ԺԱԳ ՔԷՉԷՃԵԱՆ
14 փետրուար 2019-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը վաւերացուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին գլխաւորած կառավարութեան ծրագիրը: Ծրագիրը վաւերացուեցաւ քուէարկութենէ մը ետք, որուն արդիւնքն էր 82 թեր եւ 37 դէմ:
«Տնտեսական յեղափոխութիւնը սկսած է», յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը փետրուար 12-ին կայացած Ազգային ժողովի նիստին արտասանած իր խօսքին մէջ: Հարկ է յիշել, որ Ազգային ժողովը 3 օր կառավարութեան ծրագիրի քննարկման նիստեր գումարեց: Ծրագիրը, որ կը բաղկանայ 70 էջերէ, արծարծուեցաւ ներկայ 132 պատգամաւորներէն 50-ին կողմէ, որոնք զանազան հարցեր ուղղեցին եւ մտահոգութիւններ յայտնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին:
Ծրագիրը կը բաղկանայ 8 բաժիններէ, զորս կառավարութիւնը պիտի ջանայ իրագործել յաջորդող 5 տարիներուն ընթացքին: Ստորեւ ամփոփ կերպով կը ծանօթանանք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրի հիմնական կէտերուն.
Image may be NSFW.
Clik here to view.1.- Տնտեսական
ա.- Կառավարութիւնը մինչեւ 2023 թուական պիտի ջանայ ձերբազատիլ ծանր աղքատութեան պարագաներէն (ներկայիս բնակչութեան 29,4 առ հարիւրը կը գտնուի աղքատութեան գօտիին վրայ եւ անկէ վար):
բ.- Կառավարութիւնը նախատեսած է նուազագոյնը 5 առ հարիւր տնտեսական տարեկան աճ արձանագրել յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին:
գ.- Կառավարութիւնը պիտի կեդրոնանայ տնտեսական համակարգը բարեփոխելու գործընթացին վրայ` մասնաւորապէս բարձրացնելով մրցակցութիւնն ու մասնակցութիւնը տնտեսութեան մէջ. այսպիսով, ան առիթ պիտի ընծայէ, որ նոր «խաղացող»-ներ մուտք գործեն Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական շուկայ եւ նուազեցնեն անգործութեան տոկոսը:
դ.- Կառավարութիւնը թիրախ առած է մինչեւ 2024 թուական արտածման տոկոսը հասցնելու 43-45 առ հարիւր` ընդդէմ համախառն ներքին արտադրութեան:
ե.- Փոքր տնտեսական ընկերութիւնները, որոնց տարեկան առեւտրական գործառնութիւնը 24 միլիոն դրամէն ( 50.000 տոլար) նուազ է, ազատ կացուցուին կարգ մը տուրքերէ:
զ.- Կառավարութիւնը պիտի ջանայ, որ մինչեւ 2022 թուական երկրին ընդհանուր ելեկտրական արտադրութեան նուազագոյնը 10 առ հարիւրը ըլլայ արեգակնային ուժի արդիւնք:
է.- Պետական պաշտօնեաներու ամսականներու յաւելումը նաեւ նկատի առնուած է:
2.- Արտաքին քաղաքականութիւն
ա.- Արցախի օրակարգի վերաբերեալ, ծրագիրը կը նշէ, որ Արցախի պետական ներկայացուցիչները պէտք է վերադառնան բանակցութեան սեղան: Վարչապետ Փաշինեանը իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտած է, որ այս մէկը անհրաժեշտ է` նկատի առնելով, որ ինք չի կրնար ներկայացնել Արցախը բանակցութեանց ընթացքին, որովհետեւ ինք Արցախի ժողովուրդին կողմէ չէ ընտրուած:
բ.- Կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն նաեւ կը հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը:
գ.- Կառավարութիւնը նաեւ մտադիր է իր յարաբերութիւնները զօրացնել Ռուսիոյ եւ այլ Եւրասիական եւ ԵԱՀԿ երկիրներու հետ:
դ.- Կառավարութեան ծրագիրին մէջ են նաեւ Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Չինաստանի եւ Վրաստանի հետ կապերու ամրապնդումը:
3.- Պաշտպանութիւն եւ անվտանգութիւն
ա.- Կառավարութեան ծրագիրէն մեծ բաժին մը տրամադրուած է այս օրակարգին: Ծրագիրին մէջ կը յիշուի նոր եւ արդիական զինամթերքի ձեռքբերումը, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ռազմական օդային տորմիղի զօրացումը ու նաեւ` հակաօդային պաշտպանողական սարքերու արդիականացումը:
4.- Փտածութեան դէմ պայքար
ա.- Կառավարութիւնը պիտի շարունակէ փտածութեան դէմ արդէն իսկ սկսած պայքարը:
բ.- Կառավարութիւնը առաջարկած է յատուկ դատական մարմինի մը ստեղծումը` փտածութեան դէմ պայքարին համար:
գ.- Կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ապահով կողոպտուած պետական գումարներու վերադարձը:
դ.- Կառավարութիւնը պիտի պայքարի անօրէն ձեւերով դրամագլուխի «արտագաղթը» կասեցնելու համար:
Կառավարութեան այս ծրագիրը բաւական բարդ բանավէճեր ստեղծեց Ազգային ժողովի նիստերուն ընթացքին: Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը յայտարարած է, որ կան որոշ կէտեր, որոնք դրական տպաւորութիւն կը ձգեն քաղաքացիներուն վրայ, սակայն ներկայացուած ծրագիրը տնտեսական յեղափոխութիւն չի սեպուիր:
«Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւոր եւ Ազգային ժողովի տնտեսական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Բաբգէն Թունեանը ընդունած է, որ ծրագիրը հաստատ ձեւերով չէ ներկայացուած, ինչ կը վերաբերի տնտեսական ցուցանիշներու, սակայն ան պնդած է, որ ժողովուրդն է միակ դատախազը, որ հինգ տարիներ ետք պիտի որոշէ, թէ ծրագիրը լաւապէս իրագործուա՞ծ է, թէ՞ ոչ:
Ծրագիրը մանրամասնօրէն գրուած է, սակայն հարկ է յիշել, որ որոշ կէտեր նախկին ծրագիրէն ընդօրինակուած կը թուին, ինչպէս` 5 առ հարիւր տարեկան տնտեսական աճի պարագան: Այլ տեղ ծրագիրը մեծ վերնագիրներ արձանագրած է, սակայն ո՛չ ժամկէտներ յիշուած են, ո՛չ ալ` նախատեսուած տոկոսներ կամ այլ ցուցանիշներ` օրինակ, ծրագիրը կ՛ըսէ, որ պիտի ջանայ ձերբազատիլ ծանր աղքատութեան պարագաներէն, որոնք ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան մօտաւոր 30 առ հարիւրը կը ներկայացնեն: Այլ տարօրինակութիւն մըն է վարչապետ Փաշինեանին պատասխանը, երբ կը հարցուի տնտեսական ցուցանիշներու անյստակութեան կամ չէզոքացնելու մասին, ան կը պատասխանէ` ըսելով, որ տնտեսական թիւերը տարածուած են Հայաստանի քաղաքացիներուն վրայ` աւելցնելով, թէ կախում ունի քանի՛ քաղաքացի պիտի ըլլայ տնտեսական «գործիչ»:
Տնտեսական իմաստով, բաւական անյստակ ծրագիր մըն է, որ կ՛ընդգրկէ հսկայ վերնագիրներ` մասամբ ըլլալով անգործնական: Այս կառավարութիւնը ունի հինգ տարի` իրագործելու այս ծրագիրը, սպասենք, մնանք յոյսով, որ այս բոլոր ծրագիրները պիտի իրագործուին: Յոյսով ենք, որ Հայաստանի տնտեսութիւնն ալ չդառնայ գորդեան հանգոյց մը… Չէ՞ որ Աստուած կը սիրէ մեզ…