Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

8 Մարտը` Տօնակատարութենէն Անդին

$
0
0

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»

8 մարտին, համաշխարհային առումով, կը յիշատակուի Կիներու միջազգային օրը:

Այս օրուան առնչուող առաջին դէպքը տեղի ունեցած էր 8 մարտ 1857-ին, երբ Նիւ Եորքի հիւսուածեղէնի գործարաններէն մէկուն կին աշխատողները իրենց իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար քաղաքին մէջ քայլարշաւի մը ձեռնարկած էին` պահանջելով տղամարդոց հետ աշխատավարձի հաւասարութիւն եւ 16 ժամուան աշխատանքային օրուան կրճատում:

1910-ին, Ընկերվարական Բ. Միջազգայնականի Քոփենհակընի համագումարին նախորդած Կիներու միջազգային համագումարին ընթացքին գերմանացի կին ընկերվարական Լուիզ Զէյց առաջարկած էր պաշտօնապէս յիշատակել Կիներու միջազգային օրը: Առաջարկը երկրորդուած էր գերմանացի ընկերվար- ժողովրդավարական մեծ տեսաբան Քլարա Ցեթքինի կողմէ:

Կիներու միջազգային օրը առաջին անգամ յիշատակուած է 1911-ին, չորս երկիրներու` Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Դանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ:

Ընկերվարական Բ. Միջազգայնականի 1910-ի Քոփենհակընի համագումարին մասնակից Դաշնակցութիւնը, իբրեւ 8 մարտը Կիներու միջազգային օր հռչակող որոշումին համահեղինակ կուսակցութիւններէն մին, առաջին օրէն իսկ ընկերային իր առաջադրանքներուն մէջ որդեգրած է կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան պահանջը` կնոջ տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ազատագրումին զօրակցելու յանձնառութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին ալ, 8 մարտ 1921-ին, Կիներու միջազգային օրուան 10-ամեակին առիթով, խորհրդային լուծէն ժամանակաւորապէս ազատագրուած Երեւանի մէջ հանդիսաւորապէս յիշատակուած է 8 մարտի տօնը:

Խորհրդային Միութեան մէջ 1965-էն սկսեալ օրը համարուած է ոչ աշխատանքային օր: ՄԱԿ-ը 1975-ը ճանչցած է որպէս Կիներու միջազգային տարի: Նոյն կառոյցը 1979-ին 8 մարտը պաշտօնապէս Կիներու միջազգային օր հռչակած է:

Ներկայիս Հայաստանի մէջ 8 մարտէն 7 ապրիլը կը համարուի կիներու միամսեակ:

Յօդուածի մը սահմանը շատ անձուկ է կարենալ  ներկայացնելու համար համաշխարհային առումով կիներուն ձեռքբերումներն ու զանոնք համեմատելը հայ կիներու ձեռքբերումներուն հետ:

Կարկինը լայն չբանալու համար, ուրեմն, բաւարարուինք սուրիահայ կեանքին մէջ կիներու դերակատարութեան ընդհանուր ներկայացումով:

Պէտք է շեշտել, որ հայ կինը գործուն ներկայութիւն եղած է ազգային, մշակութային, բարեսիրական ոլորտներուն մէջ. այնուամենայնիւ, իր արդար իրաւունքը չէ ստացած մէկէ աւելի ոլորտներու մէջ, յատկապէս` որոշում գոյացնող մարմիններու, ժողովներու մէջ, ուր անոր դերակատարութիւնը, հաւանաբար իգական սեռին իսկ մեղքով, շատ աննկատ մնացած է, ու այր մարդը համարուած է վճռական որոշումներ գոյացնելու ատակ հիմնական տարրը:

Հասարակական մեր կեանքին մէջ թէեւ նկատելի դարձած է իգական սեռին յառաջընթացը գիտական, գրական, կրթական, տնտեսական մէկէ աւելի ոլորտներու մէջ, այնուամենայնիւ,  շօշափելի չէ դարձած այր մարդոց հետ հաւասարապէս գնահատուելու, իր մտքերն ու ապրումները ազատօրէն արտայայտելու, հաւասար իրաւունքներ վայելելու պահանջատէր հայ կնոջ կերպարը:

Ասիկա հետեւանք է ընկերային մեր ախտերուն, կինը սոսկ մօր ու գուրգուրացող էակի կերպարին մէջ տեսնելու, կանացի ամօթխածութիւնն ու նրբաճաշակութիւնը անհամարձակութեան ու ճնշող գործօնի վերածելու հիւանդագին մտայնութեան:

Պէտք է ընդգծել, որ բնականաբար պիտի չուզէինք, որ մեր կիները արտադրէին Արեւմուտքի այլասերած, գարշելի կարգ մը կին արարածներու այլանդակութիւնները, որոնք ոչ մէկ կապ ունին զարգացման էութեան հետ, այլ սանձարձակութեան վաղանցուկ արտայայտութիւններ են: Ներկայ ժամանակներուն, սակայն, իգական սեռը յանձնառութիւն ունենալու է ազատութեան ձեւական սահմանները հատելու, քանդելու տգիտութեան կաղապարները եւ լիիրաւ ներկայութիւն դառնալու զանազան մակարդակներու վրայ` չբաւարարուելով լոկ որոշումներ գործադրող ժամանակավրէպ կնոջ կերպարով:

Թէեւ Արեւելքը ունի իր անգիր օրէնքները, սակայն ոչ մէկ խոչընդոտ կը սահմանէ իւրովի զարգանալու, աշխատանքով ու ներկայութեամբ իրաւունքներ ձեռք բերելու, ազատ արտայայտուելու ու զանց առնելու հնամենի մտայնութեանց տուրք տալու պարտաւորութիւնը: Արեւելեան մեր միջավայրին մէջ գոյութիւն ունին այնպիսի յառաջադէմ կիներ, կնոջական կազմակերպութիւններ, որոնք ոչ մէկ բանով կը զիջին Արեւմուտքին:

Յետպատերազմեան Սուրիոյ մէջ, ուր նկատելի է տղամարդ մարդուժի աստիճանական նուազումը,  յատկապէս` զինուորագրութեան անկանխատեսելի որոշումներուն բերումով, իգական սեռը կարելիութիւն ունի շատ մը ոլորտներու մարդուժին բացը գոցելու, եթէ յառաջացած երկիրներու օրինակով ներգրաւուի իր նախասիրած աշխատանքին մէջ ու արդար վարձատրութեան եւ վերաբերմունքի արժանանայ:

Իգական սեռը, իր կարգին, այնպէս, ինչպէս ընտանիքին մէջ, նոյնպէս ալ ընկերութեան մէջ պարտաւորութիւն զգալու է յանձնառութիւններ ստանձնելու այնպիսի ասպարէզներու մէջ, որոնք կրնան ընկերութեան ընթացքը բարելաւել, տիրող մտայնութեան փոփոխութեան նպաստել:

Կը հաւատանք, որ մեր կիները, իրենց բարեհամբոյր ներկայութեան կողքին, օժտուած են բարոյական եւ մտաւոր անգնահատելի կարողութիւններով: Այդ կարողութիւնները զարգացնելու եւ գործի վերածելու շարժիչ ուժն է, որ տեղ-տեղ նսեմացած կը տեսնենք:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>