Գ. Է.
Ցաւալի է, որ կեանքի հեւքը, առօրէական հոգերը չեն օգներ, որ մեր կողքին ապրող յարգելի ընկերները աւելի խոր ծանօթութեան արժանացնենք եւ ուշացած կ՛ափսոսանք անոնց կորուստը, երբ դաժան մահը առյաւէտ կը հեռացնէ զանոնք մեզմէ:
Այլազան նկարագրի տէր ընկերներուն մէջ կը զատորոշուէր ընկեր Գալուստ Պետոյեանը` խումբիս երկարամեայ անդամը, իր պահուածքով: Ընդհանրապէս լռակեաց էր, շրջահայեաց եւ մանաւանդ բարեկիրթ: Ամենաբուռն վէճերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէր խօսուն իր նայուածքով, որ հայելին էր իր զգացումներուն, մտածումներուն: Կրաւորական, անտարբեր անձ մը չէր: Ունէր իր խոր համոզումները, որոնք պարագայաբար չէին փոխուեր: Խոր յարգանք ունէր այն ընկերներուն հանդէպ, որոնք աւելի հեզասահօրէն կը բանաձեւէին իրենց մտահոգութիւնները եւ ուսուցիչի խրախուսող իր նայուածքով կը հաստատէր իր համամտութիւնը, եթէ տարակարծիք չըլլար:
Մարդ էր իր էութեամբ, հետեւաբար մարդկային արժանապատուութեան հանդէպ խիստ բծախնդիր: Վիրաւորական, անարգական ոճը իրը չէր, ընդհակառակը, խոր յարգանք մը կը ճառագայթէր իրմէ իր ընդգրկած կուսակցութեան թէ ընկերներուն հանդէպ:
«Աղբալեան»-ի ընկերոջս վերջին անգամ զուգադիպաբար հանդիպեցայ մեր տուներու միջեւ գտնուող նպարավաճառատան մը մէջ: Տարօրինակ այդ պարտականութիւնը` գնումներ ընելու, նորութիւն էր կեանքիս մէջ: Անհրաժեշտութենէ մղուած, ինչպէս նաեւ կեանքիս պզտիկ գունաւորում մը տալու համար հոն էի: Զիս տեսնելուն` խոր զարմանքը դարձեալ բացայայտեց իր նայուածքով: Արագօրէն ամբողջացուց իր գնումները ու հակառակ պնդումներուս, իր ինքնաշարժով զիս տունս հասցուց` մանր-մունր գնումներս շալկած:
Իր յարգանքը վեր էր անձէս: Իր հոգիին խորը թաղուած ուսման ու կրթութեան հանդէպ նուիրական զգացողութիւնը զինք մղած էր քալելու որոշմանս դէմ կենալու:
Եսակեդրոնութեան, անտարբերութեան, կեղծիքի տիրապետող ընդհանուր մթնոլորտին մէջ ընկեր Գալուստ Պետոյեանի հոգին պահպանած էր իր մաքրութիւնը: Համեստ էր, բայց լաւ մարդ, բարեկիրթ մարդ էր:
Յարգա՛նք իր յիշատակին: