Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Անդրադարձ. Սրբագրում Եւ Վերյիշեցում

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին ընդառաջ հրապարակեցին յայտարարութիւն մը` կողմերուն վերյիշեցնելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի բաղադրիչները:

Երկարաշունչ ու մանրամասն յայտարարութեան մէջ վերյիշեցումներու շարքէն կը բացակայէին Ս. Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի համաձայնութիւնները: Ատիկա մոռացումի կամ բացթողումի հետեւանք չէր, այլ` Հայաստանի վարչապետին ու Ազրպէյճանի նախագահին Մինսքի խմբակի ձեւաչափէն դուրս հանդիպումի ընթացքին շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու շուրջ գոյացուցած համաձայնութեան ընկալման:

Զինադուլի խախտման հսկողութեան մեքանիզմի հաստատման վերաբերեալ Ս. Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի համաձայնութիւնները շրջանցող Հայաստան-Ազրպէյճան համաձայնութեան լոյսին տակ` համանախագահները բաւարարուեցան ընդգծելով արդիւնաւէտ քննարկումներու իրականացման համար միջավայրի, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին շփման գիծին վրայ միջադէպերու նուազումի միտումը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Զինադուլի պահպանման ու ամրապնդման համար, սակայն, կարելի չէ վստահիլ զայն 1994-էն` զինադուլի հաստատման համաձայնութեան կնքումէն ի վեր շարունակ խախտած Ազրպէյճանի խոստումին: Մինչ զինադուլի հսկողութեան մեքանիզմը երկարատեւ, շօշափելի եւ դժուար շրջանցելի է, ազրպէյճանական խոստումը ոչինչ կ՛արժէ եւ որեւէ պահու շրջելի է:

Ահա այս ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեանի` «Խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը, ռիսքերու նուազեցման եւ միջադէպերու կանխարգիլման մեքանիզմներու եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու ներդրումը, ինչպէս ատիկա ամրագրուած է Տուշանպէի, իսկ մինչ այդ նաեւ Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներու շրջագիծին մէջ, կը շարունակեն մնալ առարկայական» յայտարարութիւնը կարելի է նկատել սրբագրում եւ վերյիշեցում:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles