Համազգայինի Համասփիւռքեան Առաջին Երաժշտական Դպրոցը 35-ամեայ Կեցութեան Մը Վկայութիւնը
ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Ա. Մուտք Եւ Ծննդոց
«Երաժշտական կրթութիւն» եւ «երաժշտական դպրոց» հասկացողութիւնները նոր երեւոյթներ են սփիւռքահայ կրթական համակարգէն ներս. անոր հեռաւոր եւ մասնակի նախընթացը կը հանդիսանայ Գրիգոր Սինանեանի երաժշտական անձնական դպրոցը, Պոլսոյ մէջ, իբրեւ իր տեսակի առաջինը ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:
Դժբախտաբար երկար ժամանակ Սինանեանի դպրոցը չունեցաւ իր յաջորդը. քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային պայմանները առիթ չտուին երկրորդի մը ծնունդին:
Հայ երաժշտութեան մեծ երախտաւոր Կոմիտաս վարդապետ կը մտածէր Պոլսոյ մէջ «ազգային երաժշտանոց» մը հիմնելու մասին եւ այդ ուղղութեամբ գործնական որոշ քայլեր ալ առած էր. 1911 ապրիլ 14-ին Պոլսոյ «Փըթի շան» սրահի համերգին հասոյթը ի նպաստ հիմնելի հայ երաժշտանոցին պիտի տրուէր… Տարաբախտ վարդապետին դժբախտ ճակատագիրը, սակայն, ի միջի այլոց, այդ ազգօգուտ երազը եւս անկատար թողուց…
Անհրաժեշտ եղաւ սպասել մինչեւ 1980-ական թուականները` ականատես ըլլալու համար Լիբանանի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի երկունքին, այս անգամ, արդէն, իբրեւ ակադեմական-ուսումնական ամբողջական ծրագիրով օժտուած հանրակրթական կառոյց, որ կը հանդիսանայ առաջին երաժշտական-հանրակրթական դպրոցը սփիւռքահայ իրականութեան մէջ` հիւմնուած 1983-1984 կրթական տարեշրջանին, Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ:
Պատմութեան համար անհրաժեշտ է յիշատակել Համազգայինի Պուրճ Համուտի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին նախափորձը: Արդարեւ, 1970-ական թուականներէն արդէն Պուրճ Համուտի մէջ երաժշտական դպրոց մը հաստատելու գաղափարը սկսած էր չարչրկել մասնաճիւղի երէց ընկերներէն ոմանց մտքերը, որուն բնական արդիւնքը հանդիսացաւ 80-ական առաջին տարիներու նախափորձը` նախ «Սիմոն Վրացեան» ակումբէն ներս եւ ապա` Ազգային Նուպարեան վարժարանին մէջ, ուր իբրեւ առաջին քայլ` սկիզբ առաւ դաշնակի, ջութակի եւ երգեցողութեան դասանիւթերուն ուսուցումը:
1982 յուլիսին կայացած Համազգայինի Լիբանանի Ե. Շրջանային ժողովը, պարտք կը դնէ նորընտիր Շրջանային վարչութեան ուսերուն` «ստեղծելու յատուկ յանձնախումբ մը, որ սերտէ երաժշտանոցի մը հիմնումի կարելիութիւնները»:
Եւ վերջապէս, 1983-ի հոկտեմբերին Համայգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը կը բանայ իր դռները Պուրճ Համուտի Ազգային Նուպարեան վարժարանին մէջ` ի կատար ածելով հայ երգի ու երաժշտութեան քրմապետին ու երկրպագուին` անմահն Կոմիտասի անկատար մնացած երազը, մկրտելով զայն մեծ ուսուցիչի յատուկ ուշադրութեան եւ գուրգուրանքին արժանացած հինգ տաղանդաւոր սաներէն եւ հայ երգի երկրորդ մեծ երկրպագուին` Բարսեղ Կանաչեանի անունով:
Բ. Քարեղէն Կառոյցը
Այս առիթով անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ շեշտել այն հանգամանքը, որ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը իր հիմնական բաժիններով, ժողովրդային փոխատուութիւններու եւ նուիրատուներու տրամադրած նիւթական միջոցներու շնորհիւ, իրագործուած կառոյց մըն է. ինչ որ, տառին ամբողջական առումով, զայն կը դարձնէ իսկապէս «ժողովրդային կառոյց» մը: Այդ հասկացողութեամբ եւ այդ պատրաստակամութեամբ ալ ան գործած է ու կը գործէ երեքուկէս տասնամեակներէ ի վեր:
Ժողովրդային մասնակցութեան այդ վարակիչ երեւոյթը միաժամանակ պերճախօս փաստ մըն է այդ օրերուն մեր գաղութին մէջ տիրող ընդհանուր խանդավառութեան` հակառակ այդ տարիներու ապահովական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապալի երեւոյթներուն:
Յաւելեալ ապացոյց մը հայ ժողովուդի վերապրելու կամքին եւ մնայուն արժէքներու նկատմամբ ցուցաբերած վերաբերումին:
Հետագային` չորրորդ յարկը եւ այլ մասնակի բաժիններու շինութիւնը կարելի եղաւ աւարտել գետնայարկի հինգ խանութներու վաճառումէն գոյացած գումարներու շնորհիւ:
Նիւթականի ապահովման եւ շինարարական աշխատանքներու հեզասահ ու բարւոք ընթացքի հետապնդման իմաստով, կեդրոնական դէմք հանդիսացաւ բազմավաստակ համազգայնական եւ մտաւորական, այդ օրերու Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Շահինեանը, առանց որու նուիրեալ ծառայութեան` դժուար թէ կարելի ըլլար գլուխ հանել այդ խիստ կենսական աշխատանքը. անշուշտ` առանց անտեսելու եւ նսեմացնելու իր անմիջական գործակիցներուն զօրակցութիւնն ու մասնակցութիւնը այս խիստ կենսական եւ ազգօգուտ նախաձեռնութեան գործնական աշխատանքներուն: Ահաւասիկ, ընդհանրական տագնապէ մը թելադրուած ու հաւաքական ճիգերով իրագործուած սփիւռքահայ իրականութեան եզակի կառոյց մը:
Ամբողջացնելու եւ աւարտելու համար «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի քարեղէն կառոյցի ամփոփ պատմականը` աւելցնենք չորրորդ յարկի «Գ. եւ Հ. Արմենեան» սրահի ներքին բարեզարդման պարագան, որ ոչ միայն կարելիութիւն եւ առիթ կ՛ընծայէ մեր աշակերտական հերթական ներքին ունկնդրութիւններուն` կոփելով մեր պատանի արուեստագէտներուն կատարողական հմտութիւններն ու ամրացնելով անոնց բեմական կեցուածքը, այլեւ` իր գեղեցիկ հնչեղութեամբ սրելով ու զարգացնելով անոնց երաժշտական լսողութիւնն ու գեղարուեստական ճաշակը:
Յարգանք եւ վարձքը կատար բոլորին:
Գ. Քարեղէնին Մէջ Ոգեղէնը
Այսօր Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը իր 35 տարիքը բոլորած է արդէն եւ հակառակ, իր այդ երիտասարդ տարիքին` ան իր բեղուն եւ արդիւնաւէտ գործունէութեամբ առաջնակարգ դիրք կը գրաւէ իրմէ շատ աւելի «մեծահասակներու» կողքին` հաւասարէ հաւասար:
Պերճախօս ապացոյց մը եւս, որ տաղանդն ու արժէքը տարիներու թիւով չէ, որ կը գնահատուին ու կը չափուին անպայման:
Արդարեւ, իր պատանի տարիքէն սկսեալ, շուրջ երեքուկէս տասնամեակներէ ի վեր Լիբանանի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը զգալի եւ մնայուն ներկայութիւն եղած եւ ինքզինք հաստատած է Լիբանանի երաժշտական բեմին վրայ` իր հասցուցած եւ արուեստի ասպարէզ նետած բազմաթիւ երիտասարդ արուեստագէտներով, որոնք ներկայիս կը գործեն անհատական թէ պետական զանազան հաստատութիւններու մէջ` իբրեւ ուսուցիչ եւ կատարող, ինչպէս նաեւ` տեղական երգչախումբերու եւ նուագախումբերու իրենց բերած յաճախակի եւ գործօն մասնակցութեամբ, աշակերտական ներքին թէ հրապարակային համերգներով, գաղութիս զանազան շրջաններուն մէջ թէ գաղութէս դուրս ունեցած համերգային շրջապտոյտներով եւ յատկապէս պետական եւ տեղական զանազան մրցոյթներուն իրենց ապահոված բազմաթիւ պատուաբեր մրցանակներով:
Ներկայիս «կանաչեանական սերունդ»-ի մը գոյութիւնն ու գործունէութիւնը անհերքելի իրողութիւն դարձած է մեր իրականութենէն ներս, եւ անոր շօշափելի ներկայութիւնը մեր գաղութի առօրեային մէջ մենք կը զգանք միութենական ձեռնարկներու ընթացքին եւ այլազան հանդիսութիւններուն ընդմէջէն:
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական քոլեճը առաջին երեք տարիներուն կը գործէ Ազգային Նուպարեան վարժարանին մէջ. որմէ ետք, 1987-ի նոյեմբերին, ան կը հաստատուի իր մնայուն նստավայրը` Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ, Պուրճ Համուտ:
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը կը զատորոշուի երաժշտական նմանօրինակ միւս հաստատութիւններէն առաջին հերթին իր պատկանելիութեամբ, որ կը ճշդէ ու կը բնորոշէ անոր գործունէութեան դաշտն ու հիմնական սկզբունքները` միաժամանակ: Պատկանելիութեան իր այդ հանգամանքով է, որ ան հանրօգուտ ծառայութեան կոչում կը ստանայ. ինչ որ զինք ամբողջութեամբ զերծ չպահելով հանդերձ զուտ տնտեսական մտահոգութիւններէ, պարտականութիւն եւ առիթ կու տայ անոր իր գործունէութինը տարածելու նաեւ հանրակրթական մարզերու եւ մակարդակներու վրայ` նպաստելու համար ժողովրդային լայն խաւերու երաժշտական դաստիարակութեան: Նոյն հետեւողութեամբ եւ հասկացողութեամբ, կը շեշտուի նաեւ մեր երաժշտանոցին ազգային դիմագիծը, որ ուղղակի յանձնառութեան տակ կը դնէ մեզ` լծուելու եւ նուիրուելու հայապահպանման եւ հայ մշակոյթի տարածման ու ժողովրդականացման աշխատանքին: Այդ ծիրէն ներս մեր երաժշտանոցին ազգային պատկանելիութիւնը կ՛իմաստաւորուի
Հայ Երաժշտութիւն
դասապահի եւ դասանիւթի ստեղծումով, որ առաջին եւ միակ պարագան է ամբողջ սփիւռքահայ իրականութան եւ գաղութներու մէջ: Համազգայինի երաժշտանոցին ամէնէն պատուաբեր նախաձեռնութիւնն է այն, որ միաժամանակ «Կանաչեան» քոլեճէն ներս «համազգայնական» գերագոյն ձգտումն ու իրագործումն է եւ զայն ստեղծողներու երազներուն իրականացումն ու պսակումը` միաժամանակ:
Այս գերագոյն իրագործումով է, որ «Կանաչեան» քոլեճին գոյութիւնը լիովին կ՛իմաստաւորուի ու կ՛արդարանայ:
Համասփիւռքեան առումով` նախընթաց մը եւ պատուաբեր մենաշնորհ մը եւս, որ Համազգայինը կը դարձնէ ազգային գաղափարախօսութեան եւ մնայուն արժէքներու յայտնաբերման ու հետապնդմնան յանձնառու անկրկնելի եւ անփոխարինելի համասփիւռքեան եւ համահայկական կազմակերպութիւն մը, որովհետեւ այս դասանիւթին անխուսափելիօրէն կը կապուի հայոց պատմութիւնն ու հայ մշակոյթը տարածելու եւ ժողովրդականացնելու զուգահեռ աշխատանքը :
Նմանօրինակ նախընթաց մը եւ մենաշնորհ մըն է նաեւ արեւմտեան երաժշտութեան պատմութիւն դասանիւթը, որ կը յատկանշուի իր ընդգրկած նիւթերու այլազան բովանդակութեամբ եւ մանկավարժական իւրայատուկ եւ ինքնատիպ մօտեցումով:
Այս բոլորը իտէալապէս համադրող, համեմող ու փոխանցող հաղորդակցութեան գերազանց միջոցը մեր մայրենին է` հայերէնը. «Կանաչեան» քոլեճի այլատարր ու այլամակարդակ դասարաններու հասարակ յայտարարը, որուն շնորհիւ բազմաթիւ խոչընդոտներ կը հարթուին ու կը յաղթահարուին փոխանցման եւ ընկալման մակարդակներու վրայ հաւասարապէս: Լեզուն, այս պարագային եւս, տարբերացման մեր հիմնական յատկանիշն է եւ մեր լեզուամտածողութեան հարազատ թարգմանն ու կռուանը` միաժամանակ:
Այս պայմանաւորումներով կը բացատրուին ու կը հիմնաւորուին մեր երաժշտանոցի ուսումնական եւ կանոնագրային ընդհանուր տրամադրոթիւնները եւ ծրագրային, մանկավարժական – դաստիարակչական բոլոր սկզբունքները. նոյն տրամաբանութեամբ, այդ պայմանաւորումներով կը հիմնաւորուին նաեւ մեր երաժշտանոցի միւս բոլոր իւրայատկութիւնները, որոնց առաջին շարքին պէտք է մատնանշել, որ իր միութենական պատկանելիութեան հանգամանքով ան ոչ շահադիտական ձեռնարկ է եւ կը միտի երիտասարդ սերունդներու գեղարուեստական կազմաւորումին եւ ճաշակի զարգացման:
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը իրականացումն էր համազգայնական հին երազի մը, որ կը մեկնէր կենսական անհրաժեշտութեան մը հրամայական թելադրանքէն եւ կը ձգտէր գաղութիս մէջ գոյութիւն ունեցող մեծ բաց մը գոցելու հիմնական առաջադրանքին:
Մեր երաժշտանոցը հիմնողները առաջին հերթին կը հետապնդէին հանրակրթական-դաստիարակչական նպատակներ. այդ իմաստով, քոլեճիս ուսումնական առաջին ծրագիրը պատշաճեցուած էր ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆի ազգային հանրօգուտ առաքելութեան սկզբունքներուն, զորս կարելի է խտացնել եւ բանաձեւել հետեւեալ ձեւով. ոչ շահադիտական միջոցներով երաժշտական կրթութիւն ջամբել առաւելագոյն թիւով հայ աշակերտներու եւ նպաստել անոնց երաժշտական կազմաւորումին` արթնցնելով անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ հետաքրքրութիւն եւ սէր` այդ վսեմ արուեստին հանդէպ, զարգացնել անոնց գեղարուեստական ճաշակը հայ եւ միջազգային հեղինակներու գործերու ունկնդրութեամբ եւ կատարումով` միաժամանակ առիթ եւ կարելիութիւն ընծայելով անոնց իրենց կատարողական տաղանդը զարգացնելու եւ մշակելու մեր երաժշտանոցին մէջ եւ անկէ անդին:
Այս հասկացողութեամբ, սկզբնական շրջանին զուտ ասպարէզային եւ մասնագիտական մօտեցումը անմիջական մտահոգութիւն չըլլալով հանդերձ, «արհեստավարժութեան» հաստատումը զուգահեռ, աստիճանական եւ հեռանկարային ձգտում էր անոնց մտքերուն մէջ:
(շարունակելի)