամադրութեան տակ դրուեցաւ կարիքաւոր ընտանիք մը: Մեր պարտականութիւնն էր այցելութեան մը ընդմէջէն ախտաճանաչումը կատարել տուեալ ընտանիքի առողջապահական եւ ընկերային հարցերուն ու դժուարութիւններուն:

Միշտ ալ լսած էինք ընտանիքներու մասին, որոնց մօտ արեւն ու գարունը մշտապէս բացակայ էին, եւ որոշ չափով փորձած էինք հասկնալ ու պատկերացնել. սակայն իրողութիւնը տարբեր է: Երբ իրականութեան դիմաց կը գտնուիս, իսկապէս իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն տարբեր է:

Այսօր, 21-րդ դարուն, տակաւին կան ընտանիքներ, ուր ծնողները 2 օր կը մնան բոլորովին անօթի` հայթայթելու համար իրենց զաւակին ճաշը, ուր ծնողները ձեռքով կտորներ կը հիւսեն` տաքցնելու համար իրենց զաւակը, ուր ծնողները կը մոռնան զիրենք տառապեցնող բոլոր հիւանդութիւնները` բուժելու համար իրենց միակ զաւակը… Սակայն այս բոլորին կողքին, ունինք «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, որ իւրաքանչիւր ընտանիքի կը հայթայթէ լիարժէք կեանք մը: Իսկապէս գնահատելի է այս հաստատութեան մէջ աշխատող իւրաքանչիւր ձեռք, որ կ՛երկարի անդունդէն վեր բարձրացնելու ընտանիք մը, հազարաւոր ընտանիքներ:

Իսկապէս անբացատրելի էր ուրախութիւնս, երբ տարիներով տառապած ծնողի դէմքին վրայ գծագրուեցաւ ժպիտ մը, երբ երեխայի մը աչքերուն մէջ փայլեցաւ երջանկութիւնը: Այդ ծնողին իւրաքանչիւր շնորհակալական խօսքը հոգեկան գոհունակութեամբ լեցուց սիրտս: Այս բոլորը կը պարտիմ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի Հիւանդապահութեան հիմնարկին եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան համատեղ գործակցութեան:

Յատուկ շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ գործող իւրաքանչիւր ծառայողի, եւ յատկապէս` «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին, անոնց կատարած խոնարհելի գործին համար:

Յատուկ շնորհակալութիւն` նաեւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի Հիւանդապահութեան հիմնարկին, որ իր միջոցներով մեզի ներկայացուց Լիբանանի եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի համայնքի ընկերային եւ առողջապահական հարցերը` ի յայտ բերելով զանոնք լուծելու նոր ձեւեր: Յատուկ շնորհակալութիւն` նաեւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի Հիւանդապահութեան հիմնարկի տնօրէն Անահիտ Տէր Վարդանեան-Քուլուիքիին, որ հայ արմատներ ունենալով նուիրուած է Լիբանանի կարիքաւոր խաւի գործերուն եւ հիմնարկի ուսանողներուն միջոցով կը հասնի Լիբանանի մեծ համայնքին, որուն կը պատկանին նաեւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի Հիւանդապահութեան հիմնարկի բոլոր շրջանաւարտները, ներառեալ` հայ շրջանաւարտները:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>