Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն մասնակցեցանք Համազգայինի 90-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Ծրագրումէ, վաւերացումէ, կազմակերպչական աշխատանքները դասաւորելէ ետք սկսանք կապ հաստատել Համազգայինի անմիջական մօտիկ անձերու հետ, որպէսզի ձեռնարկներուն իրենց մասնակցութեամբ գէթ բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերեն:
Հանդիպեցանք բարերարներու, երբեմն` կուսակցական եւ հոգեւորական անձնաւորութիւններու:
Հրաւէրը Համազգայինի 90-ամեակի ձեռնարկն էր: Հայաստանէն հրաւիրուած էին արուեստագէտներ: Մենաներկայացում, թատրոն, ճաշկերոյթ, հանդիսութիւն եւ երգահանդէս:
Մերժումները:
Ամէնէն շատ մերժողները պատճառաբանեցին, որ իրենց տիկինները հիւանդ են:
Երկրորդ, ըստ երեւոյթին, նախորդ շաբաթ շատ ճամբորդող կար: Այսինքն ըսողներ եղան, որ ճամբորդած կ՛ըլլան այդ ատեն: Ուրիշներ ալ նեղուած են այս կամ այն պատճառով:
Ընդհանրապէս այս մէկը ցոյց կու տայ, որ գաղութին մէջ կայ մեծամասնութիւն մը, որ անտարբեր է այլեւս մեր կառոյցներու յոբելեաններով, ձեռնարկներով ու ճաշկերոյթներով:
Բարեկամ մը ըսաւ, որ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ժամանակաշրջանին զուգադիպէր 90-ամեակը, բաւական թեկնածուներ կը տողանցէին ձեռնարկներուն: Այն ատեն ալ առջեւի շարքերը նստելու կռիւ կը ծագէր:
Չեմ գիտեր` ի՛նչ ըսեմ: Սակայն ընդգծեմ, որ սխալ բան մը կայ: Ամէն առիթով մենք մեզմով ուրախանալու վիճակ մը ստեղծուած է: Պէտք է անպայման եւ անյետաձգելի կերպով մտահոգուինք տիրող կացութեամբ:
Արտակարգ ճիգերով սրահ լեցնելը վարպետութիւն չէ: Ժամանակին մարդիկ ինքնակամ, բնական ձեւով կու գային, իրենցը կը զգային, կը տագնապէին, կը յուզուէին, կը նուիրէին, կը կապուէին:
Այսօր անտարբերութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ կազմակերպող միութեան անդամները նոյնիսկ ներկայ չեն ըլլար:
Ուրիշներ պարտականութեան համար կու գան եւ ամբողջ ձեռնարկի ընթացքին ընթացքի հեռաձայնով կը զբաղին:
Եթէ այս ամէնէն ետք «ամէն բան լաւ է» պէտք է ըսենք ու շարունակենք, շա՛տ լաւ, շարունակենք, նայինք` ո՛ւր կը հասնինք: